MAP

2025.05.08 Elezione del Romano Pontefice

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագը 18 մայիսին

Քահանայապետական Տան կառավարութիւնը հրապարակային դարձուց նորընտիր Քահանայապետի մայիս ամսուայ ընթացքին նախատեսուած գործունէութիւնը։ Եկող Կիրակի Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը, այնուհետև հանդիպում միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, Քուրիայի և Վատիկանի աշխատակիցներու և դիւանագիտական Մարմնի հետ, ապա Պապական Պազիլիքաներու
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 18 Մայիս 2025-ի, առաւօտեան ժամը 10-ին, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի նախագահէ Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագը։ Այս կարեւոր իրադարձութեան լուրը հաղորդեց Քահանայապետական Տան կառավարութիւնը որ այսօր հրապարակեց Սրբազան Պապին մայիս ամսուայ ընթացքին նախատեսուած գործունութիւնները։

Վաղը` շաբաթ 10 Մայիսին, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը պիտի հանդիպի կարդինալներուն հետ, ապա Կիրակի օր 11 մայիսին Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն պիտի գլխաւորէ Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը։ 12 Մայիսին նախատեսուած է անոր հանդիպումը միջազգային մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, որ այս օրերուն Հռոմ կը գտնուին Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան եւ Նոր Քահանայապետի ընտրութիւններուն լուրերը լուսաբանելու համար։

16 Մայիսին օրակարգի վրայ է Լեւոն ԺԴ հանդիպումը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն հետ, մինչ 20 մայիսին Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը պիտի ստանձնէ Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոս Քահանայապետական տաճարի իշխանութիւնը ու յաջորդ օրը 21 Մայիսին պիտի գլխաւորէ չորեքշաբթի օրուայ իր առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։

Շաբաթ` 24 Մայիսին նախատեսուած է այլ հանդիպում այս անգամ Հռոմի Քուրիայի եւ Վատիկան Քաղաք - Պետութեան պաշտօնեաներուն հետ, հուսկ ամսուայ վերջին կիրակին` 25 Մայիսին, Սրբազան Պապը նախ պիտի գլխաւորէ Ուրախ Լեր թագուհի Մարեմեան աղօթքը ապա պիտի ստանձնէ Լատերանեան Քահանայապետական Աւագ Տաճարի ու Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի իշխանութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2025, 13:54