MAP

2025.05.10 stemma Papa Leone XIV

«In Illo uno unum»՝ «Միակ Քրիստոսի մէջ մենք մէկ ենք»․ Լեւոն ԺԴ Պապին կարգախօսը

Նոր Քահանայապետի անհատականութեան մասին կարող ենք գաղափար կազմել նաեւ Անոր զինանշանէն եւ կարգախօսէն։ Կարդինալներու վահանաձեւ զինանշանը, ըստ էութեան, բոլորը կը ներառեն կարմիր գլխարկ՝ այսպէս կոչուած galero՝ 15 կարմիր ծոպերով, եւ իւրաքանչիւր ծիրանաւոր անոր ներս կը տեղադրէ իրեն համար ամենակարեւոր քրիստոնէական խորհրդանիշներէն մի քանին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ  Երեմեան - Վատիկան

Նոր Քահանայապետի անհատականութեան մասին կարող ենք գաղափար կազմել նաեւ Անոր զինանշանէն եւ կարգախօսէն։ Կարդինալներու վահանաձեւ  զինանշանը, ըստ էութեան, բոլորը կը ներառեն  կարմիր գլխարկ՝ այսպէս կոչուած galero՝ 15 կարմիր ծոպերով, եւ իւրաքանչիւր ծիրանաւոր անոր ներս կը տեղադրէ իր համար ամենէ կարեւոր քրիստոնէական խորհրդանիշներէն մի քանին։

Լեւոն ԺԴ քահանայապետի վահանաձեւ զինանշանը բաժնուած է երկու հատուածներու․

Ձախ կողմի վրայ՝ կապոյտ խորապատկերին ոճաւորուած է սպիտակ շուշանը, որ աւանդաբար կը խորհրդանշէ մաքրութիւն եւ անմեղութիւն։ Այս ծաղիկը, որ յաճախ կը կապուի Սուրբ Մարիամի հետ՝ կը յիշեցնէ նոր Քահանայապետի հոգեւորականութեան Մարեմական ծաւալը, որ յղում չէ լոկ Մարիամին Անոր նուիրուածութեան, այլ, կը դիտէ Տիրամայրը որպէս ունկնդրութեան, խոնարհութեան եւ ինքզինք ամբողջապէս Աստուծոյ նուիրումի տիպար Եկեղեցւոյ ճամբորդութեան մէջ։

Վահանի աջ հատուածի վրայ, դեղին խորապատկերին պատկերուած է Յիսուսի Սուրբ Սիրտը՝ խոցուած նետով եւ ինկած փակ գիրքի մը վրայ։

Այս իմաստալից պատկերը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի փրկագործական զոհաբերութեան խորհուրդը, մարդկութեան սիրոյ համար Անոր խոցուած սիրտը, բայց նաեւ Աստուծոյ Խօսքը, որ ներկայացուած է փակ գիրքի տեսքով։ Փակ գիրքը կ’ենթադրէ, որ աստուածային ճշմարտութիւնը երբեմն քողով կը ծածկուի, որպէսզի հաւատքով ընդունուի, նոյնիսկ երբ ամբողջովին չբացայայտուիր։

Որպէս կարգախօս Լեւոն ԺԴ քահանայապետն ընտրած է «In Illo uno unum»՝ «Միակ Քրիստոսի մէջ մենք մէկ ենք», բառեր, որոնք առնուած են Սուրբ Օգոստինոսէն, բացատրելու համար, որ «թէեւ մենք՝ քրիստոնեաներս, շատ ենք, մէկ Քրիստոսի մէջ մենք մէկ ենք» եւ կ’արտացոլեն միասնական Եկեղեցւոյ գաղափարը՝ չնայած անխուսափելի տարբերութիւններուն ու լարուածութեան։

Զինանշանի եւ կարգախօսի միջոցաւ նոր Քահանայապետը կ’առաջարկէ միսիոնարական ու Մարեմական Եկեղեցւոյ տեսլական, որ խորապէս արմատաւորուած է Քրիստոսի սիրոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2025, 15:30