Լեւոն ԺԴ Պապին անակնկալ այցը Օգոսթինեան միաբանութեան մայրավանքը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 13 Մայիսին, կէսօրին, Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնին օրը, Լեւոն ԺԴ քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն տուաւ Վատիկանի կողքին գտնուող Օգոստինեաններու մայրավանք՝ ուր 12 տարի՝ 2001էն մինչեւ 2013 բնակած էր, երբ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր էր։
Սեւ ինքնաշարժով Վատիկանէն մի քանի մեթր հեռու Պերնինիին սիւնաշարին մօտ գտնուող Օգոստինեաններու մայրավանք փոխադրուելով Լեւոն ԺԴ Պապը այցելեց իր կրօնական ընտանիքին, ուր համակեցութեան մթնոլորտը, օրէնքներուն առաջինն է, քանի, որ ան սահմանուած է Իփփոլիայի եպիսկոպոսի կողմէ իր միաբանակիցներուն կեանքի կանոններուն մէջ։
Օգոսթիննեաներուն մայրավանքին մէջ Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը մատուցեց Սուրբ պատարագ ապա իր եղբայրակիցներուն հետ կիսեց կէսօրուան ճաշը։
Նորին Սրբութեան այցելութիւնը աւարտեցաւ յետմիջօրէին ժամը 3-ին։ Հարիւրաւոր հաւատացեալներ հաւաքուելով վանքին մայր մուտքի առջեւ սպասեցին որ քահանայապետը դուրս գայ ու զայն ընկալեցին մեծ ուրախութեամբ եւ ծափահարութիւններով։
Օգոսթինեաններուն ընդհանուր մեծաւոր, Հայր Աթէխանտրօ Մորալ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հաղորդեց, որ Քահանայապետը Սուրբ պատարագ մատուցեց վանքին մէջ ապա կիսեց կէսօրուան ճաշը եւ ունեցաւ առանձնական զրոյց իր եղբայրակիցներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ