MAP

12th and final general congregation of the cardinals ahead of conclave

Կարդինալական նախապատրաստական 12րդ եւ վերջին Միաբանական Ժողովը

Պատերազմներով, բռնութիւններով ու խոր բեւեռացումներով յատկանշուած ժամանակի մը ընթացքին հարկաւոր է ողորմութեան, սիւնհոդոսականութեան եւ յոյսի մը Քահանայապետ։ Ակնարկուեցաւ ապա Սուրբ Զատիկը միասին տօնելու թուականի նիւթի մասին, Նիկիոյ Ժողովին ու համամիութենական երկխօսութեան մասին։ Ապա չեղարկուեցաւ Քահանայապետի «ձկնորսի մատանին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 6 Մայիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Կարդինալական Պապընտիր ժողովի նախապատրաստական միաբանական 12րդ եւ վերջին ժողովը որ սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը ինին աղօթքով եւ որուն մասնակցեցան 173 Ծիրանաւորներ որոնցմէ 130 Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։

Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցած 26 միջամտութիւններու ընթացքին խօսուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի սկսած բարեփոխումներու մասին, որոնք կարիքը ունին շարունակութեան, ինչպէս չարաշահումներուն հայող կանոնադրութիւնը, տնտեսական հարցերը, Քուրիան, սիւնհոդոսականութիւնը, խաղաղութեան ի սպաս աշխատանքը եւ արարչագործութեան խնամքը։

Ընդգծուեցաւ յատկապէս «հաղորդութեան» նիւթը որպէս կոչ նոր Քահանայապետին, որ պէտք է ըլլայ կամուրջներ կառուցող եւ հովիւ, մարդկայնութեան վարդապետ ու սամարացի Եկեղեցւոյ մը դիմագիծը։

Պատերազմներով, բռնութիւններով ու խոր բեւեռացումներով յատկանշուած ժամանակի մը ընթացքին հարկաւոր է ողորմութեան, սիւնհոդոսականութեան եւ յոյսի մը Քահանայապետ։

Կարդինալական նախապատրաստական 12րդ եւ վերջին Միաբանական Ժողովը

 

Խօսուեցաւ նեաւ Եկեղեցական Կանոնադրութեան ու Քահանայպետի իշխանութեան մասին, բաժանումներու ու Եկեղեցւոյ մէջ կարդինալներու դերակատարութեան մասին, ինչպէս նեաւ Քրիստոս Թագաւոր ու Աղքատներու Համաշխարհային օրուայ տօներու մասին ու  «Քոնչիսթորոյի» ժամանակ այսինքն կարդինալական դասի ժողովներու ժամանակ կարդինալներու մասնակցութեան հարկաւորութեան մասին։

Անոնք խօսեցան նաեւ քրիստոնէական սկզբնաւորման և ձևաւորման մասին՝ որպէս միսիոներական գործողութիւններ, հաւատքի նահատակներու վկայութեան յիշատակի մասին հակամարտութեան մէջ գտնուող երկրներուն մէջ և այնտեղ, որտեղ կրօնական ազատութիւնը սահմանափակուած է, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան հրատապ խնդիրի մասին։

Ակնարկուեցաւ ապա Սուրբ Զատիկը միասին տօնելու թուականի նիւթի մասին, Նիկիոյ Ժողովին ու համամիութենական երկխօսութեան մասին։

Ապա չեղարկուեցաւ Քահանայապետի «ձկնորսի մատանին»,  ու կարդացուեցաւ պատերազմներու մէջ գտնուող երկիրներուն ուղղուած կոչ մը` որով խնդրուեցաւ մնայուն ու արդար խաղաղութիւն։

Այս բոլոր նիւթերու մասին խօսեցաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին տեղեկացնելով նաեւ որ վաղը ժամը 15:45-ին բոլոր կարդինալները պիտի փոխադրուին Առաքելական Պալատ սկիզբ տալու պապընտիր ժողովի արարողութեան։

Հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ ժամանակացոյցը պիտի ըլլայ հետեւեալը

7:45 Սանթա Մարթայէն փոխադրութիւն Առաքելական Պալատ

8:15 Պատարագ եւ գոհաբանական աղօթք` Պօղոսեան Մատրան մէջ

9:15 Ժամասացութիւն Սիքստինեան մատրան մէջ։

Ճերմակ ծուխերը կարելի են` ժամը 10,30-ին ու ժամը 12էն ետքը

Սեւ ծուխի պարագային միայն ժամը 12-էն ետքը

12:30 Վերադարձ Սանթա Մարթա եւ ճաշ

15:45 Փոխադրութիւն Առաքելական Պալատ

16:30 Քուէարկութիւն

Ճերմակ ծուխերը կարելի են` ժամը 17,30-ին կամ 19 էն ետքը

Սեւ ծուխի պարագային միայն ժամը 19-էն ետքը

Օրակարագը կ՜աւարտի Ժամասացութեան աղօթքով, ապա 19,30-ին վերադարձ կատարելով Սանթա Մարթա, եթէ մինչ այդ չընտրուի Նոր Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2025, 14:08