Լեւոն ԺԴ.ը Ծիրանաւորներուն. Թող եկեղեցին արձագանգէ ճարտարարուեստական յեղափոխութեան եւ արհեստական բանականութեան զարգացումներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ նորընտիր Պապը, այսօր՝ 10 մայիսին, առաւօտեան, դռնփակ հանդիպում ունեցաւ, կարդինալական դասին անդամներուն հետ ու անոնց ուղղեց երախտագիտութեան եւ մխիթարութեան պատգամ մը՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի վախճանումին եւ Քոնքլավի համատեղ նուիրուածութեան կապակցութեամբ։
Իր խօսքին մէջ Ան յիշեցուց, որ առաջնորդութիւնը կու գայ Սուրբ Հոգիէն եւ պէտք է որ յոյսը դնել հաւատքի, աղօթքի եւ աշխարհի հաւատացեալներուն աջակցութեան վրայ ու շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալներուն եւ համագործակիցներուն իրենց ծառայութեան համար՝ ընդգծելով Ֆրանչիսկոս Պապին խոնարհութեան եւ նուիրուածութեան օրինակը, հրաւիրելով ծիրանաւորները, Ֆրանչիսկոս Պապին մահն ու Քոնքլավը դիտարկելու որպէս Զատկական իրադարձութիւն, որ եկեղեցւոյ յոյսի եւ նորացման խորհրդանիշն է։
«Այս պահուն՝ միաժամանակ տխուր եւ ուրախ, նախախնամօրէն պարուրուած Զատկուան լոյսով, պիտի փափաքէի, որ միասնաբար նայինք Հանգուցեալ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան եւ Քոնքլավին՝ որպէս Զատական իրադարձութիւն, երկարատեւ արտագաղթի փուլ մը, որուն միջոցաւ Տէրը կը շարունակէ մեզ առաջնորդել դէպք կեանքի լիութիւն եւ այս հեռանկարին մէջ «ողորմած Հօր եւ Մխիթարութեան Աստուծոյ» (Բ Կորնթ. 1:3) վստահինք Հանգուցեալ Պապին հոգին եւ եկեղեցւոյ ապագան», ըսաւ Լեւին ԺԴ։
Կարդինալներու փոխանցած խօսքին մէջ Ան յիշեցուց ապա Վատիկանի Երկրորդ Ժողովի եւ անոր սկզբունքներուն կարեւորութիւնը, ինչպէս Քրիստոսի գերակայութիւնը, սինոդականութիւնը եւ ուշադրութիւնը փոքրիկներուն նկատմամբ.
«Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշեց եւ թարմացուց անոր բովանդակութիւնը, «Evangelii gaudium» առաքելական յորդորին մէջ, որուն մասին կը փափաքիմ ընդգծել մի քանի հիմնարար օրինակներ՝ վերադարձը Քրիստոսի Գերակայութեան՝ հռչակելու մէջ, (տե՛ս համար 11), ողջ Քրիստոնէական համայնքի միսիոներական դարձը, (տե՛ս համար 11), սինոդականութեան եւ հաւաքականութեան աճը, (համար 33), ուշադրութիւն դարձնելով «sensus fidei»-ին (տե՛ս համար 119-120), յատկապէս անոր ամենաճշգրիտ եւ ներառական ձեւերով, ինչպէս ժողովրդական բարեպաշտութիւնը, (տե՛ս համար 123), սիրոյ հոգատարութիւնը մերժուածներուն, վերջիններուն նկատմամբ, ( համար 53), քաջարի եւ վստահելի երկխօսութիւնը ժամանակակից աշխարհի հետ՝ իր տարբեր բաղադրիչներով եւ իրականութիւններով, (CONCILIO VATICANO II, Cost. Past. Gaudium et spes, 1-2), ըսաւ Նորընտիր Պապը ու այս առումով շարունակեց իր պատգամը ըսելով. «Այս պատճառով ես ինծի համար կոչում զգացի շարունակելու այս ճանապարհը, մտածեցի առնել Լեւոն ԺԴ անունը»։
«Փաստօրէն, Լեւոն ԺԳ Պապը, պատմական «Rerum novarum» կոնդակով անդրադարձաւ ընկերային հարցին՝ առաջին մեծ ճարտարարուեստական յեղափոխութեան շրջանակէն ներս եւ այսօր եկեղեցին բոլորիս կը շնորհէ անոր ընկերային վարդապետութեան ժառանգութիւնը՝ արձագանգելու համար այլ ճարտարարուեստական յեղափոխութեան եւ արհեստական բանականութեան զարգացումներուն, որոնք նոր մարտահրաւէրներ կը բերեն մարդկային արժանապատուութեան, արդարութեան եւ աշխատանքի պաշտպանութեան համար» բացատրեց Նորին Սրբութիւնը։
Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը պատգամը աւարտեց հրաւիրելով կարդինալական դասի անդամները ապրելու եւ տարածելու հաւատքն ու սէրը աշխարհին մէջ, հետեւով Սուրբ Պօղոս Զ-ի օրինակին, որպէս հաւատքի եւ յոյսի կրակ, որ կը լուսաւորէ մարդկութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ