«Շնորհակալութիւն ձեզի» Լեւոն ԺԴ Պապին առաջին այցը Հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան պալատը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 8 մայիսին, երեկոյեան Լեւոն ԺԴ Պապը, քահանայապետ ընտրուելէ ետք, այցելեց այն վայրը, ուր կը բնակէր եօթը շաբաթէ ի վեր։
Ինքնաշարժով վերոյիշեալ պալատը ժամանումին Լեւոն ԺԴ Պապը մեծ ուրախութեամբ եւ ծափահարութիւններով դիմաւորուելով ողջունեց ներկաները ապա սպասներէն լեզուով խօսքեր փոխանակեց Մեքսիքոյէն եւ Վենեզուելայէն ժամանած կարգ մը հաւատացեալներուն հետ, որոնց շարքին էր նաեւ Ֆրանսացի, Քոյր Նաթալի Պէքուար, որ եպիսկոպոսներուն սինոտի ենթաքարտուղարն է։ Քոյր Նաթալի իր Իքս կայքին վրայ գրառում կատարելով նշեց, «Ուրախ եմ հանդիպելու եւ շնորհաւորելու մեր սինոդական պապը, որ կը վերադառնայ մեր պալատ` ուր կ՝ապրէր ։
Միքէլա անունով փոքրիկ աղջիկ մը եւս քահանայապետին մօտենալով իրմէ խնդեց, որ օրհնէ եւ ստորագրէ Սուրբ գիրքը։ Քահանայապետը ուրախութեամբ ընդունելով աղջկան խնդրանքները զուարթամտութեամբ ըսաւ հետեւեալ խօսքը «Պէտք է որ, ստորագրութեան մի քանի փորձեր կատարեմ, որովհետեւ հինը այլեւս չծառայեր։ Քահանայապետը հրաժեշտ առնելէ առաջ օրհնեց հաւատացեալները ու իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, «Շնորհաւոր ըլլայ, շնորհակալութիւն ձեզի»
Նշենք, թէ Քահանայապետը չմերժեց նաեւ ներկաներուն իր հետը «սելֆի» նկարներ առնելու խնդրանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ