MAP

Պապին սպիտակ հագուստ Պապին սպիտակ հագուստ 

Ինչո՞ ւ քահանայապետերուն զգեստը սպիտակ գոյնով է

Պիոս Ե Քահանայապետէն սկսեալ պապերը սկսած են սպիտակ գոյնով զգեստ հագնիլ, ահա թէ ինչու

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նոր քահանայապետի համար՝ իր ընտրութենէն քիչ ժամանակ ետք կը պատրաստուի իր չափին համեմատ սպիտակ գոյնով նոր զգեստ։ Կը պատմուի որ Ֆրանչիսկոս Պապը յանձնարարած է իր հագուստին համար օգտագործել պարզ եւ աժան կերպասներ։ Մինչ, Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, որ սրբադասուեցաւ իր մահէն մի քանի տարի ետք, որուն երանացումը կատարեց Պենետիկտոս ԺԶ Պապը եւ  սրբադասումը Ֆրանչիսկոս Պապը, իր հագուստին համար խնդրած էր օգտագործել բարակ եւ թեթեւ կտաւներ, որովհետեւ Լեհաստանի մէջ վարժուած էր պաղ օդին մինչ հռոմի մէջ մէջ եղանակը աւելի տաք է։

1566 թուականին, Պիոս Ե Քահանայապետէն սկսեալ յաջորդ պապերը սկսած են հագնիլ սպիտակ գոյնով զգեստ։ Ան արդարեւ Տոմենիքեան միաբանութեան քարոզիչ եւ Աստուածաբան էր, աւազանի անունով Անթոնիօ Կիզլիերի, Քահանայապետ դառնալէն ետք որոշեց պահպանել իր միաբանութիւնը յատկանշող սպիտակ գոյնով զգեստը։ Ընտրանք զոր որդեգրեցին անոր յաջորդները եւս, մինչեւ որ դարձաւ աւանդութիւնը։

Սպիտակ գոյնը ընկալուած է որպէս զսպուածութեան, առաքինութեան եւ լոյսի պաշտամունքային խորհրդանիշ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2025, 10:13