MAP

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետին առաջին պատգամը եւ օրհնութիւնը. Զինաթափուած ու զինաթափեցնող խաղաղութիւն

Քոնքլավը կարդինալ Ռոպերթ Ֆրենսիս Փրևոսթը ընտրեց Հռոմի 267-րդ եպիսկոպոս։ Ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած 100,000 հաւատացեալները ան ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր կարդինալ եղբայրները, որոնք զինք ընտրեցին որպէս Պետրոսի յաջորդ ապա հրաւիրեց քալել միասին որպէս միասնական եկեղեցի, որ կը ձգտի արդարութեան: Նորընտիր Քահանայապետը յիշեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ու ողջունեց նաեւ իր նախկին թեմի հաւատացեալները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ժամը 19:23-ին Լևոն ԺԴ Քահանայապետը Վատիկանի տաճարի կենտրոնական պատշգամէն Հռոմին և աշխարհին յղեց հետևեալ ողջոյնը.

Խաղաղութիւնը ձեր հետ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ասիկա Յարուցեալ Քրիստոսի առաջին ողջոյնն է, բարի հովիւը, որ իր կեանքը տուաւ Աստուծոյ հօտին համար։ Ես ալ կը փափաքիմ որ այս խաղաղութեան ողջոյնը մտնէր ձեր սրտերուն մէջ, հասնէր ձեր ընտանիքներուն, բոլոր անհատներուն, ուր ալ որ գտնուին, բոլոր ազգերուն, համայն աշխարհին։

Խաղաղութիւնը ձեր հետ։

Ասիկա Յարուցեալ Քրիստոսին խաղաղութիւնն է, զինաթափուած ու զինաթափեցնող խաղաղութիւն, հեզ ու հետեւողական։ Անիկա կու գայ Աստուծմէ։ Աստուած` որ կը սիրէ բոլորը, անխտիր կերպով։

Տակաւին մեր ականջներուն մէջ կը  հնչh Ֆրանչիսկոս Պապին տկար սակայն միշտ ալ քաջարի ձայնը` որ կ՛օրհներ Հռոմը։

Հռոմը օրհնող Քահանայապետը իր օրհնութիւնը կու տար աշխարհին, համայն աշխարհին, այդ Զատկուայ օրը, առաւօտուն։

Թոյլ տուէք որ շարունակեմ նոյն օրհնութիւնը. Աստուած մեզ կը սիրէ, Աստուած կը սիրէ ձեզ բոլորդ եւ չարը պիտի չյաղթէ։

Մենք բոլորս Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ենք։ Ուստի առանց վախի, ձեռք ձեռքի բռնած, Աստուծոյ հետ ու մեր միջեւ, ընթանանք յառաջ։

Քրիստոսի աշակերտներ ենք։ Քրիստոս մեզ կը կանխէ։ Աշխարհը պէտք ունի Անոր լոյսին։ Մարդկութիւնը կարիքը ունի Անոր` որպէս կամուրջ, որուն միջոցաւ հասանելի ըլլայ Աստուած ու անոր սէրը։

Դուք ալ օգնեցէք մեզի, ապա մէկը միւսին, կառուցելու համար կամուրջներ, երկխօսութեան, հանդիպումի միջոցաւ, միանալով բոլորս, որպէսզի ըլլանք միակ մէկ ժողովուրդ մշտապէս խաղաղութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապ։

Կ՛ուզէի նաև շնորհակալութիւն յայտնել իմ բոլոր եղբայրակից կարդինալներուն, որոնք զիս ընտրեցին որպէս Պետրոսի յաջորդ, եւ քալել ձեր հետ միասին, որպէս միասնական Եկեղեցի, միշտ որոնելով խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, միշտ փորձելով աշխատիլ, որպէս Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ մարդիկ և կանայք՝ առանց վախի, Աւետարանը հռչակելու, ըլլալու միսիոներներ։

Ես Ակոսթինեան միաբանութեան` Սուրբ Օգոստինոսի զաւակն եմ, որ ըսաւ. «Ձեր հետ քրիստոնեայ եմ, ձեզի համար Եպիսկոպոս»։ Այս իմաստով կարող ենք բոլորս քալել միասին, դէպի այն հայրենիքը զոր Աստուած պատրաստեց մեզի համար։

Հռոմի Եկեղեցւոյ յատուկ ողջոյն մը։ Մենք պէտք է միասին հասկնանք, թէ ինչպէս ըլլալ միսիոներական Եկեղեցի, Եկեղեցի, որ կամուրջներ կը կառուցէ, երկխօսութիւն կը կառուցէ, միշտ բաց  ընդունելութեան, նման այս հրապարակի բաց բազուկներoun։ Բոլոր, բոլոր անոնց համար` որոնք պէտք ունին մեր բարեսիրութեան, մեր ներկայութեան, երկխօսութեան ու սիրոյն։

Իսկ այժմ թոյլ տուէք խօսք մը, (սպաներէնով) յատուկ ողջոյն մը` յատկապէս իր սիրելի Փòրույի Չիքլայոյի Թեմիս, ուր հաւատաւոր ժողովուրդ մը ընկերացաւ իր եպիսկոպոսին, կիսեց անոր հաւատքը ու շատ բան տուաւ, շարունակելու համար մնալ Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ Եկեղեցի։

Ձեզի բոլորիդ եղբայրներ եւ քոյրեր, Հռոմի, Իտալիոյ ու համայն աշխարհին, կ՛ուզենք ըլլալ սիւնհոդոսական Եկեղեցի մը, Եկեղեցի մը` որ կը քալէ, Եկեղեցի մը` որ միշտ կը փնտռէ խաղաղութիւնը, որ միշտ կը փնտռէ սէրը, որ կը փնտռէ ըլլալ մօտիկ յատուկ կերպով անոնց, որոնք կը տառապին։

Այսօր Փոմփէյի Տիրամօր աղերսական աղօթքին օրն է։ Մեր Մայրը Մարիամ կ՛ուզէ մեր հետ քալել, մեզի մօտիկ ըլլալ, մեզի օգնել իր բարեխօսութեամբ ու իր սիրով։ Ասոր համար կ՛ուզեմ ձեր հետ միասին աղօթել։ Աղօթենք միասին, այս նոր առաքելութեան համար, համայն Եկեղեցւոյ համար, աշխարհի խաղաղութեան համար, ու այս յատուկ շնորհքը խնդրենք Մարիամէն, մեր Մօրմէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2025, 20:14