MAP

Papa-Vance, conflitti e diritti umanitari tra temi

Լեւոն ԺԴ.-ի պաշտօնական հանդիպումներ եւ ունկնդրութիւններ

Սրբազան Պապը երէկ հանդիպեցաւ Փերույի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն հետ իսկ այսօր ընդունեց Վրաստանի նախագահը, ԱՄՆ-ի փոխ նախագահը, Աւստրալիայի Վարչապետը եւ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց համամիութենական ու միջկրօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն, որոնք երէկ մասնակցեցան Լեւոն ԺԴ.-ի Պետրոսեան Առաքելութեան սկիզբի պատարագին։ Ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ իր երբեմնի Թեմ Չիքլայոյէն ժամանած պատուիրակութեան անդամներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 18 Մայիսի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կայացած յատուկ ծիսակատարութեամբ, որուն մասնակցեցան աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու 150-է աւելի պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներ ու քոյր եկեղեցիներու կղերական դասի անդամներ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունելով պապական իշխանութեան խորհրդանիշերը` «Պալիում»ն ու «Ձկնորսի մատանին» պաշտօնապէս սկիզբ տուաւ իր Քահանայապետութեան եւ ահա այս պաշտօնական սկիզբէն ետքը Ան սկսաւ նաեւ իր Քահանայապետական պաշտօնական գործունէութիւնը, պատարագէն ետք հակիրճ ունկնդրութիւն շնորհելով նախ Փերույի Նախագահ` Տիկ. Dina Ercilia Boluarte Zegarra-յին, որ Հռոմ ժամանած էր վերոնշեալ ծիսակատարութեան առիթով, տրուած ըլլալով` որ Լեւոն ԺԴ նաեւ Փերույի քաղաքացի է, ուր առաքելական ծառայութիւն մատուցած էր քսան տարիներ ամբողջ, ապա ընդունեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զենելսքին ու անոր կողակիցը։

Լեւոն ԺԴ. եւ Փերույի նախագահր
Լեւոն ԺԴ. եւ Փերույի նախագահր   (ANSA)
Լեւոն ԺԴ. Ուքրանինոյ նախագահ
Լեւոն ԺԴ. Ուքրանինոյ նախագահ   (ANSA)

Իսկ այսօր` երկուշաբթի 19 Մայիսի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ` որոնցմէ առաջինը եղաւ ԱՄՆ-ի փոխ նախագահ Տիար James David Vance-ի հետ որուն կ՜ընկերանար նաեւ ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղար Marco Rubio-ն, ապա ընդունեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.-ը, որմէ ետքը ունկնդրութիւն շնորհեց համամիութենական ու միջկրօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն, որոնք երէկ մասնակցեցան Լեւոն ԺԴ.-ի Պետրոսեան Առաքելութեան սկիզբի պատարագին, հուսկ ընդունեց Արժանթինի արտգործ նախարար` Gerardo Werthein ապա Քոլոմպիայի նախագահ Gustavo Petro-ն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. ԱՄՆ-ի Պետական ներկայացուցիչներուն հետ
Լեւոն ԺԴ. ԱՄՆ-ի Պետական ներկայացուցիչներուն հետ   (@Vatican Media)

Սրբազան Քահանայապետը ապա հանդիպեցաւ Փերույի իր նախկին Թեմ` Չիքլայոյէն ժամանած պատուիրակութեան անդամներուն հետ, որմէ ետքը ունկնդրութիւն շնորհեց Աւստրալիայի Վարչապետ Anthony Albanese-ին ու Վրաստանի նախագահ` Տիար Mikheil Kavelashvili-ին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն։

Լեւոն ԺԴ. եւ Արժանթինի արտգործ նախարարը
Լեւոն ԺԴ. եւ Արժանթինի արտգործ նախարարը   (@VATICAN MEDIA)

Վերոնշեալ առաջին հանդիպումի կապակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց  հաղորդագրութիւն` ակնարկելով  Լեւոն ԺԴ.-ի ու ԱՄՆ-ի փոխ նախագահի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, ու նշելով` որ Քահանայապետի հետ հանդիպումին ետքը Տիար Վանսը հանդիպեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու ու Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ ու Պետական Քարտուղարութեան մէջ ունեցած այս հանդիպման ընթացքին անոնք շօշափեցին զանազան նիւթեր ներառեալ երկու Պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները ու եկեղեցական կեանքի եւ կրօնական ազատութեան հայող հարցեր։

«Տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում` հայող արդիական միջազգային յարաբերութիւններու որոշ հարցերու շուրջ՝ յոյս յայտնելով, որ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ կը պահպանուին մարդասիրական իրաւունքի և միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս նաև կյաջողուի կողմերու միջև բանակցային լուծում գտնել» կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ ։

Լեւոն ԺԴ. հանիպեցաւ քոյր եկեղեցիներու ու այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ
Լեւոն ԺԴ. հանիպեցաւ քոյր եկեղեցիներու ու այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ   (@Vatican Media)

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը աւելի ուշ հրատարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը այս անգամ հայող Լեւոն ԺԴ.-ի Քոլոմպիայի նախագահ` Տիար Gustavo Francisco Petro Urrego-ի հետ հանդիպումին որ իր կարգին հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու ու Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ, որուն հետ քննարկեց տարբեր նիւթեր ընդգծելով «դրական ու մնայուն համագործակցութիւնը որ գոյութիւն ունի Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ ի թիկունք խաղաղութեան եւ հաշտութեան գործընթացներուն»։

Զրոյցի ընթացքին մտքերու փոխանակում կայացաւ «Քոլումպիայի և տարածաշրջանի սոցիալ-քաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով անվտանգութեան, գաղթականութեան և կլիմայի փոփոխութեան հետ կապուած մարտահրաւէրներուն» գրուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Լեւոն ԺԴ եւ Քոլոմպիայի նախագահը
Լեւոն ԺԴ եւ Քոլոմպիայի նախագահը   (ANSA)

19 Մայիսի երեկոյեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը հայող Լեւոն ԺԴ.-ին Աւստրալիոյ Վարչապետին շնորհած ունկնդրութեան ու այս վերջինիս Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ ունեցած հանդիպումին։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցներուն ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Աւստրալիոյ միջեւ բարի ու լաւ փոխյարաբերութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերութեան ի սպաս կատարած ներդրումներուն, յատկապէս կրթական համակարգէն ներս։

Ապա տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում երկրի ընկերա-քաղաքական իրավիճակի վերաբերեալ՝ մասնաւորապէս կենտրոնանալով ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վրայ, այդ թուին՝ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, մարդկային համապարփակ զարգացման և կրօնական ազատութեան։

Աւստրալիոյ Վարչապետը Վատիկանի մէջ
Աւստրալիոյ Վարչապետը Վատիկանի մէջ   (@VATICAN MEDIA)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2025, 19:16