Փերու․ Լեւոն ԺԴ Պապին նուիրուած Պատարագ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Եկէք շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ, որ մեզի նուիրեց Պետրոսի նոր Իրաւայաջորդ, Քրիստոսի տեղապահ՝ Լեւոն ԺԴ Պապը, մեր սիրելի Եպիսկոպոսը»:
Փերուի Չիքլայոյի Թեմի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Էտինսոն Ֆարֆան Քորդովայի կողմէ 10 Մայիսին արտասանած այս խօսքերը բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին բազմահազար հաւատացեալները, որոնց Եպիսկոպոսը ժամանակին Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը եղած է:
Ի պատիւ նորընտիր Քահանայապետին, «St. Mary» Պազիլիքայէն ներս մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, որուն մարդկանց ամբոխը կը հետեւէր նաեւ հարակից հրապարակէն, յուզիչ էր տեսնել Լեւոն ԺԴ Պապի դէմքով լուսանկարներ, դրօշներ եւ պաստառներ, երախտագիտութեան ու ջերմութեան արտայայտութիւններ՝ ի նշան այն մօտիկութեան, որ Ան ձգած էր աղքատութեան եւ ընկերային խնդիրներով դրոշմուած շուրջ 800 հազար բնակիչ ունեցող այս շրջանին։
«Քրիստոսի սրտին համապատասխան հովիւ, հաղորդակից եւ հոգեւոր մարդ, տուեալ իրականութեան միշտ մօտ եւ զգայուն», շեշտեց Չիքլայոյի Թեմի ներկայիս Առաջնորդը՝ աւելցնելով «Ինչպէ՞ս կարելի է շնորհակալ չըլլալ Աստուծոյ մեր սիրելի Թեմին պարգեւած այս նուէրին համար»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ