Լեւոն ԺԴ. Պապը կը պահպանէ քահանապետական «ԻՔՍ» եւ «Ինսթակրամ» ընկերային ցանցերու հաշիւները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ Պապը, նաեւ իր նախորդներուն որդեգրած ուղիով կը շարունակէ ներկայ գնտուիլ ընկերային ցանցերուն վրայ։
2012 թուականին, Պենետիկտոս ԺԶ Պապը Twitter-ի մէջ բացած էր @Pontifex հաշիւը, ապա 2016 թուականին մարտ 19ին, աւելցուած է @Franciscus անունով պաշտօնական Instagram-ի էջը։
ԻՔՍ-ի հաշիւը
Հասանելի է Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի @Pontifex հաշիւը, որ արդեն օգտագործուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ու անորմէ առաջ Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ։ Էջին վրայ հաղորդագրութիւնները կը հրապարակուին ինը լեզուներով ու հասանելի են ընդհանուր առմամբ 52 միլիոն հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ գրուած են անգլերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, լեհերէն լեզուներով։
Instagram-ի հաշիւը
Մինչ՝ Instagram-ի հաշիւը կը կոչուի @Pontifex–MAP Leo XIV, որ Քահանայապետին միակ պաշտօնական էջն է՝ Ֆրանչիսկոս Պապին @Franciscus էջի շարունակութեամբ, որուն բովանդակութիւնը հասանելի կը մնայ, որպէս «Ad Memoriam» յիշատակի արխիւ։
Ֆրանչիսկոս Պապին հաշիւին վրայ կատարուած են աւելի քան 50 հազար գրառում
Ֆրանչիսկոս Պապին ընկերային ցանցին վրայ կատարուած են աւելի քան 50 հազար գրառում հրապարակուած Pontifex եւ @Franciscus, 9 տարեր լեզուներուն հաշիւներուն վրայ։
Գրեթէ ամէն օր կարելի է գտնել կարճ աւետարանական պատգամներ կամ յորդորներ՝ ի նպաստ խաղաղութեան, ընկերային արդարութեան, արարչագործութեան նկատմամբ հոգատարութեան։ 2020 թուականին, համաճարակի ժամանակը Ֆրանչիսկոս Պապին հաղորդագրութիւնները դիտուած եւ կարդացուած են 27 միլիարդ անգամ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ