Աշխարհի տարբեր մասերէն աւելի քան 150 պատուիրակութիւն՝ Լևոն ԺԴ.-ի Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 18 Մայիս 2025-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած յատուկ ու խորհրդանշական արարողութեամբ պաշտօնապէս սկիզբ առաւ` անցեալ 8 Մայիսին, պապընտիր կարդինալական դռնփակ ժողովի ընթացքին Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդ ու Հռոմի 267-րդ Եպիսկոպոս ընտրուած Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի Պետրոսեան առաքելութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր երկիրներ ու պետութիւններ ներկայացնող 150-է աւելի պատուիրակութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ մի քանի օրեր առաջ մասնակցած էր նաեւ երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապի յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Պատուիրակութիւններ
Պատուիրակութիւններու շարքին էին նաեւ Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան, Փերույի նախագահ Տինա Էրչիլլա Պոլուարթէ Ծեկարրան ու այլ նախագահներ ինչպէս Լիբանանի նախագահը Ժոզէֆ Աուն կամ Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտան։ Ապա կային թագաւորական ընտանիքները ինչպէս Սպանիայի, Պելճիքայի եւ Մոնաքոյի թագաւորական ու իշխանական ընտանիքի անդամները, հուսկ Եւրոպական Միութեան հաստատատպութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները` որոնց շարքին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն տըր Լայընը եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ` Ռոպերթա Մեթսոլան։
Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս Հրեայ, Իսլամ, Հինտու, Պուտտիթ... եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ` ինչպէս Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա եւ հայ առաքելական եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները` Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռէն` Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը, Գերշ. Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելական պատուիրակ եւ Հայր Տրդատ Ուզունեանը, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ ու Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Դանիէլեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդը հուսկ Երուսաղէմի պատենաւորութիւնէն Կորիւն Սրբազան Բաղդասարեանը` Պատրիարքարանի անշարժ գոյքի բաժնի տնօրէն եւ Աւագ Քահանայ Աղան (Թաթուլ) Գոգչեան։
Քահանայապետին ողջոյնը հաւատացեալներուն
Սուրբ պատարագէն մէկ ժամ առաջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ բացուած «Arco delle Campane – Զանգակներու կամար» անուամբ մուտքէն Քահանայապետական սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժով դուրս եկաւ շրջանը կատարելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին եւ «Վիա Տելլա Քոնչիլիացիոնէ» պողոտային, ողջունելով այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալները, որ ըստ որոշ տուաելներուն մօտ 200 հազար հոգի էին, որոնք առաւօտեան կանուխէն շարք բռնելով հասած էին այդ վայր, իրենք եւս առիթը ունենալու մասնակից դառնալու այս պատմական եղելութեան։
Յայտնենք` որ իր քահանայապետ ընտրուելէն ետքը այս առաջին անգամն էր որ Լեւոն ԺԴ. կը գործածէ Քահանայապետական բացօթեայ ինքնաշարժը «փափամոպիլէն»
Սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ աղօթք
Այսօրուան ծիսակատարութիւնը որ ժամանակին կը կոչուէր «գահակալութիւն» բայց այսօր «Պետրոսեան առաքելութեան պաշտօնական սկիզբ» ունի խորհրդանշական պահեր որոնցմէ առաջինը, նորընտիր Քահանայապետին յարգանքի տուրքն է Քրիստոսի Եկեղեցւոյ առաջին Հովիւ` Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբանին, զոր Քահանայապետը կատարեց Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքներու հետ միասին, որոնք այս առիթով Հռոմ ժամանած են եւ որոնց շարքին էր նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Պալիումի ու մատանիի յանձնումը
Հուսկ պատարագի ժամանակ նորընտիր Քահանայապետին կը յանձնուին երկու խորհրդանշական նշաններ` Պալիումն ու Ձկնորսի մատանին, որոնց յանձնումը վստահուեցաւ տարբեր ցամաքամասերէ երեք կարդինալներու` Իտալացի Ծիրանաւոր Մարիօ Զենարին, որ կը պատկանի կարդինալական դասի սարկաւագական կարգին, որ Քահանայապետին կը յանձնէ Պալիումը, ապա Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութենէն Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզունկոն, որ կը պատկանի կարդինալական Քահանայական կարգին որուն կ՛իյնայ յատուկ աղօթք մը կատարել նոր Քահանայապետին վրյա հայցելով Տիրոջ հովանին հուսկ Ֆիլիփինցի Կարդինալ` Լուիս Անթոնիօ Կոքիմ Թակլէն, Եպիսկոպոսական կարգէն որ Քահանայապետին կը յանձնէ Ձկնորսի Մատանին։
Նշենք` որ Պալիումը կամ եմիփորոնը կը խորհրդանշէ եպիսկոպոսին կամ կաթողիկոսին ամբողջական նուիրումը, անոր ամբողջապէս խաչուած ըլլալը` իր հինգ զգայարանքներով, մեղքերու և աշխարհիկ ցանկութիւններու համար մեռնիլը և միայն Քրիստոսի խաչը իր անձին մէջ կրելը: Իսկ ձկնորսի մատանին կը խորհրդանշէ Ս. Պետրոսը որ ձկնորս առաքեալ է։ Ան դարձաւ մարդկանց ձկնորս։ Ձկնորսի մատանին ունի կնիքի մատանիի իւրայատուկ արժէքը, որ արմատապէս կը հաստատէ հաւատքը, առաջադրանք, որ վստահուած էր Պետրոսին՝ իր եղբայրները հաստատելու համար հաւատքի մէջ։ Մատանիի վրան փորագրուած է Ս. Պետրոսը ուռկանով եւ բանալիներով։
Հնազանդութեան արարողութիւնը
Վերոնշեալ խորհրդանիշերու յանձնումէն ետքը նախատեսուած է «հնազանդութեան ներգործութեան» արարողութիւնը որուն համար ընտրուեցան Քանատացի Կարդինալ Ֆրանք Լէոն, Պրազիլէն Կարդինալ Ժէյմ Սփենկլերը եւ Փափուա նոր Կինէայէն Կարդինալ Ժոն Ռիպաթը։ Հնազանդութեան արարողութեան կը մասնակցին նաեւ Փերուէն եպիսկոպոս մը` Գերապ. Լուիս Ալպերթօ Պարրերա Փաքեքոն, ապա քահանայ ու սարկաւագ մը, ինչպէս նեաւ երկու կրօնաւորներ` Քոյր Oonah O’Shea` Իգական Միաբանութիւններու մեծաւորներու միջազգային միութեան նախագահ եւ Հայր Արթուրօ Սոզա որ Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր նմեծաւորն է, ապա ամուսնացեալ զոյգ մը եւ երկու երիտասարդներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ