Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 16 մայիս 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, իր ընտրութենէն մէկ շաբաթ ետքը, Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները, որոնց շարքին էր նաեւ Հ.Հ. արտակարգ ու լիազօր դեսպան Տիար Պորիս Սահակեանը։
Հանդիպումը սկսաւ դիւանագիտական մարմնի աւագերէց` Կիպրոսի Դեսպան Վսեմաշուք Ժորժ Փուլիտըսի, յանուն Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն Քահանայապետին ուղղած շնորհաւորական խօսքերով որմէ ետքը Լեւոն ԺԴ. ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը որ կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ` խաղաղութիւն, արդարութիւն ու ճշմարտութիւն, որոնք հիմքն են Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան յանձնառութեան։
Քահանայապետը ճառը սկսաւ ըսելով «Խաղաղութիւնը ըլլայ ձեր հետ», ապա շնորհակալութիւն յայտնելց Դեսպան Փուլիտէսին, անոր բարի գալուստի խօսքերուն ու Սուրբ Աթոռին մատուցած երկարամեայ ծառայութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ իր ընտրութեան առիթով ստացած բազմաթիւ շնորհաւորութիւններուն ու նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան առիթով ընդունած ցաւակցութիւններուն համար, որոնք շարքին նաեւ այնպիսի երկիներ, որոնք դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին Սուրբ Աթոռին հետ։
«Այս մէկը յարգանքի նշանակալի դրսևորում է, որ կը խրախուսէ փոխադարձ յարաբերութիւններու խորացումը» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Ան ապա ընդգծեց կամքը խթանելու ընտանեկան ու հասարակական երկխօսութիւն մը Սուրբ Աթոռի եւ Դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն միջեւ, հաստատելով որ «Քահանայապետական դիւանագիտութիւնը, արտայայտութիւնն է նոյնինքն Եկեղեցւոյ կաթողիկէութեան, եւ Սուրբ Աթոռը ոգեւորուած է հովուական ծառայութեան հրատապութեամբ, որ զայն կը մղէ փնտռելու ոչ թէ առանձնաշնորհումներ այլ խորացնելու իր աւետարանական առաքելութիւնը ի ծառայութիւն մարդկութեան»։
«Ան կը պայքարի ամէն տեսակի անտարբերութեան դէմ և անընդհատ կը դիմէ խղճմտանքին, ինչպէս անխոնջ կերպով կ՛ընէր իմ պատուարժան Նախորդս՝ միշտ ուշադիր ըլլալով աղքատներու, կարիքաւորներու և մեկուսացուածներու աղաղակին» նշեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. իր կամքը յայտնելով Սուրբ Աթոռի «հետեւողական ու համբերատար աշխատանքով» ամրապնդելու ներկաներուն ու անոնց ներկայացուցած երկիրներուն հետ երկխօսութիւնը, երկիրներ որոնցմէ շատեր ինք այցելած է երբ կը վարէր Օգոստինեան միաբանութեան Ընդհանուր Մեծաւորի պաշտօնը։
Ասկէ մեկնելով Լեւոն ԺԴ ներկաներուն հետ ուզեց կիսել երեք բանալի բառեր` խաղաղութիւն, արդարութիւն ու ճշմարտութիւն, որոնք ըսաւ Ան «կը կազմեն Եկեղեցւոյ միսիոներական գործին ու Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան սիւները»։
Նախ Խաղաղութիւնը` որ չի նշանակեր պատերազմի կամ հակամարտութեան բացակայութիւնը, կամ հանդարտութեան պահ մը։ «Քրիստոնէական հեռանկարով ու նաեւ այլ կրօնական փորձառութիւններուն համար, խաղաղութիւնը ամենէ առաջ պարգեւ մըն է` Քրիստոսին առաջին պարգեւը. Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի (Յովհ 14,27)» ըսաւ Սրբազան Պապը բացատրելով, որ անիկա կը ծնի սրտէն եւ կը պահանջէ անձնական յանձնառում եւ անկեղծ երկխօսութիւն, անկախ կրօնական եւ մշակութային պատկանելիութիւններէն:
«Զսպենք լեզուն, որովհետև կարելի է վիրաւորել և սպանել ոչ միայն զէնքերով այլ նաեւ խօսքերով» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով նաեւ որ «Կրօնները եւ միջ կրօնական երկխօսութիւնը կարող են մեծապէս սատարել խթանելու համար խաղաղութեան միջավայրեր», այս ծիրէն ներս շեշտելով նաեւ կրօնական ազատութեան յարգանքի կարեւորութիւնը։
Ան ապա խրախուսեց նոր զարկ տալ բազմակողմնային դիւանագիտութեան եւ միջազգային հաստատութիւններուն, «որոնք մտածուած ու ստեղծուած են նախ եւ առաջ վերջ տալու միջազգային հասարակութեան ծիրէն ներս ծագած հարցերուն» նշեց Սրբազան Պապը այս ծիրէն ներս դատապարտելով սպառազինութեան մրցավազքը, մէջբերելով երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին Ուրպի էթ Օրպիի խօսքերը. «Ոչ մէկ խաղաղութիւն կարելի է, առանց զինաթափումի....»
Արդարութիւնը։ «Արդարութիւնը խաղաղութեան էական պայմանն է» ըսաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. յղում կատարելով իր նախորդին` Լեւոն ԺԳ.-ին, որմէ առած է ի անունը, ու անոր «Rerum novarum» առաջին ընկերային շրջաբերականին։
«Մեր ապրած դարաշրջանային փոփոխութեան մէջ Սուրբ Աթոռը չի կրնար իր ձայնը չբարձրաձայնել ի դէմս բազմաթիւ անհաւասարութիւններու և անարդարութիւններու, որոնք, ի թիւս այլ բաներու, կը յանգեցնեն անարժան աշխատանքային պայմաններու և աւելի ու աւելի մասնատուած ու հակառակութիւններու մէջ ապրող հասարակութիւններու» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղելով ուշադրութիւն դարձնելու ընդհանուր անհաւասարութիւններուն և մարդկային արժանապատուութեան եւ այս ուղղութեամբ պահանջեց յատուկ ուշադրութիւն եւ աջակցութիւն յատկացնել ընտանեկան կառոյցին, որ «հիմնուած է մարդու ու կնոջ միութեան վրայ», եւ աւելիով դիւրաբեկ անձանց. Նորածին, տարեց, հիւանդ, գործազուրկ ու գաղթականներ, այս ուղղութեամբ վերյիշելով իր իսկ կեանքի փորձառութիւնը որպէս գաղթական ու ընդգծելով իւրաքանչիւր մարդ անհատի հաւասարութիւնը, որեւէ պայմանի մէջ որ գտնուի, որովհետեւ «անոր արժանապատւութիւնը նոյնն է միշտ, Աստուծոյ կամքին համաձայն ու սիրուած արարած»։
Երրորդ` ճշմարտութիւնը, առանց որուն կարելի չէ կերտել իսկական յարաբերութիւններ։ Սրբազան Քահանայապետը այս առնչութեամբ դատապարտեց թուային դարաշրջանի հաղորդակցութեան շփոթութիւնն ու երկիմաստութիւնը։
«Եկեղեցին պարտականութիւն ունի մարդու մասին ճշմարտութիւնը պատմելու» եւ այդ ճշմարտութիւնը երբեք չի կրնար խզուած ըլլալ բարեսիրութենէ, որուն հիմքը կը կազմէ իւրաքանչիւր մարդ անհատի բարօրութիւնը։
Ճշմարտութիւնը Քրիստոսի հետ հանդիպումն է և թոյլ կու տայ մեզի միասին դիմակայել այնպիսի ընդհանուր մարտահրաւէրներ, ինչպիսիք են գաղթականութիւնը, արհեստական բանականութիւնը և բնապահպանութիւնը, դիտել տուաւ ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. որ ճառը աւարտեց վերակոչելով Սուրբ Տարուան իմաստը, որ է յոյսի եւ նորոգման ժամանակ, «առիթ` մեր ետին թողելու հակառակութիւնները եւ վերսկսելու նոր ուղեւորութիւն, ոգեւորուած այն յոյսով որ կարելի է միասին աշխատիլ, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութիւններուն ու զգայնութեան համեմատ, ստեղծելու համար աշխարհ մը, ուր իւրաքանչիւր անձ կարող է իրականացնել իր սեփական մարդկայնութիւնը` ճշմարտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան մէջ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ապա արտայայտեց իր խաղաղութեան մաղթանքը ողբերգութիւններ ապրող երկիրներուն համար` ինչպէս Ուքրանիան ու Սուրբ Երկիրը։
Ան առ այդ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր դեսպաններուն իրենց աշխատանքին համար յատկապէս, ժողովուրդներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու իրենց գործին մէջ ապա անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ