MAP

Կարդինալներու ժողովը Կարդինալներու ժողովը

Քոնքլավ. 131 ընտրող կարդինալներ արդեն Հռոմ ժամանած են։ 6 Մայիսին կը փոխադրուին Սանթա Մարթա

Կարդինալական պաընտիր նախապատրաստական իններորդ միաբանական ժողովը։ Ծիրանաւորները երախտագիտութեամբ յիշած են Ֆրանչիսկոս Պապը «յաճախ մէջբերելով Evangelii gaudium»-ը։ Անոր մասնակցեցան 177 կարդինալներ որոնցմէ 127-ն ընտրելու իրաւունքով։ Անոնք յոյս յայտնեցին, որ յաջորդ Քահանայապետը ըլլայ մարգարէական, և որ Եկեղեցին չփակուի վերնատան մէջ, այլ դուրս գայ և լոյս տանի այն աշխարհին, որ յուսահատօրեն յոյսի կարիք ունի։
Ունկնդրէ լուրը

 Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ, 3 մայիսին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալներու պապընտիր ժողովի նախապատրաստական միաբանական իններորդ ժողովը, որ սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 9-ին՝ մասնակցութեամբ 177 կարդինալներու որոնցմէ 127-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին  Գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի յայտնեց որ այսօրուայ ժողովի ընթացքին վիճակագրութեամբ ընտրուեցան «Քամերլենկոյ»ի օգնական երեք կարդինալները, որոնցմէ մին ի պաշտօնէ, այսինքն որպէս տնտեսական խորհուրդի համակարգող, մաս կը կազմէ յանձնաժողովին` Կարդինալ Մարքսը։ Իսկ միւս երկունքն են Կարդինալ Փրէվոսթ եւ Կարդինալ Սեմերարօ։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հաղորդեց, որ այսօր կարդինալները շօշափած են հետեւեալ նիւթերը . Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդութիւնն ու աշխարհի մէջ եղբայրութիւնը։ Երախտագիտութեամբ յիշուած է Ֆրանչիսկոս Պապը «յաճախ մէջբերելով Անոր Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու հովուական ծառայութեան «Evangelii gaudium-ը» առաքելական յորդորագիրը, ընդգծելով ի գործ դրուած գործընթացքները, զոր նոր Քահանայապետը պէտք է նկատի առնէ։ Եկեղեցիներու միջեւ համագործակցութիւն եւ զօրակցութիւնը։ Քուրիայի դերը՝ Պապի հետ յարաբերութեան մէջ։ Եկեղեցւոյ եւ Պապին ծառայութիւնը խաղաղութեան համար։  Կրթութեան արժէքը։ Մաղթանք յայտնուած է որ յաջորդ քահանայապետը ըլլայ մարգարէական ու եկեղեցին չփակուի վերնատան մէջ, այլ դուրս կու գայ եւ լոյս բերէ աշխարհի մը, որ յուսահատ օրէն կարիք ունի յոյսի։

Շօշափուած են նաեւ նախորդ ժողովներուն ընթացքին քննարկուած նիւթեր՝  ինչպէս սինոդականութիւնն ու հաւաքականութիւնը։ Յոբելեանը եւ յոյսի նիւթը։  Համամիութենական երկխօսութիւնն ու առաքելութիւնը։

Աւագերէց կարդինալը յիշած է որ Սուրբ Պետրոս տաճար մայիս ամսուան ընթացքին ամէն շաբաթ օր երեկոյեան ժամը 9ին կը կազմակերպէ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։

Պապընտիր կարդինալներու յաջորդ ժողովները պիտի գումարուին երկուշաբթի, առաւօտեան ժամը 9ին եւ կարդինալներու որոշումով տեղի պիտի ունենայ նաեւ այլ նիստ մը կէսօրէն ետքը ժամը 5-ին։ Երեքշաբթի վեց մայիսին առ այժմ նախատեսուած է միայն առաւօտեան նիստը որուն ըստ անհրաժեշտութեան գուցէ աւելնայ երկրորդը։

Տիար Պրունի յայտնեց նաեւ որ Սանթա Մարթա պանդոկին մէջ աշխատանքները, կ՛ընթանան արագ կերպով ու 6 Մայիսէն ան պատրաստ պիտի ըլլայ հիւրընկալելու պապընտիր ժողովի մասնակցող 133 կարդինալները, որոնցմէ 131 արդեն ժամանած են Հռոմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2025, 13:34