Լեւոն ԺԴ.-ի 2025-ի Յունիս ամսուայ ծիսակատարութիւններու օրակարգը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու արարողապետ` Ռեքանաթիի տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Գերապ. Տիեկօ Ռավելլի չորեքշաբթի 21 Մայիսին հրապարակեց յառաջիկայ Յունիս ամսուայ ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու օրակարգը։
Մէկ Յունիս 2025-ին, որ ըստ լատինաց Զատկուայ եօթներորդ կիրակին է, Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ պիտի մատուցէ Ընտանիքներու, Մանուկներու, Պապիկ Մամիկներուն ու Տարեցներու Յոբելեանի սուրբ պատարագը ապա յաջորդ Կիրակին` 8 Յունիսին, Պենտեկոստէի տօնին առիթով Ան միշտ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ այլ պատարագ մը այս անգամ նուիրուած` Եկեղեցական շարժումներու, ընկերակցութիւններու եւ նոր հասարակութիւններու Յոբելեանին։
Յաջորդ օրը` 9 Յունիսին կը նշուի Եկեղեցւոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամին տօնը, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ պիտի մատուցէ պատարագը` որ պիտի նուիրուի Սուրբ Աթոռի Յոբելեանին եւ որուն պիտի մասնակցին Սուրբ Աթոռի մէջ գործող բոլոր անդամները։
Ուրբաթ` 13 Յունիսին Լեւոն ԺԴ. Առաքելական Պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ պիտի գլխաւորէ Սրբադասումներու դատին նուիրուած իր առաջին կարդինալական ժողովը, առաւօտեան ժամԸ ինին իսկ Կիրակի 15 Յունիսին, Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնին առիթով Ան Սուրբ Պետրոս հրապարակին պիտի մատուցէ Մարզական Աշխարհի նուիրուած Յոբելեանի Սուրբ պատարագը, առաւօտեան ժամը 10.30 -ին։
Կիրակի 22 Յունիսին, տօնն է Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Արեան ու Մարմնին, տօն Սուրբ Հաղորդութեան, որուն առիթով Սրբազան Պապը կէսօրէն ետք ժամը հինգին, պիտի գլխաւորէ այս տօնին նուիրուած աւանդական թափօրը, որ կը մեկնի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն ու կը հասնի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, ուր տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը։
27 Յունիսին տօնն է Յիսուսին Ամենասուրբ Սրտին, որ այս յոյսին նուիրուած յոբելենական տարւոյն առիթով, նուիրուած է Քահանաներու Յոբելեանին, որուն ծիրէն ներս Սրբազան Պապը առաւօտեան ժամը ինին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի մատուցէ Սուրբ Պատարագ, հուսկ Կիրակի 29 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը, Ան Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ Զոհը, որուն ընթացքին պիտի օրհնէ նաեւ նոր Արքեպիսկոպոսներուն եւ Մետրոպոլիտներուն նուիրուելիք Եմիփորոնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ