MAP

«HABEMUS PAPAM» ընտրուեցաւ նոր Քահանայապետը` Լեւոն ԺԴ

Կարդինալական պապընտիր դռնփակ ժողովը ընտրեց Հռոմի 267-րդ Քահանայապետը յանձին Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթի. Բարի լուրը աւետեց Նախասարկաւագ Կարդինալը` Տոմինիք Մամպերթին

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Annuntio vobis gaudium magnum: habemus Papam!» այս խօսքերով որոնք կը նշանակեն «Ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, Քահանայապետ մը ունինք»։ Մի քանի րոպէ առաջ Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Նախասարկաւագ Կարդինալ` Տոմինիք Մամպերթին արտասանեց այնքան սպասուած լատիներէն բանաձեւը, Հռոմին ու համայն աշխարհին աւետելով Սուրբ Պետրոսի յաջորդին անունը.

“Eminentissimum ac Reverendissimum Dominum, Dominum… վսեմաշուք եւ մեծարգոյ Տիար Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթ Հռովմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալ որ կը ստանձնէ Լեւոն ԺԴ անունը։

Մինչ այդ Սուրբ Պետրոս հրապարակ խուժած հարիւր հազարաւոր հաւատացեալները ծափահարութեամբ ընկալեցին լուրը սպասելով նորընտիր Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն յայտնուիլը եւ այդ պահուն աւելի մեծ ուրախութեամբ ու հրճուանքով շարունակեցին ծափողջոյնները։

Նոր Քահանայապետը կը պատկանի Ակոսթինեան միաբանութեան եւ եօթանասուն տարեկան է։ Ան ինչպէս նշեցինք ուզեց առնել Լեւոն ԺԴ անունը։ Ան մինչեւ օրս կը վարէր Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչի պաշտօնը, ընտրուեցաւ այսօր` 8 Մայիս 2025-ին երեկոյեան ժամը 18.07։ Ան պատմութեան 267-րդ Քահանայապետն է։

Առաջին Ակոսթինեան միաբանութենէն Քահանայապետ ու Ամերիկեան ցամաքամասէն երկրորդ Քահանայապետը, Ֆրանչիսկոս Պապէն ետքը, բայց Ան ի տարբերութիւն իր նախորդին ծնած է Ամերիկեան ցամաքամասի հիւսիսը ու պաշտօնավարած է որպէս Հովիւ ցամաքամասի հարաւը, նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապը զինք կոչեր կառավարելու Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութիւնը ու Լատին Ամերիկային Քահանայապետական Յանձնաժողովը։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2025, 19:14