«Extra Omnes» - Սկիզբ առաւ Կարդինալներուն պապընտիր դռնփակ ժողովը` Քոնքլավը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
7 Մայիս 2025-ի կէսօրէն ետքը ժամը 16,30-ին Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Ծիրանաւորները, Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով 133 Կարդինալները, իրենց պաշտօնական տարազներով թափօրով մուտք գործեցին Վատիկանի Սիքստինեան մատուռ ուր նախատեսուած է անոնց պապընտիր դռնփակ ժողովը, Քոնքլավը։
133 Կարդինալները կը ներկայացնեն աշխարհի բոլոր ցամաքամասերը անոնցմէ 17-ն ափրիկեցի են եւ եկած են Ափրիկեան 16 Երկիներէ, 37-ն Ամերիկայէն ու եկած են այդ ցամաքամասի 15 երկիներէ, Ասիական ցամաքամասի կարդինալներուն թիւը 23 է մինչ անոնց ծագման երկիներուն թիւը 17, ապա կայ Եւրոպան իր 52 Կարդինալներով որոնք եկած են 18 երկիներէ, եւ ի վերջոյ Ովկիանեան որ ունի չորս կարդինալ ցամաքամասի տարբեր չորս երկիրներէ։
Անոնք նախ համախմբուեցան Սիքստինեան մատրան մօտը գտնուող Պօղոսեան մատրան մէջ ուր ամփոփուեցան նախ առանձնական լռելեան աղօթքի մէջ, ապա կարդինալներուն աւագերէց եւ ժողովը նախագահող Ծիրանաւորը` Փիեթրօ Փարոլին յայտարարեց թէ այժմ մուտք պիտի գործեն «քոնլքավ» ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած հայցելով Սուրբ Հոգիին շնորհքը, որպէսզի արժանի Հովիւ մը ընտրէ իր Հօտին համար։
«Թող Տէրը առաջնորդէ մեր քայլերը ճշմարտութեան մէջ» ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլինը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին ու բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը, որմէ ետքը սկիզբ առաւ թափօրը լիթանիայի արտասանութեամբ, մինչ կարդինալները կարգով դուրս կու գային Պօղոսեան մատուռէն ուղղուելով Սիքստինեան մատուռ, առաքելական սահմանադրութենէն նախատեսուած յատուկ կարգով մը` նախ սրակաւագական կարգի պատկան Ծիրանաւորները ապա քահանայական կարգի կարդինալները հուսկ եպիսկոպոսական կարգի կարդինալները, մինչ թափօրը փակեց Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու արարողապետ Գերապայծառ Տիեկօ Ռավելլին։
Սիքստինեան մատուռ մուտքէն ետքը իւրաքանչիւր կարդինալ գրաւեց իրեն վրապահուած աթոռը եւ Լիթանիայի երգեցողութենէն ետքը երգեցուեցաւ «Եկ Սուրբ Հոգի» շարականը որմէ ետքը տեղի ունեցաւ այլ աղօթքի պահ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան երդման արարողութիւնը, ընթերցելով երդման բանաձեւը հուսկ իւրաքանչիւր կարդինալ իր անունը տալով հաստատեց. «Կը խոստանամ, կը պարտաւորուիմ, երդում կ՛ընեմ» ձեռքը դնելով Աւետարանին վրայ։ Անոնցմէ առաջինը եղաւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը որուն հետեւեցան Եպիսկոպոսական Կարգի կարդինալները ապա քահանայական կարգի հուսկ սարկաւագական կարգի կարդինալները։
Վերջին կարդինալին արտասանած երդման բանաձեւի աւարտին, Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ Գերապ. Ռավելլին, հրաւիրեց բոլոր ներկաները դուրս գալու, բացի ընտրող կարդինալներէն ու Կարդինալ Քանթալամեսսայէն, արտասանելով «extra omnes» բանաձեւը` «Բոլորդ Դուրս» ու փակեց Սիքստինեան Մատրան կեդրոնական դուռը։
Աւելի ուշ Գերապայծառ Ռավելլին ու Կարդինալ Քանթալամեսսան, որ ութսուն տարեկանը անց Ծիրանաւոր է, դրուս եկան մատուռէն այս վերջինիս ներկայացուցած երկրորդ քարոզ-յորդորէն ետքը, ու այնտեղ մնացին միայն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով 133 Ծիրանաւորները սկիզբ տալով պապընտիր դռնփակ ժողովի այսօր նախատեսուած է միայն մէկ քուէարկութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ