Լեւոն ԺԴ. պիտի այցելէ Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Քահանայապետական Եկեղեցին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի` 20 Մայիսի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը այցելութիւն պիտի տայ Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան Քահանայապետական տաճարին, ուր պիտի աղօթէ հեթանոսներու առաքեալի գերեզմանին մօտ։ Իսկ յառաջիկայ կիրակի օր` 25 Մայիսի ժամը հինգին Սրբազան Պապը, որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս, պիտի ստանձնէ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի իշխանութիւնը, այնտեղ գլխաւորելով Սուրբ Պատարագը, հուսկ ժամը 7ին, պիտի փոխադրուի Մարիա Մաճճորէ տաճար աղօթելու համար` Հռոմի պաշտպան Սրբուհի` Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։
Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի պազիլիքան Հռոմի Քահանայապետական չորս պազիլիքաներէն Սուրբ Պետրոսէն ետք ամենամեծ պազիլիքան է եւ կը գտնուի «Ostiense» պողոտային վրայ ու կառուցուած է չորրորդ դարուն ճիշտ այն վայրին մէջ, ուր աւանդութիւնը կը պատմէ, որ թաղուած է Պօղոս Առաքեալ, անոր մարտիրոսութեան «Tre Fontane» կոչուած վայրէն 2,6 քմ. Հեռաւորութեան վրայ։
Սուրբին գերեզմանը կը գտնուի Քահանայապետական տաճարի կեդրոնական խորանին տակը եւ դարերու ընթացքին եղած է ուխտագնացութիւններու վայր ու Յոբելենական տարիներու սկիզբէն, 1300 թուականէն ասդին, ներառուած է Յոբելենական ուխտագնացութեան վայրերուն մէջ, ուր կը կատարուի Սուրբ Դռան բացումը։
8-րդ դարէն ի վեր, ծիսակատարութիւններու և առաքեալի գերեզմանի վրայ տեղադրուած ճրագակալի խնամքը վստահուած է յարակից գտնուող վանքի Պենետիկտեան վանականներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ