Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզը աւետեց 267-րդ Քահանայապետին ընտրութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սպիտակ ծուխ։ Այս էր համայն աշխարհին սպասած լուրը։ Սիքստինեան մատուռի ծխնելոյզը արձակեց սպիտակ ծուխը աւետելով որ Սիքստինեան Մատրան մէջ պապընտիր դռնփակ ժողովին մասնակցող 133 կարդինալները դրական արդիւնքով աւարտեցին իրենց քուէարկութիւնը եւ ընտրեցին Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդը, Հռոմի 267-րդ Եպիսկոպոսը, Տիեզերական Եկեղեցւոյ Քահանայապետը։
Հինգշաբթի 8 Մայիս 2025-ի ժամը 6,07-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները որոնց աչքերը անընդհատ սեւեռած էին Սիքստինեան Մատուռի տանիքին վրայ տեղադրուած ծխնելոյզին յուզմունքով լեցուած սկսան ծափահարել ու բարձրաձայն բացագանչել «Վիվա իլ Փափա Վիտա իլ Փափա- Կեցցէ Պապը», մինչ ոմանք ծունկի եկած սկսան աղօթել ու նոյնը ըրին արդի միջոցներով աշխարհի տարբեր վայրերէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին հետ կապուած միլիոնաւոր հաւատացեալներ ու միլիառաւոր անհատներ։
Ծուխէն ետք Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի զանգերը սկսան ուրախութեան ու հրճուանքի ղօղանջներ արձակել
Ֆրանչիսկոս Պապի մահէն 17 օր ետք Կաթողիկէ Եկեղեցին ունեցաւ նոր Քահանայապետ մը, եւ Սուրբ Պետրոսի Աթոռը թափուր ըլլալէն դադրեցաւ։
Ճերմակ ծուխի արձակումէն մի քանի վայրկեան ետք Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական մուտքի դիմացի հրապարակ ժամանեցին Զուիցերական պահակագունդի անդամները եւ իտալական ու Վատիկանեան ոստիկանութեան շեփորախմբերը, որոնք նուագեցին իտալական ու վատիկանեան քայլերգները սպսաելով նոր Քահանայապետի անուան յայտարարումին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ