MAP

VATICAN-RELIGION-POPE-TAILOR

Սրբազան Քահանայապետ ընտրելու կարգը

Սիքստինեան մատրան մէջ կազմակերպուող Քոնքլաւի՝ Պապընտիր ժողովի բոլոր մանրամասները համաձայն Universi Dominici Gregis Առաքելական Սահմանադրութեան․ Ընտրող Կարդինալներու քուէարկութենէ մինչեւ թուճէ վառարանի մէջ այրուող քուէաթերթիկներու հաշուարկը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

«Eligo in Summum Pontificem». Այս գրութիւնը կրող քուէաթերթիկով է, որ Սիքստինեան Մատրան մէջ ընտրելու կոչուած 133 ընտրող Կարդինալները վաղուընէ՝ 7 Մայիսէն սկսեալ, պիտի ընտրեն Տիեզերական Եկեղեցւոյ 267րդ Քահանայապետը՝ համաձայն «Universi Dominici Gregis» Առաքելական Սահմանադրութեան։

Անոր մէջ կը կարդանք նաեւ, որ այդ քուէաթերթիկը՝ իր «ընտրեալի անունը գրելու տեղ»ով, «պատրաստուած է այնպէս, որ կարելի ըլլայ ծալել երկու մասի»։

Նախաքուէարկութեան փուլ

Արարողապետերը պիտի պատրաստեն եւ բաշխեն 2 կամ 3 քուէաթերթիկներ իւրաքանչիւր ընտրող Ծիրանաւորին։ Ապա վիճակահանութեամբ պիտի ընտրուին՝ երեք անձ քուէաթերթիկները ընթերցելու համար, երեք անձ հիւանդ Կարդինալներու ձայները հաւաքելու համար եւ երեք վերահսկիչներ։

Նախքան ընտրութիւններու փաստացի փուլը, Կարդինալական Դասի քարտուղարը, Քահանայապետական ​​​​ծիսական արարողութիւններու ղեկավարը եւ Արարողապետերը պէտք է լքեն Սիքստինեան Մատուռը։ Այդ պահէն սարկաւագական դասի վերջին Կարդինալը կը գոցէ դուռը (բանալով եւ գոցելով ամէն անհրաժեշտութեան պարագային)։

Քուէարկութեան փուլ

Իւրաքանչիւր ընտրող Կարդինալ, ըստ առաջնահերթութեան, իր նախընտրած անունը գրելէն եւ քուէաթերթիկը ծալելէն ետք, կ’ուղղուի դէպի խորան, ուր տեղադրուած է փակ քուէատուփը։

Ապա՝ բարձրաձայն կ’արտասանէ հետեւեալ երդումը․

«Վկայ կը կանչեմ Տէր Քրիստոս, որ պիտի դատէ ինծի, որ իմ քուէն տուած եմ անոր, որ Աստուծոյ համաձայն, կը համարեմ, որ պիտի ընտրուի», ապա՝ իր քուէն կը ներմուծէ քուէատուփին մէջ, կը խոնարհի խորանի առջեւ ու կը վերադառնայ իր տեղը։

Եթէ Սիքստինեան Մատրան մէջ ներկայ Կարդինալ մը ֆիզիկական խնդիրներու պատճառաւ չէ կարող այդ գործընթացը կատարել, անոր քուէաթերթիկը՝ ծալելէն եւ երդումէն ետք, քուէատուփի մէջ կը նետէ այն Կարդինալը, որ վերջինը ընտրուած է որպէս քուէաթերթիկները ընթերցելու համար պատասխանատու անձ։

Հիւանդ Կարդինալներու կողմէ կատարուող քուէարկութիւնը

Հիւանդութեան պատճառաւ Հռոմ չժամանած ընտրող Ծիրանաւորները չեն կրնայ մասնակցիլ Պապի ընտրութեան։ Մինչ անոնք, որոնք Հռոմ են, բայց եւ այնպէս վատառողջութեան պատճառաւ կարելիութիւնը չունին ներկայ ըլլալու Սիքստինեան մատրան մէջ, կարող են այդ մէկը ընել։ Այդ պարագային հիւանդ Կարդինալներու ձայները հաւաքող պատասխանատու անձը՝ համապատասխան քուէաթերթիկներով եւ յատուկ պատրաստուած եւ կնքուած արկղով (որ վերահսկիչները նախապէս հրապարակայնօրէն կը բանան, անոր դատարկ ըլլալը միւս ընտրողներուն ցոյց տալու համար , ապա՝ կը գոցեն խորանի վրայ թողնելով բանալին) կ’այցելէ հիւանդ Կարդինալին, որ պէտք է կողպուած մնայ առանձին սենեակի մէջ։ Անոր քուէաթերթիկը կ’ընթերցուի ընդհանուր քուէարկութեան աւարտին։

Քուէաթերթիկներուն հաշուարկը

Մինչ բանալը, քուէատուփը քանի մը անգամ կը թափահարուի, այնուհետեւ, քուէաթերթիկները կը հաշուըւուին եւ կը զետեղուին դատարկ սկուտեղի վրայ բոլորին տեսանելի կերպով, եւ եթէ քանակը չհամապատասխանէր ընտրող կարդինալներու թիւին, այդ քուէաթերթիկները կ’այրուին։

Իսկ եթէ կը համապատասխանէ երեք ընթերցողները կը նստին խորանի առջեւ դրուած սեղանի շուրջ. առաջինը կը վերցնէ քուէաթերթիկը, կը բանայ եւ կը փոխանցէ երկրորդին, որ իր հերթին, կարդալէն ետք կը փոխանցէ երրորդին որ կը կարդայ բոլորին լսելի ձայնով, եւ մէկ առ մէկ ասեղ ու թելով կը կարէ մէկը միւսին, որմէ ետք կը սկսի ձայներու հաշուարկը եւ ստուգումը։

Քահանայապետ ընտրելու համար անհրաժեշտ է ձայներու 2/3-ը՝ տուեալ պարագային 133էն 89ը: Հակառակ պարագային քուէաթերթիկները կ’այրուին յատուկ վառարաններու մէջ՝ քիմիական նիւթերու օգնութեամբ առաջացնելով սեւ ծուխ՝ երբ ընտրութիւնը չէ կայացած (օրը երկու անգամ՝ մինչեւ կէսօր եւ երեկոյեան) եւ սպիտակ ծուխ՝ Քահանայապետ ընտրուելու պարագային։

Քուէարկութիւնները

Քուէարկութիւնը տեղի կ’ունենայ ամէն օր՝ օրը չորս անգամ՝ երկուքը առաւօտեան եւ երկուքը յետմիջօրէին

Եթէ 3 օր քուէարկութենէ ետք արդիւնքներ չեն գրանցուիր, կը յայտարարուի մէկօրեայ ընդմիջում աղօթքի եւ խորհրդածութեան համար։ Ապա ընդմիջումները կը շարունակուին ամէն եօթ քուէարկութիւնը մէկ։

Եթէ 34 քուէարկութեան աւարտին ընտրող կարդինալներու միջեւ համաձայնութիւն ձեռք չի բերուեր նոր քուէարկութիւնը կը կեդրոնանայ վերջին փուլի ընթացքին ամենաշատ ձայներ ստացած երկու թեկնածուներուն վրայ, որոնք սակայն չեն կարող քուէարկել այդ վերջին փուլին կամ փուլերուն։

Երբ թեկնածուն կը ստանայ ձայներու առնուազն 2/3-ը, կը յայտարարուի կայացած ընտրութեան մասին եւ կը սկսին պաշտօնական ընթացակարգերը՝ համաձայն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կանոններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2025, 10:00