Լեւոն ԺԴ. «Եկեղեցին թող փարոս դառնայ աշխարհի գիշերները լուսաւորելու համար»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 9 մայիսին, Քահանայապետ ընտրուելէ մէկ օր ետք, Լեւոն ԺԴ Նորընտիր Քահանայապետը Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագ, մասնակցութեամբ կարդինալական դասի անդամներուն։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին քարոզը արտասանելէ առաջ քահանայապետը անպատրաստից խօսք ուղղեց ըսելով.
«Ես խօսքս կը սկսիմ անգլերէն լեզուով՝ , իսկ մնացածը իտալերէնով... Բայց կ՝ուզեմ կրկնել Աւետարանէն առաջ արտասանուած Սաղմոսի բառերը, «Պիտի երգեմ Տիրոջ երգը, որովհետեւ սքանչելիքներ գործեց»։ Եւ արդարեւ, ոչ միայն իմ հետս այլ բոլորիդ հետ, իմ սիրելի կարդինալներ։ Մինչ՝ այսօր կը տօնախմբենք, ձեզ կը հրաւիրեմ խոկալու Տիրոջ կատարած հրաշալիքներուն մասին, այն Օրհնութիւններուն մասին, զոր Տէրը կը շարունակէ հեղուլ իւրաքանչիւրս վրայ, Պետրոսի առաքելութեան միջոցաւ։ Եւ ես գիտեմ վստահիլ իւրաքանչիւրիդ վրայ, որպէսզի աշխատիք իմ հետս, որպէսզի մենք շարունակենք իբրեւ եկեղեցի, որպէս Յիսուսի բարեկամներուն, ընկերներուն համայնք, հռչակել բարի լուրը, Հռչակել Աւետարանը, ըսելու «Քրիստոս կենդանի Աստուծոյ Որդին է։»
Լեւոն ԺԴ Քահանապետը ապա արտասանեց իր քարոզը ըսելով«
«Դուն ես Քրիստոսը՝ Կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մատթ 16,16)։ Այս խօսքերով Սուրբ Պետրոսը՝ հարցաքննուած Վարդապետէն, միւս աշակերտներուն հետ միասին, Իրեն հանդէպ հաւատքի մասին, կ՝արտայայտէ այն ժառանգութիւնը, որ եկեղեցին երկու հազար տարիներէ առաքելական յաջորդականութեան միջոցաւ կը խորացնէ, կը պահպանէ եւ կը հռչակէ։
Յիսուս Քրիստոսն է, կենդանի Աստուծոյ Որդին, այսինքն՝ միակ Փրկիչը եւ Հօր դէմքը բացայայտողը։
Անոր մէջ Աստուած, որպէսզի մօտիկ եւ հասանելի դառնայ մարդկանց, մեզի յայտնուեցաւ մանուկի մը վստահող աչքերով, երիտասարդի կենսուրախ միտքով, մարդու հասուն դիմագիծերուն մէջ, (VAT. II, Cost. Past. Gaudium et spes, 22), մինչեւ, որ Յարութիւնէն յետոյ յայտնուեցաւ իր փառաւոր մարմնով իրեններուն։ Այդպէսով Ան մեզի ցոյց տուաւ, սուրբ մարդկութեան տիպար մը, որ մենք բոլորս կարող ենք ընդօրինակել, յաւիտենական ճակատագիրի խոստումի հետ, որ կը գերազանցէ մեր բոլոր սահմաններն ու կարողութիւնները։
Պետրոս իր պատասխանին մէջ կ՝ընդունի երկու բաները. Աստուծոյ պարգեւը եւ առնուելիք ուղին՝ որպէսզի թոյլ տայ վերափոխուիլ, Փրկութեան անբաժանելի ծաւալներ, որոնք վստահուած են եկեղեցւոյ, որպէսզի զանոնք հռչակէ մարդկային ցեղի բարօրութեան համար։ Յանձնուած մեզի՝ որ ընտրուած ենք Անոր կողմէ նախ քան մեր մօր որովայնին մէջ ձեւաւորուիլը, (Երեմիա 1։5), վերածնուած մկրտութեան ջուրին մէջ եւ մեր սահմաններէն անդին ու առանց մեր արժանիքներուն՝ առաջնորդուած այստեղ, եւ այստեղէն ուղարկուած որպէսզի Աւետարանը քարոզուի իւրաքանչիւր արարածի (Մարկոս 16։15):
Մասնաւորապէս, Աստուած ձեր քուէարկութեամբ զիս կոչելէ ետք՝ յաջորդելու Առաքեալներուն առաջինին, այս գանձը ինծի կը վստահի, որպէսզի Անոր օգնութեամբ ըլլամ Անոր հաւատարիմ մատակարարողը, (1Կորնթ 4,2)՝ Եկեղեցւոյ ամբողջ խորհրդաւոր մարմնին ի սպաս, որպէսզի Ան միշտ ըլլայ լերան վրայ գտնուող քաղաք, փրկութեան տապանը, որ կը նաւարկէ պատմութեան ալիքներուն մէջ, փարոսը, որ կը լուսաւորէ աշխարհի գիշերները։ Ես այս մէկը ոչ այնքան անոր կառոյցներուն շքեղութեան եւ վեհութեան շնորհիւ, ինչպէս յուշարձանները, որոնց միջեւ կը գտնուինք, այլ անոր անդամներուն սրբութեամբ՝ այն «ժողովուրդին, որ Աստուած ձեռք բերաւ իրեն համար, որպէսզի հռչակէ Անոր հրաշալի գործերը, որ ձեզ խաւարէն կը կանչէ դէպի իր հրաշալի լոյսը։ (1Պետր 2,9)։
Սակայն, այս զրոյցի հիմքին մէջ, որուն ընթացքին Պետրոս կը դաւանի իր հաւատքը, կայ նաեւ այլ հարց մը. Յիսուս կը հարցնէ, «Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ թէ ըլլայ Մարդու Որդին»։ (Մատթ 16,13). Սա ունայն հարցում մը չէ, այլ կը վերաբերի մեր ծառայութեան կարեւոր երեւոյթին,՝ այն իրականութեան, որուն մէջ կ՝ապրինք՝ իր սահմանափակումներով, իր ներուժով, իր հարցերով եւ համոզումներով։ «Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ թէ ըլլայ Մարդու Որդին» (Մատթ․ 16,13). Մտածելով այս տեսարանին որուն մասին մենք կը խորհրդածենք, կրնանք գտնել այդ հարցումին երկու հնարաւոր պատասխաններ, որոնք կ՝ուրուագծեն երկու տարբեր վերաբերմունքներ։ Առաջին հերթին կայ աշխարհի արձագանքը։ Մատթէոս կ՝ընդգծէ, որ Յիսուսի ու անոր հետեւորդներու միջեւ՝ Իր ինքնութեան մասին զրոյցը տեղի ունեցաւ գեղեցիկ Կեսարիոյ Փիլիպպոսի քաղաքին մէջ, որ հարուստ է գեղեցիկ պալատներով, ու կը գտնուի հմայիչ բնական միջավայրին մէջ՝ Հերմոն լերան ստորոտը, բայց նաեւ դաժան իշխանութեան շրջանակներուն աթոռն է եւ դաւաճանութեան եւ անհաւատարմութեան վայրը։
Այս պատկերը մեզի կը խօսի աշխարհի մը մասին, զոր Յիսուսը կը համարէ բացարձակապէս անկարեւոր անձնաւորութիւն, ամենէն շատ հետաքրքիր անձ, որ կարող է զարմանք յառաջացնել իր անսովոր խօսելաոճով եւ գործելակերպով։
Ապա կայ Յիսուսի հարցումին մէկ այլ հնարաւոր պատասխան. Հասարակ ժողովուրդին պատասխանը, Անոնց համար Նազովրեցին «շաղակրատ» մը չէ. այլ ազնիւ մարդ մը, քաջ, լաւ խօսով եւ ճիշդ բաներ ըսող , ինչպէս Իսրայէլի պատմութեան միւս մարգարէները։ Ասոր համար կը հետեւին Անոր, այնքան ժամանակ որ այդ մէկը կարող են ընել առանց չափազանց վտանգներու եւ անյարմարութիւններուն։ Բայց զայն կը նկատեն պարզ մարդ մը, եւ ասոր համար վտանգի պահուն, Չարչարանքներու ժամանակ, անոնք եւս կը լքեն զայն ու կը մեկնին յուսախաբ։
Այս երկու վերաբերմունքներուն մէջ աչքի զարնողը անոնց արդիականութիւնն է։ Իրականութեան մէջ անոնք կը մարմնաւորեն գաղափարներ, որոնք մենք կարող ենք դիրութեամբ գտնել՝ գուցէ արտայայտուած տարբեր լեզուով, բայց էութեամբ նոյնը մեր ժամանակներուն բազմաթիւ տղամարդոց եւ կանանց շրթներուն վրայ։
Նոյնիսկ այսօր կան բազմաթիւ շրջանակներ, ուր քրիստոնէական հաւատքը համարուած է իմաստազուրկ բան մը, սահմանուած թոյլ եւ տկար մարդոց համար. Շրջանակներ, ուր անոր կը նախընտրուին այլ ապահովութիւններ, ինչպէս արհեստավարժութիւնը, դրամը, յաջողութիւնը եւ իշխանութիւնն ու հաճոյքը։
Անոնք այնպիսի միջավայրեր են, ուր դիւրին չէ վկայել եւ հռչակել աւետարանը եւ ուր հաւատացողը ենթարկուած է ծաղրանքի, արհամարհանքի կամ ալ առաւելագոյնը աջակցութեան կամ խղճանքի։ Սակայն այս պատճառով, անոնք վայրեր են, ուր առաքելութիւնը հրատապօրէն անհրաժեշտ է, քանի որ հաւատքի պակասը իր հետ կը բերէ ողբերգութիւններ, ինչպէս կեանքի իմաստի կորուստը, ողորմածութեան մոռացումը, անհատի արժանապատուութեան ոտնահարումը, ընտանիքին ճգնաժամը եւ շատ այլ վէրքեր, որոնցմով ոչ քիչ կը տառապի մեր հասարակութիւնը։
Նոյնիսկ այսօր չեն պակսիր տարածքներ, ուր Յիսուս գնահատուած ըլլալով մարդու կողմէ, վերածուած է յատկութիւններով օժտուած ղեկավարի, կամ գերմարդի եւ սա ոչ միայն անհաւատներուն համար այլեւ շատ մկրտուածներու միջեւ, որոնք այդպիսով ՝այդ մակարդակով կ՝ապրին փաստացի Անաստուածութեան մէջ։
Այս է մեզի վստահուած աշխարհը, ուր ինչպէս շատ անգամ մեզի սորվեցուց Ֆրանչիսկոս Պապը կանչուած ենք վկայելու Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ ուրախ հաւատքը։ Հետեւաբար մեզի համար նոյնպէս էական է կրկնել «Դուն ես Քրիստոսը՝ Կենդանի Աստուծոյ Որդին (Մատթէոս 16։16)։
Անհրաժեշտ է սա կատարել նախ եւ առաջ Անոր հետ մեր անձնական յարաբերութիւններուն մէջ, մեր ամենօրեայ դարձի ճանապարհի նուիրուածութեան մէջ։ Բայց նաեւ որպէս եկեղեցի, ապրելով միասին Տիրոջ պատկանելիութիւնը եւ բարի լուրը բոլորին հասցնելով ( VAT. II, Dogmatic Constitution Lumen gentium, 1):
Սա ես կ՝ըսեմ նախ եւ առաջ ինծի համար, որպէս Պետրոսի յաջորդը, մինչ կը սկսի իմ առաքելութիւնս, որպէս Հռոմի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս՝ կոչուած սիրով նախագահելու համընդհանուր եկեղեցւոյ, Համաձայն Անտիոքի Սուրբ Իգնատիոսի յայտնի արտայայտութեան (Հռոմէացիներուն ուղղուած նամակ, Ողջոյն):
Ան՝ շղթաներով առաջնորդուած դէպի այս քաղաք՝ իր անխուսափելի զոհաբերութեան վայրը, այնտեղ գտնուող քրիստոնեաներուն գրեց. «Ես իսկապէս կը դառնամ Յիսուսի Քրիստոսի աշակերտը այն ժամանակ՝ երբ աշխարհը չտեսներ իմ մարմինս։ (Հռոմէացիներին ուղղուած նամակ, IV, 1): Ան նկատի ունէր կրկէսի վայրի մէջ գազաններու կողմէ բզկտուած ըլլալը եւ այդպէս ալ պատահեցաւ, սակայն անոր խօսքերը աւելի ընդհանուր իմաստով կը յիշեցնեն եկեղեցւոյ իշխանութեան ծառայութիւն մատուցող իւրաքանչիւրին համար անփոխարինելի պարտաւորութիւնը՝ անհետանալ, որպէսզի մնայ Քրիստոս, փոքրիկ դառնալ, որպէսզի Ան ճանչցուի եւ փառաւորուի (Յովհ. 3։30), ամբողջութեամբ նուիրուիլ` որպէսզի ոչ մէկուն պակսի զինք ճանչնալու եւ սիրելու հնարաւորութիւնը։
Թող Աստուած ինծի պարգեւէ այս շնորհը, այսօր եւ միշտ եկեղեցւոյ Մայր Մարիամի քնքուշ բարեխօսութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ