MAP

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Աւետարանել՝ կրթելով, կրթել աւետարանելով

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին պատգամը «Քրիստոնեայ դպրոցներու եղբայրներ» հաստատութեան անդամներուն։ «Լա Սալի» ընտանիքի կրթական եւ մասնագիտական առաքելութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 15 մայիսին, առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Քահանայապետական իրաւունքով «Քրիստոնեայ դպրոցներու եղբայրներ» հաստատութեան անդամները ու անոնց փոխանցած պատգամը կեդրոնացուց հաստատութեան վերաբերող երկու իրադարձութիւններուն վրայ, առաջին՝ «In apostolicae dignitatis solio», Պենետիկտոս ԺԳ քահանայապետին կոնդակին երրորդ հարիւր ամեակը, որուն միջոցաւ քահանայապետը հաստատեց «Քրիստոնեայ դպրոցներուն եղբայրներ» հաստատութեան կանոնադրութիւնը, երկրորդ, Պիոս ԺԲ Պապին կողմէ, Սուրբ Ճովաննի Պաթթիսթա տը Լա Սալը բոլոր դաստիարակիչներուն պաշտպան սուրբ հռչակման 75 ամեակը»։

Ուշադրութիւն այժմէականութեան 

«Երեք դարեր ետք հաճելի է նկատել, թէ ձեր ներկայութիւնը կը շարունակէ իր հետ բերել հարուստ եւ լայնածաւալ կրթական իրականութեան թարմութիւն, որուն միջոցաւ տակաւին աշխարհի տարբեր անկիններու մէջ ոգեւորութեան, հաւատարմութեան եւ զոհաբերութեան հոգիով կը նուիրուիք երիտասարդներուն դաստիարակչութեան, ըսաւ Քահանայապետը, վերոյիշեալ հաստատութեան անդամներու յղած պատգամին մէջ աւելցնելով «այս տարեդարձներուն լոյսին ներքոյ, կ՝ուզեմ ձեր հետ կեդրոնանալ ձեր պատմութեան երկու երեւոյթներուն վրայ, որոնք կարեւոր կը նկատեմ ձեր՝ բոլորիդ համար. «Այժմէականութեան ուշադրութիւնը եւ հասարակութեան մէջ ուսուցումին հոգեւոր եւ միսիոնարական ծաւալը», ընդգծեց ՍրբազաՆ Հայրը ապա նշեց, «ձեր առաքելութեան սկիզբը, շատ կը խօսուի ընթացիկ իրադարձութիւններուն մասին։ Սուրբ Յովհաննէս Պաթթիսթա Տը Լա Սալը սկսաւ արձագանգելով աշխարհական մարդու մը Adriano Nyel-ի օգնութեան կոչին, որ կը պայքարէր իր «աղքատներուն դպրոցները» ոտքի պահելու համար։ Ձեր հիմնադիրը անոր օգնութեան խնդրանքին մէջ ճանչցաւ Աստուծոյ նշան մը, ընդունեց մարտահրաւէրը եւ անցաւ աշխատանքի։ Այսպիսիով իր սեփական մտադրութիւններէն եւ սպասումներէն անկախ ստեղծեց նոր համակարգ», ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ Սուրբ Յովհաննէս Պաթթիսթա Տը Lա Սալը բնորոշուեցաւ իր ժամանակին մարտահրաւէրներուն արձագանքելով, ստեղծելով անվճար եւ բաց դպրոցներու համակարգ, նորացնելով ուսուցման մեթոդաբանութիւնը եւ ներգրաւելով ընտանիքները կրթական գործընթացքին մէջ։

«Նորարականութեան եւ ընկերային կարիքներուն արձագանքելու այս հոգին մեզ նաեւ կը հրաւիրէ մտածելու ժամանակակից մարտահրաւէրներուն շուրջ». Մեկուսացման, յարաբերականութեան, անհատականութեան եւ մակերեսութեան, որոնք կը խոչընդոտեն երիտասարդներուն ներդաշնակ զարգացումը։ Հետեւաբար «կարեւոր է շարունակել մշակել նոր լեզուներ եւ միջոցներ երիտասարդներուն հասնելու համար, օգնելով անոնց յաղթահարելու խոչընդոտները եւ ապրիլ քաջութեամբ եւ արժէքներով»։

 Ուսուցումի միսիոնարական եւ ծառայողական ծաւալը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Յովհաննէս Պաթթիսթա Տը Լա Սալի ուսուցումի միսիոնարական եւ ծառայողական ծաւալի վրայ. Սուրբ Տը լա Սալը կը ցանկանար, որ ուսուցիչները ըլլան եղբայրներ, այլ ոչ թէ քահանաներ, ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով աշխարհականներու կրթութեան վրայ, որպէս ծառայութիւն՝ համապատասխանով կրթութեան միջոցաւ աւետարանելու սկզբունքին։

Ծառայութեան այս կոչումը, որ կ՝արտայայտուի ուսուցումի երդման մէջ, դպրոցը կը դարձնէ քահանայական եւ մարգարէական ծառայութեան արտայայտութիւն, որ տեսանելի է մկրտութեան ծառայութեան վկայութիւն տուող կրօնականներու օծումի միջոցաւ։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը քաջալերեց խթանելու եւ մշակելու Տը Լա Սալի կրօնական կոչումները, որպէսզի անոնք կարողանան նպաստել երիտասարդներու միջեւ սրբութեան ուղեւորութիւններուն եւ ամրապնդել կրթական առաքելութիւնը։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց աշխատանքը, նուիրուածութիւնն ու աղօթքը շարունակելու մաղթանքով եւ առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով Լա Սալեան ընտանիքին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2025, 11:12