MAP

2025.05.05 11ª Congregazione Cardinali

Պապընտիր Ժողովը կը մտնէ վճռական փուլ

Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ պապընտիր ժողովի նախապատրաստական կարդինալական միաբանական 11րդ ժողովը, որ սկիզբ առաւ կէսօրէն ետքը ժամը հինգին աղօթքի միասնական պահով մը մասնակցութեամբ 170 Ծիրանաւորներու որոնցմէ 132-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր երեքշաբթի 6 Մայիսի առաւօտեան Վատիկանի սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ կայացած վերջին կարդինալական միաբանական նախապատրաստական 12-րդ ժողովէն ետք Կարդինալական Պապընտիր Ժողովը Քոնքլավը կը մտնէ վճռական փուլ տրուած ըլլալով` որ վաղը կէսօրէն ետքը ընտրելու իրաւունքով կարդինալները, թիւով 133, թափօրով մուտք կը գործեն Սիքստինեան մատուր, ուր Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետի արտասանած «extra omnes» բանաձեւէն ետքը բոլոր անոնք որոնք ընտրութեան չեն մասնակցիր դուրս կու գան մատուռէն որուն դուռը կը կղպուի ըլլայ ներսէն ըլլայ դուրսէն` ճիշտ Քոնքլավի բառին բուն իմաստով «cum-clave – բանալիով»։

Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ պապընտիր ժողովի նախապատրաստական կարդինալական միաբանական 11րդ ժողովը, որ սկիզբ առաւ կէսօրէն ետքը ժամը հինգին աղօթքի միասնական պահով մը մասնակցութեամբ 170 Ծիրանաւորներու որոնցմէ 132-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։

Այս ժողովի ընթացքին եւս շարունակուեցան եկեղեցական ու հովուական մեծ նշանակութիւն ունեցող նիւթերու վերաբերեալ միջամտութիւնները, որոնց ընթացքին խօսուեցաւ գաղթականութեան նիւթի մասին, գաղթականները նկատելով Եկեղեցւոյ համար պարգեւ ու ընդգծելով անոնց ընկերանալու հրատապութիւնը անոնք թիկունք կանգնելով իրենց հաւատքին մէջ, անոնց ապրած փոփոխութեան ու տեղաշարժումներու ընթացքին։ Խօսուեցաւ նաեւ պատերազմներու մասին մի քանի Ծիրանաւորներու պատերազմական դաշտերէն ներկայացուցած անձնական վկայութիւններով։

Ակնարկուեցաւ նաեւ Սիւնհոդոսականութեան Սիւնհոդոսի ուղեւորութեան մասին, որպէս հաղորդութեան եկեղեցականութեան շօշափելի արտայայտութիւն, որուն կոչուած ենք մասնակցելու բոլորս, ունկնդրելով ու զատորոշելով միասին։

Ընդգծուեցաւ հուսկ Կարդինալներուն պատասխանատուութիւնը ու անոնց յանձնառումը թիկունք կանգնելու նոր Քահանայապետին որ կոչուած է ըլլալու իսկական Հովիւ մը, ղեկավար մը որ գիտէ դուրս երթալ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սահմաններէն՝ խթանելով երկխօսութիւնը և յարաբերութիւններու կառուցումը այլ կրօնական ու մշակութային աշխարհներու հետ։

Ժողովի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ աղանդներու տարածման հետ կապուած մարտահրաւէրներու մասին։

Ժողովը վերջ գտաւ ժամը եօթին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2025, 10:13