Կարդինալ Ֆերնանտէզ. Ֆրանչիսկոս Պապը աշխատաւոր էր ու մեծ սէրով ապրեցաւ իր առաքելութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 1 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հոգեհանգստեան իննօրեայ աղօթքի հինգերորդ օրը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Սուրբ պատարագ մատուցեց, հաւատոյ վարդապետութեան վերատեսչութեան երբեմնի վերատեսուչ, կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնատէզ։
Մէկ մայիսին, որ Աշխատաւորներուն նուիրուած միջազգային օրն է, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան կարդինալական դասի անդամները եւ աշխարհի չորս վայրերէն ժամանած ուխտաւորները, որոնք Հռոմ եկած են Սուրբ դուռէն անցնելու համար։
Կարդինալ Ֆերնատնէզ իր արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նկարագրեց, որպէս հաւատարիմ աշխատաւոր, որուն առօրեայ աշխատանքները կը պատասխանէին Աստուծոյ անսահման սէրին ու կ՝արտայայտէին իր փափաքը՝ ուրիշներուն բարիքին ծառայելու, ըսաւ Կարդինալը աւելցնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապին համար աշխատանքը ուրախութեան աղբիւր էր կը սնանէր իր կեանքը որովհետեւ կը գնահատէր աշխատանքի արժանապատուութիւնը ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Փիեմոնթէ ժողովուրդին մշակոյթը, որոնք Արժանթինի մէջ նուիրուած են կառուցելու ապագայ մը՝ մեծ կամքով եւ նուիրուածութեամբ։
Կարդինալ Ֆերնանտէզ պատմեց, թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդ ըլլալով հանդերձ արձակուրդի եւ հանգստեան օր երբեք չէր առներ ու կը շարունակէր նուիրուածութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ապրիլ ու աշխատի, նաեւ իր կեանքի վերջին շաբաթներուն, երբ ուժաթափ էր, այնպէս ինչպէս այցելեց բանտարկեալներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապին կեանքը աշխատաւորներուն համար խթան էր, որովհետեւ իր օրինակը կը սորվեցնէ, որ աշխատանքը կ՝արտայայտէ եւ սնանէ մարդկային արժանապատուութիւնը, կը զարգացնէ հմտութիւնները, կը խթանէ յարաբերութիւնները եւ օգտակար ու աջակից զգալ կու տայ։
Ֆրանչիսկոս Պապը աշխատանքը կը նկատէր որպէս ձեւ մը՝ աղքատներուն օգնելու համար ու կ՝ընդգծէր որ ամենածանր աղքատութիւնը՝ մարդկութիւնը զրկելն է արժանապատուութենէն եւ աճի հնարաւորութիւններէն։
Ֆրանչիսկոս Պապը կը պաշտպանէր մարդու անսահման արժէքը, դէմ ըլլալով կեղծ արժեւորումներուն դէմ որ կը պարգեւատրէ միայն յաջողները եւ կ՝անտեսէ տկարներն ու նուազ բախտաւորները։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէր ապրելու աշխատանքը պատասխանատուութեամբ եւ յոյսով, որպէսզի բոլորը կարենան իրականացնել իրենց ձիրքերը եւ բարելաւեն ընկերութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապը մեծ սէր ունէր Սուրբ Յովսէփի նկատմամբ՝ որպէս համեստ աշխատանքի եւ հոգատարութեան օրինակ։
Կարդինալ Ֆերնատեէզ եզրափակեց իր քարոզը ըսելով որ Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ խրախուսած է աշխատանքը, որպէս արժանապատուութեան, աջակցութեան , մարդկային եւ քրիստոնէական աճումին արտայայտութիւն, ոգեշնչելով բոլորը՝ ապրելու նուիրուածութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ