MAP

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը պատարագ մատուցեց Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբանին մօտ

Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կանգ առաւ աղօթելու իր նախորդներուն շիրիմներուն մօտ ու Սուրբ Պետրոսի աճիւնները պահպանող Եմիփորոններու Խորշին մօտ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կիրակի 11 Մայիսին հրատարակած հաղորդագրութեամբ տեղեկացուց որ «այսօր առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ-ը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի քարայրներուն մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամանին մօտ գտնուող խորանին վրայ։ Նորին Սրբութեան հետ համապատարագեց Օգոստինեան Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը Հայր Ալեխանտրօ Մորալ Անթոնը։

Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կանգ առաւ աղօթելու իր նախորդներուն շիրիմներուն մօտ ու Սուրբ Պետրոսի աճիւնները պահպանող Եմիփորոններու Խորշին մօտ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2025, 11:58