MAP

VATICAN-RELIGION-POPE-CONCLAVE

Քոնքլավ, Սպիտակ ծուխէն մինչեւ «Habemus Papam»ը

Ահա թէ ինչ պատահեցաւ Սիքստինեան մատրան մէջ սպիտակ ծուխէն առաջ ու ինչ կը պատահի մինչեւ Նախասարկաւագ Կարդինաին` Տոմինիք Մամպերթիին, Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն կատարած յայտարարութիւնը։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Սիքստինեան մատրան ծխնելոյզէն դուրս եկած սպիտակ ծուխը հաւատացեալներուն ու աշխարհին աւետեց` թէ ընտրուած է Հռոմի նոր Եպիսկոպոսը, Սուրբ Պետրոսին յաջորդը։ Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ անկէ առաջ Միքելանճելոյի որմանկարած կամարներուն տակ եւ ի՞նչ կը պատահի մինչև նոր Քահանայապետի անուան հռչակումը, զոր նախասարկաւագ Կարդինալը, ֆրանսացի Տոմինիք Մամբերթին պիտի արտասանէ Սուրբ Պետրոսի տաճարի պատշգամէն «Habemus Papam» բանաձեւով

Քահանայապետ ընտրուելու համաձայնութեան արարողութիւնը

Ըստ «Ordo rituum Conclavis» եւ «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան, հազիւ թէ Սիքստինեան մատրան մէջ ներկայ կարդինալ մը ստացաւ քուէներուն մեծամասնութիւնը եւ կանոնադրութեան համաձայն տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը, Սարկաւագ Կարդինալներէն վերջինը Սիքստինեան Մատուռ կանչեց Կարդինալական Ժողովի Քարտուղարը եւ Քահանայապետական Ծիսական Արարողութիւններու Արարողապետը։

Կարդինալներուն աւագերէցը կամ իր ընտրութեան պարագային անոր փոխանորդը, լատիներէն լեզուով խնդրեց ընտրուածի համաձայնութիւնը հետեւեալ խօսքերով. «Կ'ընդունի՞ս քու կանոնական ընտրութիւնդ՝ ըլլալու Գերագոյն Քահանայապետ»։ Եւ հազիւ նորընտրեալէն համաձայնութիւնը ստացաւ, անոր հարցուց. «Ինչպէ՞ս կ'ուզես անուանուիլ»։

Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու արարողապետը, որ այդ պահուն կը վարէ Նոտարի պաշտօնը, երկու Արարողապետերու վկայութեամբ, շարադրեց ընտրուածի համաձայնութեան եւ ընտրած անունին փաստաթուղթը, եւ այդ պահէն սկսեալ ընտրեալը ստացաւ տիեզերական Եկեղեցւոյ ամբողջական եւ գերագոյն իշխանութիւնը

Այդ պահուն` այսինքն նոր Քահանայապետի քահանայապետ ընտրուելու համաձայնութեամբ, դադրեցաւ Քոնքլավը, ինչպէս նշուած է «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան մէջ, բացի եթէ վերջինս տարբեր կարգադրութիւններ սահմանէ։

Ուստի Սիքստինեան մատուռ մուտք գործեցին Պետական Քարտուղարութեան փոխանորդը, Պետութիւններու ու Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը եւ բոլոր այն անձերը, որոնք անմիջական գործ եւ հարկաւոր կարգադրութիւններ պէտք է տեսնեն նոր ընտրուած Քահանայապետին հետ։

Ծուխը ու արցունքներու կամ ողբի սենեակը

Քահանայապետ ընտրուելու համաձայնութեան արարողութեան աւարտին վ այրուեցան բոլոր քուէաթղթիկները, որոնք օգտագործուեցան ընտրութեան համար եւ ճերմակ ծուխը հաստատեց նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը։ Մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները ծափահարութեամբ ընկալեցին Քահանայապետի ընտրութեան լուրը եւ աշխարհը սպասումի մէջ է ճանչնալու համար անոր անունը, ընտրուածը դուրս կու գայ Սիքստինեան մատուռէն եւ կը մտնէ աւանդատուն` այդպէս կոչուած «Արցունքներու սենեակ» ուր Ծիսական Արարողութիւններու արարողապետի օգնութեամբ կը հագուի Քահանայապետական զգեստը։

Առաջին արարողութիւնը յարգանքի տուրքը եւ «Te Deum» գոհաբանական աղօթքը

Նորընտիր Քահանայապետը ապա կը վերադառնայ Սիքստինեան մատուռ ուր կը բազմի իրեն վերապահուած Աթոռին վրայ ուր տեղի կ՛ունենայ հակիրճ արարողութիւն մը, որ կը սկսի Եպիսկոպոսական Կարգի առաջին կարդինալի ողջոյնի խօսքով։ Ապա Քահանայական կարգի առաջին կարդինալը կը կարդայ Աւետարանի այն հատուածը ուր գրուած է «Դուն Պետրոսն ես, վէմ, եւ այդ վէմին վրայ պիտի կառուցեմ Եկեղեցիս», կամ «Արածէ իմ ոչխարներս»։ Ապա Նախասարկաւագ Կարդինալը կ՛աղօթէ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին նուիրուած աղօթք մը։

Ընտրող Կարդինալները հուսկ, ըստ կարգի, մեծարանքի եւ հնազանդութեան տուրք կը մատուցեն նորընտրեալ Քահանայապետին, ապա բոլորը միասին գոհութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ «Te Deum» գոհաբանական աղօթքի երգեցողութեամբ։

Նոր Քահանայապետին աղօթքը Պօղոսեան Մատրան մէջ

Սարկաւագ Կարդինալներէն առաջինը, Նախասարկաւագ Կարդինալը, այս պարագային Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամ երթալով, հաւատացեալներուն կ՛աւետէ տեղի ունեցած ընտրութիւնը եւ նոր Քահանայապետի անունը, հետեւեալ բանաձեւը արտասանելով . «Ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, Քահանայապետ մը ունինք», մինչ այդ նոր ընտրուած Քահանայապետը դուրս գալով Սիքստինեան մատուռէն ուղղուելու համար կեդրոնական պատշգամ կանգ կ՜առնէ Պօղոսեան մատրան մէջ, ուր կ՛աղօթէ լռելեան, Սուրբ Հաղորդութեան դիմաց, ապա կը շարունակէ իր ուղին դէպի Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամ, ուր կը յղէ իր ողջոյնի խօսքը եւ կը ջամբէ «Urbi et Orbi» (Քաղաքին եւ Աշխարհին) Առաքելական Օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2025, 18:11