Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Իտալացի Թէնիսի մարզիկ Եաննիք Սիները
Վատիկան Նիուզ - Հայակական բաժանմունք
Չորեքշաբթի 14 Մայիսի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Պապը նախ քան Արեւելեան Եկեղեցիներու ուխտաւորներուն հետ հանդիպումը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճի քովնտի դահլիճին մէջ ընդունեց Իտալացի Թէնիսի մարզիկ, աշխարհի թիւ մէկ ախոյան Եաննիք Սիները, իր ընտանեկան պարագաներուն ու Իտալական Թէնիսի դաշնութեան նախագահ Անճելօ Պինակիին հետ միասին։
հանդիպումի ընթացքին Եաննիք Սինները Քահանայապետին նուիրեց Թէնիսի խաղաթին ու գնդակը հրաւիրելով միասին խաղալ ու Սրբազան Պապը, որ թէնիս խաղացող է ծիծաղելով պատասխանեց թէ այնտեղ, այդ վայրին մէջ այնքան ալ յարմար չէ ապա շնորհաւորեց Եաննիք Սինների երէկ Հռոմի մէջ Արժանթինցի Չերունտոլօ խաղցողի հետ մրցումի ընթացքին արձանգրած յաղթանակին համար` 7- 6, 6 – 3 արդիւնքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ