MAP

Պետրոս Առաքեալի դերը․ Ֆրանչիսկոսի անտիպ հարցազրոյցը

Սրբազան Քահանայապետի 2021ի ձայնագրութիւնը, որ պէտք էր ներփակուիլ վաւերագրական շարժանկարի մը մէջ, կը հեռարձակուի «ESNE - El Sembrador, Nueva Evangelización» հեռուստակայանով: «Այս է Եկեղեցին, որ կը յաղթէ՝ Նահատակաց Եկեղեցին, վկայութեան Եկեղեցին: Որովհետեւ նահատակութիւն կը նշանակէ վկայութիւն» եւ այդ վկայութիւնը Եկեղեցւոյ իրական յաղթանակն է:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Աստուծոյ նկատմամբ լիակատար վստահութիւնը, տկար եւ մեղաւոր ըլլալու գիտակցումը, բոլորին ծառայելու նորոգուած յորդորը քահանաներուն, վերաբերմունքը ժամանակակից նահատակներու նկատմամբ եւ մտահոգութիւնը գաղթականներու նկատմամբ․ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս նիւթերուն անդրադարձած էր Սանթա Մարթայի մէջ 2021 թուականին Նօէլ Տիասի հետ երկխօսութեան ժամանակ: Տիասը «El Sembrador – Nueva Evangelización»՝ Աստուծոյ Խօսքը հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի միջոցաւ աւետող սպանախօս ցանցին հիմնադիրն է:

«Դուք այսօր իրաւայաջորդն էք մարդու մը, որուն անունը Սիմոն էր։ Ի՞նչ կը յիշեցնէ Ձեզ այս Գիրը»։ Այս եղած էր Նօէլ Տիասին առաջին հարցումը, որուն Ֆրանչիսկոս պատասխանած էր չորս քայլերու միջոցաւ․

Նախ, այն, որ Յիսուս Սիմոնին ընտրեց ժողովուրդի մէջէն, որ իր շուրջը հաւաքուած էր, երբ կը քարոզեր:

Երկրորդ, Յիսուս, որպէսզի վստահութիւն ստեղծէ, բոլորի համար անսպասելի հրաշք գործեց Խօսքի միջոցաւ։

Երրորդ Յիսուսի կողմէ գործած հրաշքի առջեւ գիտակցելով իր փոքր եւ մեղաւոր ըլլալը ծունկի կու գայ եւ կ’ըսէ, «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ» ։

Եւ չորրորդ, որ ճիշտ այստեղ է, որ Յիսուս կ’օծէ զայն որպէս Եկեղեցւոյ հովիւ․ «Որովհետեւ դուն մեղաւոր ես եւ որովհետեւ հետեւած ես ինծի, ասկէ ետք մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս», ըսած էր Ֆրանչիսկոս մէջբերելով Աւետարանի խօսքերը եւ աւելցուցած՝ «Յիսուս զԱյն կ’օծէ եպիսկոպոս, քահանայ: Չ’օծէր պաշտօնը բարձրացնելու, երկիրը պաշտօնավարելու եւ քաղաքականապէս կազմակերպելու համար»:

«Իսկ Դուք ինչպէ՞ս կը վերաբերիք Ձեզ՝ որպէս Պետրոսի իրաւայաջորդ», երկրորդ հարցումին Ֆրանչիսկոս պատասխանած էր․Կը զգամ, որ Տէրը ինծի կ’ուղեկցի, Ան է, որ կ’ընտրէ, Ան սկսած է այս պատմութիւնը։ Ան է որ զիս կոչեց, Ան է որ ինծի կ՛ըներանայ: Եւ չնայած իմ անհաւատարմութիւններուն, քանի որ ես Պետրոսի նման մեղաւոր եմ, Ան չլքեր զիս: Եւ ես կը զգամ, որ հոգ կը տանի ինծի։

Պետրոսի դերը եւ անոր հաւատքի ճամբորդութիւնը

Սիմոն կը ճանչնայ Յիսուսին որպէս Մեսիա։ Յիսուս զայն կ’անուանէ Պետրոս (յունարէն՝ ժայռ)՝ «ժայռ», որուն վրայ կ’ուզէ կառուցել իր Եկեղեցին։ Եւ զայն պիտի կառուցէ մարդկային փխրունութեան վրայ, որ սակայն քարի ամրութիւն ունի այնքանով, որքանով ան կ’ապաւինէ Յիսուսի խօսքին, նկատել տուած էր Նորին Սրբութիւնը եւ շարունակած, որ այդ ուղեւորութիւնը, այնուամենայնիւ, դիւրին պիտի չըլլար, Պետրոսին Յիսուս չի խոստանար իշխանութիւն ու փող, այլ կը հաստատէ, որ պիտի հանդիպի դժուարութիւններու, ներառեալ խաչին, եւ ճանաչի վտանգներուն, ներառեալ գայթակղութիւններուն՝ հեռանայ Յիսուսի փրկութեան ծրագիրէն, սակայն Տէրը պիտի չլքէ զայն ու հոգայ անոր։

Պետրոսի եւ իւրաքանչիւր աշակերտի ամրութիւնը կախուած է Յիսուսի Խօսքի նկատմամբ հաւատքէն: Անորմէ հեռանալու պարագային Պետրոս, ինչպէս եւ միւս աշակերտները կը դառնան ցանկացած մարդու նման փխրուն։

Նահատակութիւնը որպէս վկայութիւն

Հարցազրոյցի միջոցաւ Ֆրանչիսկոս իրեն յատուկ ոճով հրաւիրած էր հետեւելու Յիսուսին խոնարհութեամբ եւ վստահութեամբ, դիմակայելու չար ուժերուն եւ քաջութեամբ վկայելու մեր հաւատքը, անգամ նահատակութեան աստիճան․ «Այս է Եկեղեցին, որ կը յաղթէ՝ Նահատակաց Եկեղեցին, վկայութեան Եկեղեցին: Որովհետեւ նահատակութիւն կը նշանակէ վկայութիւն» եւ այդ վկայութիւնը Եկեղեցւոյ իրական յաղթանակն է:

Յիսուս կը զգուշացուցչէ, որ, չնայած հալածանքներուն, անարդարութիւններուն կամ ներքին յարձակումներուն, չարի, դժոխքի ուժերը պիտի չյաղթեն Եկեղեցիին։ Իսկական ուժը Հօր յայտնութեան եւ Անոր վրայ դրուած յոյսի մէջ է, հաստատած էր այդ ժամանակ Սրբազան Պապը որուն այս անտիպ հարցազրոյցը աւարտած էր բոլորի եւ յատկապէս գաղթականներուն նուիրուած օրհնութեամբ եւ աղօթքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2025, 15:00