MAP

VITAE FEST MESSICO - messaggio papa Francesco 4 maggio 2025

Մեքսիքօ. Հազարաւոր երիտասարդներ լսեցին Ֆրանչիսկոս Պապին արձանագրուած պատգամը

«Vitae Fest» փառատօնի տպաւորիչ տօնակատարութեան ընթացքին հեռարձակուեցաւ տեսանիւթ մը, որ Ֆրանչիսկոս Պապ ձայնագրած էր 2024 թուականին կէսերուն։ Յոյսի յոբելեանի շրջանակէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ ըրած էր երիտասարդներուն, աղմկելու եւ նուիրուելու աշխարհը փոխելու գործին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հարիւր հազարէ աւելի երիտասարդներ հաւաքուեցան Մեքսիքոյի Զոքալօ քաղաքի հրապարակը՝ Լատինամերիկեան ամենախորհրդանշանական հրապարակը՝ կեանքը տօնելու եւ ամենէն շատ աշխարհի ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ հաշտեցման խթանման նուիրուած ըլլալու համար։ Vitae Fest փառատօնին՝ որ կազմակերպուած է Vitae Global Foundation կողմէ, յուզիչ գեղարուեստական բեմադրութեամբ, ներկաները խորապէս յուզուեցան ունկնդրելով Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը՝ զոր ձայնագրած էր՝ 2024 թուականին կէսերուն։

«Գիտեմ, որ դուք հաւաքուած էք Զոկալօ հրապարակին վրայ։ Եւ դուք հաւաքուած էք ստանալու եւ տալու համար։ Դուք այնտեղ չէք լռելու, այլ աղմկելու, ուրախութեամբ շարժելու, պատգամ ստանալու եւ պատգամ փոխանցելու համար։ Շնորհակալութիւն  ձեր գործելու այս կամքին համար։ Որովհետեւ աշխարհին մէջ շատ վատ բաներ կան, եւ մենք պէտք է անոնք շտկենք։ Բայց կան նաեւ շատ գեղեցիկ բաներ եւ դուք հաւաքուած էք այնտեղ, որովհետեւ առ աւելին կը փափաքիք», ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապը իր արձանագրած պատգամին մէջ։

Նշենք, թէ այս տարի, երբ Կաթողիկէ եկեղեցին կը նշէ Յոյսի Յոբելեանը, փառատօնի ներկայ գտնուող անձերը կրած էին սպիտակ թաշկինակներ , ի նշան երիտասարդներուն կենսուրախութեան եւ ընդհանուր փափաքին՝ վերականգնելու երկխօսութեան կարողութիւնը՝ աւելի եղբայրական եւ համախմբուած հասարակութիւն կառուցելու համար։

«Երբեք մի՛ մոռնաք այդ սպիտակ թաշկինակը, որ կը դուք կը տեսնէք, որուն մասին ձեզ կը պատմեն. Այդ սպիտակ թաշկինակը միշտ բոլոր մեղաւորներուն յոյսն է, ինչպէս մենք։ Թող Աստուած ձեզ օրհնէ, թող Կուատալուփէ Տիրամայրը ձեզ պաշտպանէ եւ մի մոռնաք աղօթելու ինծի համար։ Շնորհակալութիւն», ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտելով իր պատգամը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2025, 12:00