MAP

Կարդինալական Պապընտիր ժողովի նախապատրաստական միաբանական 8-րդ ժողովը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին նշեց թէ այսօր տեղադրուեցաւ նաեւ Քահանայապետի ընտրութիւնը յայտարարող ծխնելոյզը մինչ առողջական հարցերու համար պապընտիր ժողովին չմասնակցող կարդինալներուն անուններն են` Անթոնիօ Քանիզարէս Լլովերա, Վալենսիա քաղաքի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը եւ Ժոն Նժուէ` Նայրոպի քաղաքի երբեմնի մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 02 մայիսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ կարդինալական Պապընտիր ժողովի նախապատրաստական միաբանական 8-րդ ժողովը, որ սկիզզբ առաւ ժամը 9-ին, մասնակցութեամբ 180 կարդինալներուն, որոնցմէ աւելի քան 120-ը քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։

Պապընտիր ժողովի նախապատրաստական Կարդինալական վերոնշեալ նիստի ընթացքին կատարուած ելոյթներու ընթացքին շօշափուեցան հետեւեալ նիւթերը. Աւետարանումը, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին քահայանայապետութեան կեդրոնը։ Եկեղեցին եղբայրական հաղորդութեան քարոզչութեամբ։ Արեւելքի եկեղեցին, անոր տառապանքն ու վկայութիւնը։ Աւետարանի փոխանցումը արդիւնաւէտ դարձնելու հարցը՝ բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ ծխական համայնքներէն մինչեւ Քուրիա։ Վկայութեան եւ միութեան պարտականութիւնը։ Եկեղեցւոյ մէջ սեռային ոտնձգութիւնները ու ֆինասանական գայթակղութիւնները։ Ծէսին կեդրոնականութիւնը։ Եկեղեցական իրաւագիտութեան հրամայականը։ Սիւնդոսականութիւն եւ հաւաքականութիւն, հաւաքականութիւն եւ առաքելութիւն, սիւնոդասականութիւն եւ աշխարհիկութիւն։ Ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ  Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս Պապերու միջեւ աւետարանի մեկնութեան շարունակութիւնը ։

Կարդինալները կեդրոնացան նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան դերին վրայ՝ նաեւ Միսիոնարական իմաստով։

Ժողովը աւարտեցաւ 12,30ին։

Վերոնշեալ այս տեղեկութիւնները այսօր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին որ ապա նշեց թէ այսօր տեղադրուեցաւ նաեւ Քահանայապետի ընտրութիւնը յայտարարող ծխնելոյզը մինչ առողջական հարցերու համար պապընտիր ժողովին չմասնակցող կարդինալներուն անուններն են` Անթոնիօ Քանիզարէս Լլովերա, Վալենսիա քաղաքի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը եւ Ժոն Նժուէ` Նայրոպի քաղաքի երբեմնի մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսը։

Պրունիի փոխանցմամք Հռոմ պիտի ժամանեն տակաւին չորս ընտրող կարդինալներ, մինչ Սիքատինեան մատրան մէջ կը շարունակուին աշխատանքները որպէսզի ան վերածուի ժողովասրահի։

Կարդինալներուն երդման արարողութիւնը պապընտիր ժողովէն առաջ տեղի պիտի ունենայ Սիքստինեան Մատրան մէջ, եօթը մայիսին յետմիջօրէին, որուն պիտի հետեւի Կարդինալ Քանդալամեսսայի խորհրդածութիւնը հուսկ «extra omnes»-ը, այսինքն «բոլորդ դուրս» ու քահանայապետի ընտրութեան առաջին քուէարկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2025, 14:01