Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, Պենետիկտոս ԺԶ-ի եւ Ֆրանչիսկոսի Վարդապետութիւնը Մայիս ամսուայ «քահանայապետական աղoթքներու դիտաւորութեան» պատգամին հիմք
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 2025 թուականի Մայիս ամսուայ «քահանայապետական աղօթքներու դիտաւորութեան»՝ նախապէս մտածուած պատգամին մէջ, հրաւիրած է աղօթել «Աշխատանքային պայմաններուն համար»:
Անոր մահուան պատճառաւ տեսանիւթի ձեւաչափը փոփոխութիւններու ենթարկուած է՝ անոր մէջ կը ներկայացուին այդ նիւթի վերաբերեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետերու մտածականները՝ ուղեկցութեամբ աշխատանքային կեանքէն ներս տարբեր փորձառութիւններու համադրական պատկերներով։
«Աղօթել աշխատանքային պայմաններու համար, որպէսզի աշխատանքով իւրաքանչիւր մարդ ինքզինք իրագործուած զգայ, ընտանիքները կարողանան արժանապատուաբար ապրիլ, եւ հասարակութիւնը դառնայ աւելի մարդասէր»։
Այս է վերջին երեք Քահանայապետերու Վարդապետութեան վրայ հիմնուած աղօթքի դիտաւորութիւնը, որ կ’առաջարկուի Մայիս ամսուայ համար։
Արժանապատիւ աշխատանք բոլորի համար, որ հիմնարար է եւ պէտք է պաշտպանուած ըլլայ անհաւասարութիւններէն եւ անարդարութիւններէն։ Այս է, որ կ’ընդգծեն Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետերը՝ հաստատելով, որ աշխատանքի բնագաւառին առանցքը ու առաջնահերթութիւնը պէտք է մարդը ըլլայ։
Աշխատանք եւ արժանապատւութիւն
Աշխատանքի արժէքը աւելի անդին կ’երթայ տնտեսական բնոյթէն կամ տնտեսական անկախութենէն, որ նոյնպէս կարեւոր է, սակայն աշխատանքը առաջին հերթին հասարակութեան մէջ կատարուող ներդրում է, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն աստուածային արարչագործութեան։ Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի Հիմնադրամի հիմնադիր եւ վարչական խորհուրդի անդամ Սթեֆանօ Սիմոնթաքին այսպէս կ’ամփոփէ աշխատանքին հայող Քահանայապետերու Վարդապետութիւնը։
Յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապի արտայայտութիւնը թէ՝ «Աշխատանքը արժանապատւութեան օծում է», ան կը շեշտէ, որ մեծ նորարարութիւններու այսօրեայ դարաշրջանը, ինչպիսին արհեստական բանականութիւնն է, պէտք է մղէ մեզի խթանելու զօրակցութեան համակարգերը որպէս ընկերային համախմբութեան ձեւ, որմէ ներս «մեր կողմնացոյցները պիտի ըլլան երախտագիտութիւնը, յարգանքը եւ զօրակցութիւնը»։
Աշխատանքը պէտք է զերծ մնայ անհաւասարութիւններէ
Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի միջազգային տնօրէն Հայր Քրիսթոպալ Ֆոնսը, իր հերթին մէջբերելով Սուրբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի «Laborem exercens» Յորդորագիրը, կը նշէ, որ աշխատանքը կը բազմապատկէ «մարդկային արժանապատւութիւնը, եղբայրական միութիւնը եւ ազատութիւնը: Քրիստոնեայի աշխատանքի շնորհիւ, որ կը զուգակցուի անոր աղօթքի հետ, աշխարհը կը յառաջադիմէ եւ, այն ինչ որ աւելի կարեւոր է»՝ թոյլ կու տայ «նպաստել Աստուծոյ Արքայութեան զարգացման»:
Անոր իրաւայաջորդը՝ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, «Caritas in veritate» Յորդորագիրին մէջ կը հաստատէ, որ մարդը չպէտք է թոյլ տայ, որ զինք «ստրկացնեն աշխատանքով, աշխատանքը պէտք է զերծ մնայ անհաւասարութիւններէ, ուր պէտք է յարգուի իւրաքանչիւր մարդու արժանապատւութիւնը, կը շարունակէ Ֆոնսը։
Ան ապա նկատել կու տայ թէ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի Վարդապետութիւնը շարունակութիւնն է իր նախորդներու ուսմունքին, ըստ որու «Եթէ կ’ուզենք աւելի արդար հասարակութիւն, պէտք ենք նպաստել արժանապատիւ, կայուն զբաղուածութեան՝ առողջ միջավայրի մը մէջ եւ համապատասխան անվտանգութեան միջոցներով եւ ներառելով հիմնարար իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքը եւ ընկերային պաշտպանութիւն», ինչը հնարաւոր է «եթէ հրաժարինք ամէն գնով շահոյթի տրամաբանութիւնէն»։
Ֆրանչիսկոս կ’ընդգծէ, որ հաց վաստակիլը մարդուն արժանապատւութիւն կու տայ։ Յիսուս, Ինք, կ’աշխատէր որպէս ատաղձագործ՝ «բաւականին ծանր աշխատանք», որ «մեծ եկամուտ չ’երաշխաւորէր», եւ որ, սակայն Ան կը կիսէր իր բոլոր աշխատողներուն հետ։
2025 թուականի Սուրբ Տարին եւ Քահանայապետի պատգամի կարեւորութիւնը
Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը առանձնայատուկ կերպով արդիական է 2025 թուականի Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս եւ, յոբելենական ներման շնորհը ստանալու համար, անհրաժեշտ է աղօթել այս դիտաւորութիւններուն համար։
Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը շեշտած է, որ Տիրոջ կը վստահի ապագայ նոր Քահանայապետի առաքելութիւնը եւ կը շարունակէ աղօթել մարդկութեան մարտահրաւէրներու եւ Եկեղեցու առաքելութեան համար։
160 միլիոն մանուկներ ստիպուած են աշխատիլ
Ի հետեւութիւն մարդոց հոգեւոր ու նիւթական բարեկեցութեան համար Քահանայապետերու մտահոգութեան՝ 19-րդ դարի վերջաւորութենէն աշխատանքի աշխարհը մշտապէս ներկայ է Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան մէջ։ ՄԱԿ-ի եւ ԱՄԿ-ի տուեալներու համաձայն, աշխարհի մէջ 402,4 միլիոն մարդ անաշխատանք է, 160 միլիոն մանուկներ ստիպուած են աշխատիլ, 240 միլիոն աշխատողներ օրական կը վաստակին 3,65 տոլարէն պակաս գումար եւ աշխարհի աշխատունակ բնակչութեան աւելի քան 60 առ հարիւրը ՝ շուրջ 2 միլիարդ մարդ, չունի աշխատանքային իրաւունքներ եւ ընկերային պաշտպանութիւն:
Քահանայապետական աղօթքներու դիտաւորութիւնները
Նշենք, թէ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի «Քահանայապետական աղօթքներու դիտաւորութեան» պատգամները 2016 թուականի 6 Յունուարէն ուղեկցուած են տեսերիզներով՝ համագործակցութեամբ Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցին։ Նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած էր Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն շրջագիծէն ներս՝ օգնելու համար մարդոց ճանչնալու աշխարհի ու եկեղեցւոյ դիմաց կայացած մարտահրաւէրները եւ աղօթելու եւ գործելու մարդկութեան ու եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։
Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը
Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը հիմնադրուած է 1844ին, որուն առաքելութիւնն է շարժումի մէջ դնել կաթողիկէները՝ աղօթքի ու գործունէութեան միջոցաւ դիմագրաւելու համար մարդկային եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան մարտահրաւէրները։ Այդ մարտահրաւէրները ամէն ամիս ներկայացուած են աղօթքի դիտաւորութիւններով զոր Քահանայապետը կը յանձնէ համայն եկեղեցւոյ։
Ցանցը Ներկայ է 98 երկիրներուն մէջ որուն մաս կը կազմեն 35 միլիոն կաթողիկէներ։ Ան ունի նաեւ երիտասարդաց բաժանմունքը։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անոր նոր սահմանադրութիւնը վաւերացուց 2018ի մարտին։
Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի Հիմնադրամ
Հիմնադրամը Հիմնադրուած է 2024 թուականի Յունուարին, շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է, որուն նպատակն է աջակցիլ Պապի համաշխարհային աղօթքի ցանցի միջազգային գործունէութեանն ու նախագիծերրուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ