Սպասելով նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մինչեւ յառաջիկայ 7 Մայիսին նախատեսուած Կարդինալական Պապընտիր Ժողովի մեկնարկը Վատիկանի մէջ կը շարունակուին կարդինալներու նախապատրաստական միաբանական ժողովները, որոնց կը մասնակցին բոլոր կարդինալները, նաեւ անոնք, որոնք տարիքի բերումով իրաւասութիւն չունին մասնակցելու Քոնքլավին, ու կը շարունակուին նաեւ վախճանեալ Քահանայապետի հոգւոյն հանգստեան նուիրուած «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis» ծիսագիրքին մէջ նախատեսուած իննօրեայ պատարագները, որոնք տեղի կ՛ունենան Սուրբ Պետրոս տաճարէն ներս, կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, որուն այսօր կը մասնակցին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիները, գլխաւորութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան երբեմնի վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի։ Երբեմնի կը գրենք, որովհետեւ իշխող Քահանայապետին մահով, Թափուր Աթոռի ընթացքին, այսինքն ժամանակահատուածը որ կ՛երկարի Քահանայապետի մը մահէն մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը, կը դադրին Վերատեսչութիւններու Վերատեսուչներու պաշտօնները, բացի մի քանիներէն, ինչպէս նախատեսուած է` Թափուր Աթոռի ժամանակահատուածը կանոնաւորող «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան մէջ։
Այս ուղղութեամբ յայտնենք` որ անցեալ տարուայ ապրիլին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուցած էր Քահանայապետերու Թաղման կարգի «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis» ծիսագիրքի բարեփոխումները, որով աւելիով պարզ կը դառնար Քահանայապետերու յուղարկաւորութեան արարողութիւնը սկսեալ մահուան վաւերացումէն որ չի պատահիր հանգուցեալի մահուան սենեակին մէջ այլ մատրան մէջ։ Այս մէկը անհրաժեշտ դարձած էր որովհետեւ ինչպէս բացատրեց Քահանայապետի Ծիսակատարութիւններու արարողապետ Գերապայծառ Տիեկօ Ռավելլի, Ֆրանչիսկոս Պապը ուզած է որ այդ մէկը ընդգծէ որ յուղարկաւորութիւնը «ոչ թէ այս աշխարհի հզօրի մը այլ Քրիստոսի աշակերտի ու հովիւի» յուղարկաւորութիւնն է։
Եւ ճիշտ այս վերջին փոփոխութիւններու հիման վրայ է, որ կատարուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութիւնը, անցեալ շաբաթ 26 ապրիլին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, ի ներկայութեան աշխարհի 170 տարբեր Երկիրներու Ղեկավարներուն ու Պատուիրակներուն, որոնց շարքին էր նաեւ ՀՀ նախագահ` Վահագն Խաչատուրեանը ու քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին էին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ը, մինչ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. մաս կազմեց համապատարագիչ հոգեւորական դասին։
Այս Յուղարկաւորութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով անոր աճիւնները փոխադրուեցան Հռոմի Աւագ Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, ուր այժմ կը հանգչին իրեն սրտին խօսող Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերը պահպանող մատրան կից, որ այս օրերուն դարձած է ուխտագնացութեան վայր, հազարաւոր հաւատացեալներու եւ զբօսաշրջիկներու համար, որոնք կը փափաքին Ֆրանչիսկոս Պապին տալ իրենց վերջին ողջոյնը եւ աղօթել Անոր հետ ու Անոր համար։
Ինչպէս նոյնինքն ինք խնդրած էր թողած կտակին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապին գերեզմանը շատ պարզ գերեզման մըն է, որուն վրայ չկան զարդարանքներ, դրուած է գետին, «Franciscus» լատինատար գրութեամբ ու վերեւ զետեղուած է անոր պարզ կրծքախաչի նմուշը։
Անցեալ 26 ապրիլին կայացած Քահանայապետի թաղման կարգով սկսան անոր նուիրուած հոգեհանգստեան պատարագները, որոնք ինչպէս նշեցինք կ՛երկարին ինը օր, սկսեալ յուղարկաւորութեան պատարագէն։ Անոնց կարող են մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները, թէեւ ամէն մէկ օր սահմանուած է որոշ մէկ հասարակութեան, ինչպէս այսօր Արեւելեան Եկեղեցիներուն։
Քահանայապետի մը մահուընէ ետք կը յայտարարուի Թափուր Աթոռը, որուն ընթացքին կարդինալական միաբանական դասին կ՛անցնին որոշ իշխանութիւններ ու պարտականութիւններ, բայց անոնց հետ միասին կայ նաեւ կարեւոր դերակատար մը` Քամերլենկոն, որուն կ՛իյնայ Առաքելական Աթոռի վրայ հսկելու ու զայն կառավարելու պարտականութիւնը, մինչ Կարդինակական դասի աւագերէցին վերապահուած է կարդինալական միաբանական ժողովներուն գումարումն ու նախագահութիւնը, իր հետ ունենալով նաեւ այլ օգնական կարդինալներ, որոնք կ՛ընտրուին, ոչ թէ քուէարկութեամբ այլ վիճակահանութեամբ, ամէն երեք օր անգամ մը, մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը։
Այսօր առաւօտեան ժամը ինին գումարուեցաւ պապընտիր ժողովի նախապատրաստական կարդինալական դասի ընդհանուր միաբանական ութերորդ ժողովը, որուն ինչպէս նշեցինք մասնակցեցան բոլոր Ծիրանաւորները, որոնք արդեն Հռոմ ժամանած են. Ըլլայ Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալները ըլլայ այդ իրաւունքէն զուրկ կարդինալները` որոնք թեւակոխած են 80 տարեկանը։
Այս ժողովներու ընթացքին ինչպէս կը նշուի հրատարակուած հաղորդագրութիւններուն մէջ կարդինալները կը քննարկեն Եկեղեցին յուզող հարցեր, ուղեցոյց մը պատրաստելու նպատակով նոր Քահանայապետին համար, միեւնոյն ատեն կը քննարկուին նաեւ Վատիկանի ու Սուրբ Աթոռի հայող հարցերը, ներառեալ ֆինանսական ու տնտեսական տեսանկիւնէն։ Ժողովները կը ծառայեն նաեւ կարդինալներու միջեւ աւելի բարեկամութիւն ստեղծելու համար տրուած ըլլալով որ անոնցմէ շատերը իրարու միջեւ քիչ շփում ունեցած են
Այս վերջին օրերուն հարց ծագեցաւ նաեւ Քահանայապետ ընտրող կարդինալներու թիւի մասին տրուած ըլլալով` որ «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութիւնը ըստ թիւ 33 յօդուածին անոնց թիւը կը սահմանէ 120-ի, մինչդեր անոնց թիւը այսօր իրականութեան մէջ 135 է թէեւ անոնցմէ երկուքը արդեն յայտարարեցին որ առողջական պատճառներու բերումով պիտի չկարողանան մասնակցիլ Քոնքլավին։
Այս առնչութեամբ կարդինալական միաբանական ժողովը անցեալ օր հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը բացատրութիւններ ներկայացնելով ու հաստատելով, որ վերոնշեալ նոյն սահմանադրութեան թիւ 36 յօդուածի համաձայն «Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր կարդինալ, որ նշանակուած է եւ անունը հրապարակուած է կարդինալական ժողովի ընթացքին... իրաւունք ունի ընտրելու Հռոմի Քահանայապետը» ի բացառեալ անոնցմէ որոնք 80 տարեկանը անց են, եւ ահա ճիշտ այս կանոնին վրայ հիմնուելով է որ բոլոր կարդինալները` իրաւունք ունին մասնակցելու յառաջիկայ չորեքշաբթի 7 մայիսին սկիզբ առնող Քոնքլավին։
Հարկաւոր է նշել նաեւ, որ այս առաջին անգամը չէ որ ընտրող կարդինալներուն թիւը կը գերազանցէ Պօղոս Զ Պապի կողմէ 1975 թուականին «Romano Pontifici Eligendo» առաքելական սահմանադրութեան կանոններու համաձայն սահմանուած 120-ը։
Պօղոս Զ-էն ետքը Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը բարեփոխումներ ներմուծելով հրատարակեց նոր առաքելական սահմանադրութիւն մը, որ վաւեր է մինչեւ օրս, «Universi Dominici Gregis» սահմանադրութիւնը` որուն մէջ ինք եւս կը հաստատէ այդ թիւը` 120։ Թիւ` որ սակայն չէ յարգուած միշտ, սկսեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն որ չորս անգամ «խախտած» է այդ թիւը տարբեր կարդինալական ժողովներու ընթացքին, որոնք սակայն չեն եղած պապընտիր։ Նոյնը ըրած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երկու կարդինալական ժողովներուն ընթացքին գերազանցելով այս թիւը, մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը իր գլխաւորած 10 կարդինական ժողովներու ընթացքին միշտ ալ գերազանցած է այդ թիւը եւ ահա այս առաջին անգամը պիտի ըլլայ որ պապընտիր ժողով մը կը գումարուի գերազանցելով Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած թիւը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ