MAP

Il Papa, per la pace dico ai responsabili, "negoziamo"

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներուն. «Դուք թանկարժէք էք. Եկեղեցին պէտք ունի ձեզի»

Լեւոն Դ. Քահանայապետը 14 Մայիսի առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներուն հովուապետերը ու հաւատացեալները որոնք այս օրերուն Հռոմ ժամանած են Յոբելենական տարւոյն իրենց ուխտագնացութիւնը կատարելու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Քրիստոս Յարեաւ։ Իրապէս յարեաւ»։ Այս զատկական ողջոյնով է` որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, ողջունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները, Եպիսկոպոսները, կղերական դասն ու հաւատացեալ ուխտաւորները, որոնք Հռոմ կը գտնուին Արեւելեան Եկեղեցիներու Յոբելեանի առիթով, որ սկիզբ առաւ անցեալ երկուշաբթի օր` 12 Մայիսին եւ կ՛աւարտի այսօր, 14 Մայիսին եւ որոնք այդ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս առիթը ունեցան Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ հանդիպում ունենալու մէկ շաբաթ առաջ ընտրուած նոր Քահանայապետին հետ։

«Գեղեցիկ է ձեզ տեսնել այստեղ, ճիշտ յոյսի Յոբելեանին առիթով, որուն Յիսուսին Յարութիւնը անխորտակելի հիմքն է։ Բարի եկած էք Հռոմ։ Ուրախ եմ ձեզի հանդիպելու եւ արեւելքի հաւատացեալներուն նուիրելու իմ Քահանայապետութեանս առաջին հանդիպումներէն մին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ.։

Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ
Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ   (ANSA)

Դուք թանկարժէք էք եւ ունիք եզակի եւ առանձնաշնորհեալ դեր մը

«Դուք թանկարժէք էք։ Ձեզի նայելով կը մտածեմ ձեր ծագումներու բազմազանութեան, ձեր փառահեղ պատմութեան և այն դառն տառապանքներու մասին, որոնց ձեր համայնքներէն շատերը կրեցին կամ կը կրեն», շարունակեց Սրբազան Պապը մէջբերելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Արեւելեան Եկեղեցիներուն ուղղած խօսքերը ու յղում կատարելով Լեւոն ԺԳ. երջանկայիշատակ Քահանայապետին, որ «եղաւ առաջինը, որ հրապարակեց ձեր Եկեղեցիներու արժանապատուութեան նուիրուած յատուկ փաստաթուղթ, նախ և առաջ հաշուի առնելով այն փաստը, որ «մարդկային փրկագործութեան գործը սկսաւ Արևելքի մէջ» (հմմտ. Առաքելական նամակ Orientalium dignitas, 30 նոյեմբերի 1894թ.):

«Այո դուք ունիք եզակի եւ առանձնաշնորհեալ դեր մը», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ «Orientale lumen» առաքելական նամակի խօսքերը, ապա ակնարկեց այս օրերուն, Յոբելեանի առիթով Հռոմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած տարբեր աւանդոյթներու արեւելեան ծիսակատարութիւններուն, որմէ մեկնելով անգամ մը եւս յիշեց Լեւոն ԺԳ.ը եւ անոր մտահոգութիւնը, որ «կը մնայ այժմէական», «որովհետեւ մեր այս օրերուն բազմաթիւ արեւելցի եղբայրներ եւ քոյրեր, որոնք ստիպուած են փախչելու իրենց ծագման երկիրներէն, պատերազմի ու հալածանքներու, աղքատութեան ու անկայունութեան պատճառաւ, վտանգը կ՛ապրին որ Արեւմուտք հասնելով, բացի իրենց հայրենիքը կորսնցնելէն, կը կորսնցնեն նաեւ իրենց կրօնական ինքնութիւնը եւ սերունդներու անցումին հետ միասին կը կորսուի Արեւելեան Եկեղեցիներուն անգնահատելի ժառանգութիւնը»։

Մէկ դառ առաջ Լեւոն ԺԳ. անդրադարձաւ որ «մեր մտածածէն աւելի, արեւելեան ծէսերու պահպանումը շատ աւելի կարեւոր է» եւ այս նպատակով Ան սահմանեց, որ «ցանկացած լատին միսիոներ...որ խորհուրդով կամ օգնութեամբ որևէ արևելցի մը գրաւէ լատինական ծէսի մէջ», պէտք է «բացառուի իր աշխատանքէն և հեռացուի իր պաշտօնէն» (նոյն տեղ):

Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ
Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ   (ANSA)

«Ընկալենք կոչը պահպանելու եւ խթանելու քրիստոնեայ արեւելքը, Մասնաւորապէս սփիւռքի մէջ», յարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. այս ուղղութեամբ հայցելով Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան աջակցութիւնը, որպէսզի իրեն օգնէ «սահմանելու սկզբունքներ,կանոններ և ուղեցոյցներ, որոնց միջոցաւ լատին հովիւները կարողանան շօշափելի կերպով աջակցիլ սփիւռքի արևելեան կաթողիկէներուն՝ պահպանելու իրենց կենդանի աւանդոյթները և հարստացնելու այն համատեքստը, որուն մէջ անոնք կ՛ապրին իրենց առանձնայատկութիւններով։

Եկեղեցոն պէտք ունի ձեզի

«Եկեղեցին պէտք ունի ձեզի։ Որքա՜ն մեծ է այն ներդրումը, որ քրիստոնեայ Արևելքը կարող է մեզի տալ այսօր։ Որքա՜ն կարիք ունինք վերականգնելու խորհուրդի զգացումը, որ այնքան կենդանի է ձեր պատարագներուն մէջ, որոնք կ՛ընդգրկեն մարդկային անհատը իր ամբողջութեամբ, կ՛ երգեն փրկութեան գեղեցկութիւնը և հիացմունք կը ներշնչեն մարդկային փոքրութիւնը գրկող աստուածային մեծութեան նկատմամբ», աւելցուց Լեւոն ԺԴ. Պապը կարեւոր նկատելով որ քրիստոնեայ Արեւմուտքը եւս վերագտնէ Աստուծոյ առաջնութեան իմաստը, Արևելեան հոգևորականութիւնը բնորոշ խորհրդաւորութիւնը, անդադար բարեխօսութեան, ապաշխարութեան, պահքի, սեփական և ողջ մարդկութեան մեղքերու համար լացի արժէքը»։

«Ասոր համար անհրաժեշտ է պաշտպանել ձեր աւանդութիւնները» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը Արեւելեան եկեղեցիներուն հոգեւորականութիւնը նկատելով «դեղորայք», որոնց մէջ «մարդկային տառապանքի ողբերգական զգացումը միաձուլուած է աստուածային ողորմածութեան նկատմամբ զարմանքի հետ»։

Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ
Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ   (ANSA)

Խաղաղութիւն ձեզի

Ան ապա մէջբերեց Սուրբ Եփրեմի եւ Նինուէյի Սուրբ Իսահակի խօսքերը եւ ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապին Արեւելեան Եկեղեցիները «մարտիրոսութեան» եկեղեցիներու որակումին, ափսոսանք յայտնելով Սուրբ Երկրի, Ուքրանիոյ, Լիբանանի, Սուրիոյ Միջին Արեւելքի ու Թիկրայի ինչպէս նաեւ Կովկասին մէջ գոյութիւն ունեցող բռնութիւններուն համար։

«Այս բոլոր սարսափներուն վրայ, այնքան շատ երիտասարդ կեանքերու ջարդերուն ի տես, որոնք պէտք է վրդովմունք յառաջացնեն, քանի որ ռազմական նուաճման անուան տակ մարդիկ են մահացողները, կ՛ առանձնանայ կոչ մը որ Քահանայապետինը չէ այլ Քրիստոսինը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ եւ հաստատեց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ (Յովհ. 20։19.21.26)... Ոչ ինչպէս աշխարհը կու տայ ... (Յովհ 14,27).

«Քրիստոսի խաղաղութիւնը հակամարտութենէ ետք գերեզմանային լռութիւնը չէ, ան ճնշման արդիւնքը չէ, այլ պարգև է, որ կը նայի մարդոց և կը վերակենդանացնէ անոնց կեանքը։ Աղօթենք այս խաղաղութեան համար, որ հաշտութիւն, ներում, ու էջը դարձնելու եւ վերսկսելու քաջութիւն է» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ ինք որեւէ ջանք պիտի չի խնայէ խաղաղութիւնը տարածելու համար, ու թէ Սուրբ Աթոռն ալ տրամադիր է այնպէս ընելու որ թշնամիները կարողանան հանդիպիլ և իրարու աչքերու մէջ նային, որպէսզի մարդիկ ստանան յոյսն ու արժանի արժանապատուութիւնը, խաղաղութեան արժանապատուութիւնը։

Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ
Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ   (ANSA)

«Եկեղեցին երբեք պիտի չի յոգնիր կրկնելէ. Թող լռեն զէնքերը»

«Ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՛ուզեն եւ ես սիրտս ձեռքերուս մէջ ժողովուրդներու պատասխանատուներուն կ՛ըսեմ. Հանդիպինք, խօսինք, բանակցինք։ Պատերազմը անխուսափելի չէ երբեք, զէնքերը կարող ու պէտք է լռեն, որովհետեւ անոնք հարցերը չեն լուծեր, այլ զանոնք կ՛աւելցնեն. Որովհետեւ պատմութեան մէջ պիտի մնայ ոչ թէ զոհ դիզողը այլ խաղաղութիւն սերմանողը, որովհետեւ միւսները նախ եւ առաջ թշնամի չեն այլ մարդկային էակներ, ոչ թէ ատելի չարիքներ, այլ անձեր` որոնց հետ խօսիլ» եղաւ Լեւոն ԺԴ.-ի արտայայտած այլ մէկ գաղափարներէն մին, որմէ մեկնելով ան հրաւիրեց` «Խուսափիլ բռնութեան պատմութիւններուն բնորոշ մանիքէական տեսլականներէն, որոնք աշխարհը կը բաժնեն լաւի և վատի միջեւ»։

«Եկեղեցին երբեք պիտի չի յոգնիր կրկնելէ. Թող լռեն զէնքերը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց` որոնք լռութեամբ ու աղօթքով կը հիւսեն խաղաղութեան հիւսուածքներ ապա հաստատեց, որ Քրիստոնեաներուն պէտք է հնարաւորութիւն տրուի, ոչ թէ միայն բառերով, մնալու իրենց հայրենիքին մէջ, բոլոր անհրաժեշտ իրաւունքներով, անվտանգ գոյութեան մը համար։ Կը խնդրեմ յանձնառու ըլլանք այս ուղղութեամբ» շեշտեց Լեւոն ԺԴ.ը որ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` Արեւելքի եղբայրներուն եւ քոյրերուն, «որտեղէն Յիսուս` արդարութեան արեւը Յարեաւ, ըլլալու համար աշխարհի լոյս» յարեց Ան։

Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ
Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ   (ANSA)

«Թող ձեր եկեղեցիները ըլլան օրինակ, հովիւները խթանան հաղորդութիւնը, յատկապէս Եպիսկոպոսներու սինոտի մէջ, որպէսզի անոնք ըլլան վայր «միաբանութեան եւ իսկական համապատասխանատուութեան։ Թող խնամք տարուի բարիքներու մատակարարումի թափանցիկութեան, թող վկայութիւն տրուի Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին, առանց կաշկանդուելու փառքին, ու աշխարհի իշխանութեան, եւ անհատական տիպարին», թելադրեց Սրբազան Պապը ու հաստատեց որ «Քրիստոնեայ Արեւելքի փայլքը, այսօր աւելի քան երբեք կը պահանջէ, ազատութիւն ամէն տեսակ աշխարհիկ կախուածութենէ եւ հաղորդութեան դէմ որեւէ հակումէ»

«Եւ ես ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ասոր համար ու ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ, ձեզմէ խնդրելով որ աղօթէք Եկեղեցւոյ համար ու իմ առաքելութեանս համար բարձրացնէք բարեխօսութեան զօրեղ ձեր աղօթքները» եղան Լեւոն ԺԴ. Եզրափակիչ խօսքերը, որմէ ետքը Ան ողջունեց ունկնդրութեան ներկայ գտնուող Պատրիարքները, որոնց շարքին էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ., որ Սրբազան Պապին նուիրեց Զմմառու ցաւագին Տիրամօր պատկերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2025, 11:00