Պապընտիր նախապատրաստական միաբանական ժողովի կարդինալներու կոչը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 6 մայիսին, Պապընտիր Կարդինալական նախապատրաստական միաբանական ժողովին սկիզբը՝ ժողովին մասնակցող կարդինալները հանդէս եկան յայտարարութեամբ, որուն մէջ կոչ ըրին պատերազմի մէջժներգրաւուած բոլոր կողմերուն՝ հանգելու մշտական հրադադարի ու առանց նախապայմաններու սկսելու բանակցութիւնները։ Անոնք ապա հրաւիրեցին հաւատացեալները զօրացնելու իրենց աղօթքը, յարատեւ եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար։
Կարդինալներուն յայտարարութեան մէջ կը կարդանք
«Մենք՝ Հռոմէական Սուրբ եկեղեցւոյ կարդինալները հաւաքուած ընդհանուր ժողովին՝ Քոնկլավի մեկնարկէն առաջ, ցաւով նկատի առնելով որ Ուքրանիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ խաղաղութեան գործընթացներուն խթանման գործէն ներս առաջընթաց չէ արձանագրուած , ընդհակառակը սաստկացած են յարձակումները՝ յատկապէս քաղաքացիական բնակչութեան դէմ, սրտանց կոչ կ՝ուղղենք բոլոր կողմերուն, որպէսզի շուտով հասնի յարատեւ հրադադար մը եւ բանակցութիւն կատարուի առանց նախապայմաններու եւ յետագայ ուշացումներուն, ներգրաւուած բնակչութեան եւ աշխարհի կողմէ երկար ժամանակ ցանկալի խաղաղութեան համար։
Կը հրաւիրենք հաւատացեալները զօրացնելու իրենց աղօթքը Տիրոջ, արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան համար» նշուած է Կարդինալներուն յայտարարութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ