Լեւոն ԺԴ.-ի անդրանիկ այցը Սուրբ Պօղոս պազիլիքա ու աղօթքը Սուրբ Պօղոսի դամբանին մօտ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Երեքշաբթի` 20 Մայիս 2025-ի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական տաճարը, ուր տեղի ունեցա- յատուկ ծիսակատարութեան ընթացքին աղօթեց հեթանոսներու առաքեալի գերեզմանին մօտ։
Այս մէկը Լեւոն ԺԴ.-ի Քահանայապետական առաջին այցելութիւնն էր Սուրբ Պօղոսի տաճար, ուր Ան աղօթքի արարողութեան ընթացքին կատարուած սուրբ գրային ընթերցումներէն ետքը ներկայացուց նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզը, զայն կեդրոնացնելով յատկապէս Սուրբ Պօղոս առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղուած նամակին վրայ, «որուն պատգամը կը շրջի երեկ մեծ նիւթերու շուրջ. շնորհքը, հաւատքը եւ արդարութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։
«Մինչ այս նոր Քահանայապետութեան սկիզբը կը վստահինք Հեթանոսների Առաքեալի բարեխօսութեան, եկէք միասին խորհրդածենք անոր պատգամի մասին» հրաւէր ուղղեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով նախ կոչումի Շնորհքին, զոր Սուրբ Պօղոս կ՜ըսէ որ ստացաւ Աստուծմէ։
«Ան կը ճանչնայ, որ Քրիստոսի հետ իր հանդիպումը եւ իր առաքելութիւնը զօդուած են այն սիրոյն որով Աստուած զինք կանխեց, զայն կոչելով նոր կեանքի մը, մինչ ինք տակաւին հեռու էր Աւետարանէն ու կը հալածէր Եկեղեցին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.-ը օրինակ բերելով նաեւ, այլ դարձի եկող մը` Սուրբ Օգոստինոսը, որ խօսելով նոյն փորձառութեան մասին կ՛ըսէ. «Ի՞նչ կարող ենք ընտրել, եթէ նախ մեն չենք ընտրուած։» Իրականին մէջ, եթէ մենք նախ չենք սիրուած, նոյնիսկ չենք կարող սիրել (Ճառ 34, 2)։
«Իւրաքանչիւր կոչումի արմատը Աստուած է՝ անոր ողորմութիւնը, անոր բարութիւնը, առատաձեռն նման մօր մը վեհանձնութիւնը (տե՛ս Եսայի 66։12-14), որ բնականաբար, իր մարմնի միջոցաւ կը կերակրէ իր երեխան, երբ ան տակաւին անկարող է ինքզինք կերակրել» ըսաւ Քահանայապետը։
«Պօղոս նոյն հատուածին մէջ կը խօսի «հաւատքի հնազանդութեան» մասին» շարունակեց Լեւոն ԺԴ.-ը, ակնարկելով Սուրբի դարձին Դամասկոսի ճանապարհին վրայ, որով Տէրը անոր «հնարաւորութիւն ընծայեց ընտրանք մը կատարելու», զոր Սուրբը յօժարեցաւ դիմագրաւել, հակառակ դժուարութիւններուն։
«Փրկութիւնը արդարեւ կու գայ շնորհքի ու հաւատքի խորհուրդի միջոցաւ, Աստուծմէ եկած սէրէ մը, ու մարդու կողմէ այն սիրոյն ազատ ու վստահելի յանձնումով» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները գոհութիւն մատուցելու Տիրոջ Սաւուղի դարձին համար ու մեր կարգին եւս Տիրոջմէ հայցելու որ «գիտնանք առաքեալին նման պատասխանել մեզի ուղղուած հրաւէրներուն, դառնալով սիրոյ վկաները որ «զեղուած է մեր սրտին մէջ Սուրբ Հոգիին շնորհիւ» (Հռոմ. 5,5)։ Անորմէ հայցենք գիտնալ մշակել ու տարածել իր սէրը մենք մեզ մօտիկ դարձնելով մէկը միւսին (հմմտ. Ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ Պօղոս առաքեալի դարձի տօնի ժամասացութեան քարոզ 25 Յունուար 2024) յարեց իր միջից այլոց Լեւոն ԺԴ.ը։
«Այս տաճարը դարերէ ի վեր վստահուած է Պենետիկտեան միաբանութեան » նշեց ապա Ան այս առնչութեամբ յիշելով նաեւ միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Պենետիկտոսը ու անոր եղբայրական սիրոյ ի նպաստ ուղղած յաճախակի կոչերը ու Սուրբ Պենետիկտոսէն անցաւ Պենետիկտոս ԺԶ.-ի խօսքերուն` ուղղուած երիտասարդներուն. «Սիրելի՛ բարեկամներ,Աստուած մեզ կը սիրէ։ Սա մեր կեանքի մեծ ճշմարտութիւնն է և իմաստ կու տայ մնացած ամէն ինչին […] Մեր գոյութեան ակունքներուն մէջ կայ Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը», և հաւատքը մեզ կ՛ առաջնորդէ «բանալու մեր սրտերը սիրոյ այս խորհուրդին առջև և ապրելու որպէս մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք կը ճանչնան որպէս Աստուծոյ կողմէ սիրուած» (Քարոզ երիտասարդների հետ աղօթքի հսկումին ժամանակ, Մատրիտ, 20 օգոստոսի 2011թ.):
«Հոս է ահա իւրաքանչիւր առաքելութեան պարզ ու եզակի արմատը, նաեւ իմ առաքելութեանս` որպէս Պետրոսի յաջորդ և Պօղոսի առաքելական եռանդի ժառանգորդ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը քարոզի աւարտին հայցելով որ Տէրը իրենց շնորհքը պարգեւէ հաւատարմօրէն արձագանքելու Անոր կոչին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ