Լեւոն ԺԴ. Պապը կրօնապետերուն. «Ո՛չ» ըսենք պատերազմին, վերազինումին եւ աղքատացնող տնտեսութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]Երկուշաբթի, 19 մայիսին, Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց երեկ՝ կիրակի 18 Մայիսին, Պետրոսեան առաքելութեան սկիզբի պատարագի մասնակցող քոյր եկեղեցիներու, եկեղեցական հաստատութիւններու եւ այլ կրօններու ներկայացուցիչները անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը որուն սկիզբը Իր եղբայրական ջերմ զգացումները փոխանցեց, Նորին Սրբութիւն Բարթողոմէոսին, Գերերջանիկ Թեոփիլոս Գ-ի եւ Նորին Սրբութիւնը Մար Ավա Գ-ի, բարձր գնահատելով անոնց ներկայութիւնն ու աղօթքը։
Ֆրանչիսկոս Պապին յիշատակը
Լեւոն ԺԴ. ապա յիշեց Ֆրանչիսկոս քահանայապետը ըսելով որ Ան յատկանշուեցաւ համընդհանուր եղբայրութեան խթանումով, մասնաւորապէս՝ ամրապնդելով իր նախորդներուն Յովհաննէս ԻԳ-ի նախաձեռնութիւնները եւ «Fratelli Tutti» շրջաբերականով խթանեց համամիութենական եւ միջ կրօնական երկխօսութիւնը՝ կեդրոնանալով մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ եւ գնահատելով հանդիպումներու մարդկային կողմը՝ առանց անտեսելու եկեղեցական կապերը։ «Յոյսով ենք` որ Աստուած կ՝օգնէ մեզի՝ սորվելու այս վկայութիւններէն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.-ը։
Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակը
Անդրադառնալով Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակին քահանայապետը նշեց որ իր ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ, «մինչ կը նշուի Նիկիոյ առաջին Տիեզերական ժողովի 1700 ամեակը»։
«Այդ ժողովը կը ներկայացնէ բոլոր եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներուն կողմէ կիսուող Հաւատոյ հանգանակի զարգացման հիմնարար փուլը։ Մինչ ուղեւորութեան մէջ ենք դէպի քրիստոնեաներու միջեւ լիակատար հաղորդութեան վերականգման գիտակից ենք, որ այս միութիւնը չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ հաւատքի մէջ միութիւն։ Որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս, իմ հիմնական պարտականութիւններէն մէկը կը համարեմ վերականգնել լիակատար եւ տեսանելի հաղորդութիւն, բոլոր անոնց միջեւ, որոնք կը դաւանին նոյն հաւատքը՝ Հօր, Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի հանդէպ» յարեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։
«In Illo uno unum - Միակ Քրիստոսի մէջ մենք մէկ ենք» նշանաբանը
Ան ապա ակնարկեց իր «In Illo uno unum - Միակ Քրիստոսի մէջ մենք մէկ ենք» նշանաբանին ըսելով. «Իրականութեան մէջ միութիւնը միշտ եղած է իմ մշտական մտահոգութիւնը, ինչպէս ցոյց կու տայ իմ եպիսկոպոսական ծառայութեան համար ընտրած նշանաբանը՝ «In Illo uno unum», Սուրբ Օգոստինոսի արտայայտութիւնը, որ մեզի կը յիշեցնէ թէ, շատ ըլլալով հանդերձ՝ «Այդ Միակին մէջ, որ է Քրիստոս՝ մէկ ենք։ (Enarr. in Ss., 127, 3):
Մեր հաղորդութիւնը արդարեւ ձեռք կը բերուի այնքանով որքանով մենք միաւցած ենք Տէր Յիսուս Քրիստոսի մէջ, եւ որքան աւելի հաւատարիմ եւ հնազանդ ըլլանք Անոր, այնքան աւելի միասնական կ՛ըլլանք իրարու միջեւ։ Հետեւաբար որպէս Քրիստոնեաներ, մենք բոլորս կանչուած ենք աղօթելու եւ միասին աշխատելու՝ քայլ առ քայլ հասնելու համար այդ նպատակին։
Սինոդականութիւն եւ համամիութենականութիւն
Քահանայապետը խօսեցաւ սինոդականութեան եւ Համամիութենական մասին նշելով որ անոնք «սերտօրէն կապուած են» ու ասկէ մեկնելով հաստատեց թէ իր մտադրութիւնն է՝ «շարունակելու Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնառումը՝ խթանելու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդական բնոյթը եւ մշակելու նոր շօշափելի ձեւեր՝ համամիութենական ոլորտէն ներս աւելի խոր սինոդականութեան համար»։
«Այսօր՝ երկխօսութեան եւ կամուրջներ կառուցելու ժամանակն է» հաստատեց Լեւոն ԺԴ.-ը շնորհակալութիւն յայտնելով այլ կրօնական աւանդութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան համար, «որոնք կը կիսեն Աստուծոյ ու Անոր կամքի որոնումը, որ միշտ եւ միայն սիրոյ կեանքի կամքն է՝ այր մարդոց, կանանց եւ բոլոր արարածներուն համար», ըսաւ Ան ու ողջոյնի խօսքը ուղղեց այլ կրօններուն ներկայացուցիչներուն։
Ողջոյնի խօսք այլ կրօններուն ներկայացուցիչներուն
«Քրիստոնէութեան հրէական արմատներուն պատճառով, բոլոր քրիստոնեաները յատուկ կապ ունին հրէականութեան հետ. «Nostra aetate» Տիեզերական ժողովի հռչակագիրը (համար 4) կ՝ընդգծէ, քրիստոնեաներու եւ հրէաներուն ընդհանուր հոգեւոր ժառանգութեան մեծութիւնը՝ խրախուսելով փոխադարձ ճանաչումն ու յարգանքը։
«Քրիստոնեաներու եւ հրէաներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը, միշտ կը մնայ կարեւոր եւ սիրտիս մօտիկ։ Նոյնպէս այս դժուար ժամանակներուն, որոնք բնորոշուած են հակամարտութիւններէն եւ թիւրիմացութենէ, անհրաժեշտ է ոգեւորութեամբ շարունակել մեր շատ թանկարժէք երկխօսութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։
«Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ մահմետականներու միջեւ յարաբերութիւնները նշանաւորուեցան երկխօսութեան եւ եղբայրութեան նկատմամբ աճող նուիրուածութեամբ, որ խթանուած է այս եղբայրներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ յարգանքով, որոնք կ՝երկրպագեն մէկ Աստուծոյ, կենդանի եւ գոյատեւող, ողորմած եւ ամենակարող, երկինքն ու երկիրը ստեղծող, որ խօսեցաւ մարդկանց հետ» աւելցուց Լեւոն ԺԴ դիտել տալով` որ այդ մօտեցումը, «հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի եւ խիղճի ազատութեան վրայ» եւ «ամուր հիմք է մեր համայնքներուն միջեւ կամուրջներ կառուցելու համար»։
«Բռնութիւններէն եւ հակամարտութիւններէն վիրաւորուած աշխարհին մէջ, հոս ներկայացուած համայնքներուն իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունի իմաստութեան, կարեկցանքի, եւ նուիրուածութեան մէջ՝ մարդկութեան բարօրութեան եւ մեր ընդհանուր տան պաշտպանութեան համար» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը համոզում արտայայտելով, որ եթէ «մենք համաձայն եւ ազատ ըլլանք գաղափարախօսական եւ քաղաքական պայմանաւորուածութիւնէն, արդիւնաւէտ պիտի դառնանք պատերազմին «ո՛չ» եւ խաղաղութեան «այո՛», սպառազինութիւններուն մրցավազքին «ոչ՛» եւ զինաթափման «այո՛», ժողովուրդներն ու Երկիրը աղքատացնող տնտեսութեան «ոչ՛» եւ համապարփակ զարգացման «այո՛» ըսելու։
Սրբազան Պապը խօսքին աւարտին յոյս յայտնեց որ եղբայրութեան վկայութեամբ բոլորը միասին կարողանան «արդիւնաւէտ ժեսթերով» նպաստեն «աւելի խաղաղ աշխարհի մը կառուցման» ապա խօսքը եզրափակեց կրկին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու հրաւիրելով ի սրտէ հայցելու Աստուծոյ օրհնութիւնը։
«Թող Անոր անսահման բարութիւնն ու իմաստութիւնը օգնեն մեզի ապրելու որպէս իրարու միջեւ եղբայրներ եւ քոյրեր, որպէսզի յոյսը աճի աշխարհին մէջ։ Շնորհակալութիւն» եղան Լեւոն ԺԴ. եզրափակիչ բառերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ