MAP

«Երիտասարդներուն կ՛ըսեմ. մի վախնաք. Ընդուեցէք Եկեղեցւոյ եւ Քրիստոսի հրաւէրը». Լեւոն ԺԴ

Սրբազան Պապը գլխաւորեց Քահանայապետութեան անդրանիկ Մարեմեան աղօթքը պարգեւ համարելով իր առաքելութեան առաջին կիրակին սկսիլ Բարի Հովիւի կիրակիով, ապա ողջունեց իրենց այս օրերուն իրենց Յոբելեանը ապրող նուագախումբերու ժողովրդային թատերախաղերու անդամները, ապա աղօթք խնդրեց կոչումներուն համար, յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, եւ հրաւիրեց որ իւրաքանչիւրս մէկը միւսին համար ըլլանք հովիւներ զիրար օգնենք փոխադարձաբար ու քալենք սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 11 Մայիս 2025-ին անցեալ հինգշաբթի օր` 8 մայիսին, իր եղբայրակից կարդինալներուն կողմէ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուած Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը, իր Քահանայապետրութեան առաջին Մարեմեան Աղօթքը գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն ի ներկայութեան հազարաւոր հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն, որոնք ներխուժած էին Սուրբ Պետրոս հրապարակ ներկայ գտնուելու ու Քահանայապետին հետ միասին աղօթելու «Ուրախ Լեր Թագուհի երկնից» Մարեմեան աղօթքը, որ ընդհանրապէս կ՛արտասանուի Յիսուսի Յարութեան տօնէն ետքը մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը։

Ան այս առիթով ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի Կիրակի,

Աստուծոյ պարգեւ կը համարեմ այն բանը` որ իմ Հռոմի Եպիսկոպոսի ծառայութեան առաջին Կիրակին նուիրուած է Բարի Հովիւին, որ Զատկուայ չորրորդ կիրակին է։ Այս կիրակիին առիթով պատարագի ընթացքին կ՛ընթերցուի Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանի տասներորդ գլուխը, ուր Յիսուս ինքզինք կը յայտնէ որպէս Իրական Հովիւը, որ կը ճանչնայ եւ կը սիրէ իր ոչխարները ու անոնց համար իր կեանքը կու տայ։

Եօթանասուներկու տարիներէ ի վեր այս կիրակի օրը կը յիշատակուի Կոչումներու համար աղօթքի Համաշխարհային օրը։ Միւս կողմէ այսօր Հռոմը կը հիւրընկալէ նուագախումբերու եւ ժողովրդային թատերախաղերու Յոբելեանը։

Սիրով կ՛ողջունեմ բոլոր այս ուխտաւորները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց, որովհետեւ իրենց երաժշտութեամբ եւ իրենց ներկայացումներով հաճելի կը դարձնեն տօնը` Քրիստոս Բարի Հովիւի տօնը։ Այո Ան է` որ կը ղեկավարէ Եկեղեցին իր Սուրբ Հոգիին հետ միասին։

Յիսուս Աւետարանին մէջ կը հաստատէ, որ կը ճանչնայ իր ոչխարները ու թէ անոնք մտիկ կ՛ընեն Իր ձայնին ու Իրեն կը հետեւին (Հմմտ Յովհ. 10,27). Յիրաւի, այնպէս ինչպէս կը սորվեցնէ Մեծն Սուրբ Գրիգոր Պապը. մարդիկ «կը համապատասխանեն իրենց սիրողի սիրոյն» (Քարոզ 14, 3-6)։

Այսօր ուրեմն եղբայրներ եւ քոյրեր, ուրախութիւնն ունիմ ձեզի հետ ու համայն Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ միասին աղօթելու կոչումներուն համար, մասնաւորապէս քահանայական ու կրօնական կեանքի կոչումներուն համար։ Եկեղեցին մեծապէս կարիքը ունի այս աղօթքին։

Եւ կարեւոր է նաեւ որ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները իրենց հասարակութիւններէն ներս գտնեն հիւրընկալութիւն, ունկնդրութիւն ու քաջալերանք, իրենց կոչումի ուղեւորութեան մէջ, ու կարողանան վստահիլ Աստուծոյ ու եղբայրներուն վեհանձնօրէն նուիրուած անձերու հաւատալի օրինակներու վրայ։

Մերը ընենք հրաւէրը` զոր Ֆրանչիսկոս Պապը թողուց այս օրուան նուիրուած իր Պատգամին մէջ. Հրաւէրը ընկալելու եւ ընկերանալու երիտասարդներուն ։ Եւ Երկնաւոր Հօրմէն խնդրենք, որպէսզի, իւրաքանչիւրս իր կարգավիճակի համաձայն, մէկը միւսին համար ըլլանք հովիւներ «համաձայն Անոր սրտին» ” (Հմմտ. Երեմ 3,15), կարող` օգնելու մէկը միւսին փոխադարձաբար ու քալելու սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։  Եւ երիտասարդներուն կ՛ըսեմ. «Մի վախնաք. Ընդուեցէք Եկեղեցւոյ եւ մեր Տէր` Քրիստոսի հրաւէրը

Սուրբ Կոյս Մարիամը, որուն կեանքը ամբողջութեամբ եղաւ պատասխան Տիրոջ կոչումին, թող մեզի ընկերանայ միշտ Յիսուսի քայլերուն վրայ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2025, 12:08

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >