MAP

133 ընտրող կարդինալները արդէն Հռոմ կը գտնուին. Կը սպասուի մարդոց մօտիկ Հովիւի մը ընտրութիւնը

Կարդինալական միաբանական 10րդ ժողովի ընթացքին տեղի ունեցան 26 ելոյթներ որոնց ընթացքին շօշափուեցան հետեւեալ նիւթերը` Եկեղեցական Կանոնադրութիւնը և Վատիկանի քաղաք-պետութեան դերը։ Եկեղեցւոյ միսիոներական բնոյթը։ Քարիթասի դերը աղքատներու պաշտպանութեան գործին մէջ, ապա ընդգծուեցաւ բազմաթիւ լրագրողներու ներկայութիւնը՝ որ ապացոյցն է թէ Աւետարանը իմաստ ունի այսօրեայ աշխարհի համար՝ որպէս պատասխանատուութեան կոչ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր երկուշաբթի` 5 մայիսին տեղի ունեցաւ Պապընտիր կարդինալական միաբանական տասներորդ ժողովը, որ սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը ինին աղօթքով եւ որուն մասնակցեցան 179 կարդինալներ որոնցմէ 132 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ են։ Կայ նաեւ ընտրելու իրաւունքով այլ կարդինալ մը` Սարայեւոյի վաստակաւոր Ծիրանաւոր Վինքօ Փուլյիչ որ թէեւ Հռոմ կը գտնուի բայց առողջական պայմաններու պատճառաւ չի մասնակցեցաւ հաւաքին։

Այս լուրը փոխանցեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին։

Ան հաղորդեց նաեւ որ Կարդինալական միաբանական հաւաքի ընթացքին տեղի ունեցան 26 ելոյթներ, որոնց ընթացքին շօշափուեցան հետեւեալ նիւթերը` Եկեղեցական Կանոնադրութիւնը և Վատիկանի քաղաք-պետութեան դերը։ Եկեղեցւոյ միսիոներական բնոյթը։ Քարիթասի դերը աղքատներու պաշտպանութեան գործին մէջ, ապա ընդգծուեցաւ բազմաթիւ լրագրողներու ներկայութիւնը՝ որ ապացոյցն է թէ Աւետարանը իմաստ ունի այսօրեայ աշխարհի համար՝ որպէս պատասխանատուութեան կոչ։

Յիշուեցան հուսկ Քովիտ համավարակի ընթացքին կատարուած աղօթքները, որպէս վախի մէջ դէպի յոյս բացուած դուռ մը։

Շատեր նոր Քահանայապետէն կը սպասեն հովիւ մը` որ մօտիկ ըլլայ մարդոց, որ ըլլայ դուռ հաղորդութեան իր շուրջ համախմբելով բոլորը` Քրիստոսի արեան մէջ, աշխարհի մը մէջ ուր համաշխարհային համակարգը կը գտնուի տագնապի մէջ։

Արդարեւ խօսուեցաւ նաեւ հաւատքի փոխանցման մարտահրաւէրի մասին, արարչագործութեան խնամքի մասին, պատերազմի ու մասնատուած աշխարհի իրականութեան մասին, ընդգծելով Եկեղեցւոյ մէջ բաժանումի նկատմամբ մտահոգութիւնը։ Խօսուեցաւ նաեւ կոչումներու, ընտանիքի, կրթութեան ու զաւակներու խնդիրներու մասին։

Ելոյթներու ընթացքին յղումներ կատարուեցաւ Վատիկանեան Բ Ժողովի «Dei Verbum» Աստուածային յայտնութեան նուիրուած վարդապետական սահմանադրութեան, ակնարկելու համար թէ ինչպէս Աստուծոյ Խօսքը սնունդ մըն է Աստուծոյ Ժողովուրդին համար։

Կարդինալական Դասի աւագերէցը տեղեկացուց, որ վիճակահանութեամբ յատկացուեցան Տոմուս Սանթա Մարթայի ու հին Սանթա Մարթայի մէջ կարդինալներուն վերապահուած սենեակները։

Տիար Պրունին հուսկ նշեց` որ վաղը նախատեսուած է միայն առաւօտեան նիստը ու թէ ըլլայ Սիքստինեան մատրան մէջ, ըլլայ Սանթա Մարթայի բնակարաններուն մէջ աշխատանքները գրեթէ աւարտած են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2025, 14:06