MAP

Eight Novemdiale Mass in memory of MAP Francis at the Vatican

Կարդինալ Ֆերնանտէս Արթիմէ. Ֆրանչիսկոսէն հրաւէր արթնցնելու աշխարհը

Առաքելութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի սէրը արմատապէս ապրելու և Աւետարանի հաւաստի նշան ըլլալու մէջ՝ նոյնիսկ դժուար ժամանակներու ընթացքին, նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Ֆերանտէզ Արթիմէն, որ ապա մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը՝ կոչ ուղղելով նուիրեալ անձերուն «արթնցնելու աշխարհը»՝ ճանաչելով Տիրոջ դէմքը իւրաքանչիւր մարդու ու մասնաւորապէս աղքատներուն մէջ, ապա քարոզը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի բոլորին ընկերանայ` իրենց Յարուցեալին աշակերտ ու վկայ ըլլալու առաքելութեան մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր շաբաթ 3 Մայիսին կէսօրէն ետքը ժամը հինգին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հոգւոյն հանգստեան նուիրուած իննօրեայ պատարագներէն վերջընթերը, զոր գլխաւորեց Կրօնաւորական կեանքի եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններու երբեմնի համավերատսուչ` Կարդինալ Անկել Ֆերնանտէս Արթիմէն եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ծիրանաւորը նախ հրաւիրեց աղօթելու բոլոր ննջեցեալներուն համար յիշելով թէ ինչպէս Սուրբ Ալֆոնսօ Տէ Լիկւորին ու Սուրբ Քիւրէ Տ՛արսը, ընդգծած են մեռելներուն համար աղօթքի կարեւորութիւնը ի յայտ դնելով քրիստոնէական սէրը` որ կը բացայայտուի այդ արարքով։

Կարդինալ Արթիմէն ապա երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ընդգծելով նաեւ թէ ինչպէս հաւատքը որ սնուած է Յարուցեալի հետ հանդիպումէն եւ Սուրբ Հոգիէն, քաջութիւն եւ ուրախութիւն կը շնորհէ աշակերտներուն, նաեւ հալածանքներու ընթացքին, ձախողումն ու խաւարը վերածելով լուսի և կեանքի։

Ան ապա յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի խօսքերը, Նուիրեալ կեանքի կարեւորութեան մասին) որպէս մարգարէական վկայութիւնը որ կը գործէ ի սպաս աղքատներուն ու լուսանցքայիններուն ու հրաւիրեց բոլոր մկրտելաները ու յատկապէս նուիրեալ անձանց, վկայելու որ միայն Աստուած կու տայ կեանքին լիութիւն ու թէ Աւետարանը պէտք է միշտ ալ նորոգէ քրիստոնէական յանձնառումը։

Առաքելութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի սէրը արմատապէս ապրելու և Աւետարանի հաւաստի նշան ըլլալու մէջ՝ նոյնիսկ դժուար ժամանակներու ընթացքին, նշեց ի միջի այլոց Կարդինալ Ֆերանտէզ Արթիմէն, որ ապա մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը՝ կոչ ուղղելով նուիրեալ անձերուն «արթնցնելու աշխարհը»՝ ճանաչելով Տիրոջ դէմքը իւրաքանչիւր մարդու ու մասնաւորապէս աղքատներուն մէջ, ապա քարոզը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի բոլորին ընկերանայ` իրենց Յարուցեալին աշակերտ ու վկայ ըլլալու առաքելութեան մէջ։

Սուրբ Զոհին սկիզբը խօսք առին Քոյր Մարի Պարրոնը ընդհանուր մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան նախագահը ու Հայր Մարիօ Ծանօթթին, Ընդհանուր Մեծաւորներու միութեան ընդհանուր քարտուղարը, որոնք ընդգծեցին խոնարհ ծառայութեան ու հիւրընկալութեան արժէքի կարեւորութիւնը յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապին ժառանգութիւնը որ կարող է ցնցումներ յառաջացնել ու կոչ ընել աղքատութեան որպէս մարգարէական նշան։





Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2025, 18:51