Ո՞վ աշխարհին կը ներկայացնէ նոր Քահանայապետը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Նոր Քահանայապետի ընտրութեան Կարդինալական ժողովի քուէարկութիւնը յաջողութեամբ պսակուելէ ետք, սարկաւագ Կարդինալներէն առաջինը` - Protodiacono- ն, - նախասարկաւագը - այս պարագային Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին կը հռչակէ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնն ու անոր անունը, արտասանելով «Habemus Papam - Քահանայապետ մը ունինք» բանաձեւը։
Protodiacono - նախասարկաւագի - տիտղոսը կը տրուի կարդինալներու սարկաւագական կարգի մաս կազմող կարդինալներէն առաջինին, այսինքն ամէնէն հին կարդինալական աստիճան ստացող ծիրանաւորին։
Նախասարկաւագը աշխարհին յայտնելով Նոր Քահանայապետի անունը կ՛ըսէ.
«Ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, Քահանայապետ մը ունինք, վսեմաշուք եւ մեծարգոյ Տիար (անունը.....) Հռովմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալ....որ կը ստանձնէ այս ինչ...... անունը։
Այս խօսքէն ետքը նորընտիր Պապը կը յայտնուի Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն ու կը յղէ «Urbi et Orbi» (Քաղաքին եւ Աշխարհին) Առաքելական Օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ