MAP

VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Ըլլանք Տիրոջ սիրոյն գործիքն ու նշանը. Լեւոն ԺԴ.

«Յանձնառու ըլլանք անոր սէրը տարածելու ամենուրէք յիշելով, որ իւրաքանչիւր քոյր և իւրաքանչիւր եղբայր Աստուծոյ բնակավայրն է, և որ Անոր ներկայութիւնը կը յայտնուի յատկապէս փոքրիկներու, աղքատներու և տառապողներու մէջ՝ խնդրելով մեզմէ ըլլալ ուշադիր և կարեկից քրիստոնեաներ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 25 Մայիս 2025-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը գլխաւորեց Քահանայապետութեան երրորդ Մարեմեան աղօթքը եւ առաջին անգամն ըլլալով, այդ կատարեց Առաքելական Պալատի Քահանայապետական գրասենեակի պատուհանէն, մինչ առաջին Մարեմեան աղօթքը արտասանած էր իր ընտրութենէն մի քանի օրեր ետք Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն եւ անցեալ կիրակի օր` 18 Մայիսին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։ Այդ պատուհանէն արտասանուած վերջին Մարեմեան Աղօթքը եղած էր Ֆրանչիսկոս Պապինը, չորս ամիսներ առաջ, անցեալ 2 Փետրուարին,  նախ քան հիւանդութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն եւ աղօթքի խնդրանք 

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի կիրակի» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան։

«Կը գնտուիմ տակաւին իմ ձեր մէջ առաքելութիւնս սկիզբը,  եւ կը փափաքիմ ամենէն առաջ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել սիրոյն համար` որ ինծի կը դրսեւորէք, մինչ ձեզմէ կը խնդրեմ, որ ինծի թիկունք կանգնիք ձեր աղօթքով ու մօտիկութեամբ» յարեց Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով օրուան աւետարանական հատուածին` որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Յովհ. 14,23-29)։

Ապաւինինք Տիրոջ ողորմութեան, ոչ թէ մեր սեփական ուժերուն

«Այն ամէն բաներուն համար զոր Տէրը մեզի կը կոչէ, կեանքին մէջ ինչպէս նաեւ հաւատքի ճանապարհին մէջ, մենք մեզ կը զգանք անատակ։ Սակայն, այս կիրակիի Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ, որ մենք պէտք չէ մեր սեփական ուժերուն ապաւինինք, այլ մեզ ընտրած Տիրոջ ողորմութեան՝ վստահ ըլլալով, որ Սուրբ Հոգին կ՛ առաջնորդէ մեզ և մեզի կը սորվեցնէ ամէն ինչ» եղան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին խօսքերը։

«Առաքեալներուն, որոնք Տիրոջ մահուան նախօրէին անհանգստացած էին ու կը տանջուէին մտածելով, թէ ինչպէս պիտի կարողանային ըլլալ Աստուծոյ Արքայութեան վկաները ու անոր շարունակողները, Յիսուս կը յայտարարէ Սուրբ Հոգիին պարգեւը՝ այս հրաշալի խոստումով. «Եթէ մէկը զիս կը սիրէ, կը պահէ իմ խօսքս, և Հայրս պիտի սիրէ զայն, և մենք պիտի գանք անոր մօտ ու բնակինք անոր մէջ» (համար 23):

Մնանք Տիրոջ սիրոյն մէջ

«Այսպէսով է, որ Յիսուս կ՛ազատէ աշակերտները ամէն տեսակ անձկութենէն անոնց ըսելով. «Թող չխռովին ձեզ սրտերը եւ չվախնան» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «եթէ​​մ ենք մնանք Անոր սիրոյն մէջ, նոյնինքն Ինք բնակութիւն կը հաստատէ մեր մէջ, ապա մեր կեանքը կը դառնայ Աստուծոյ տաճար, և այս սէրը կը լուսաւորէ մեզ, տեղ կը գտնէ մեր մտածելակերպի և մեր ընտրութիւններուն մէջ, մինչև որ տարածուի նաեւ դէպի ուրիշները և ճառագայթէ մեր գոյութեան բոլոր իրավիճակներուն մէջ»։

Ահաւասիկ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուծոյ այս բնակեցումը մեր մէջ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է որ մեր ձեռքէն բռնած մեզի փորձարկել կու տայ, նաեւ առօրեային մէջ, Աստուծոյ ներկայութիւնն ու մօտիկութիւնը, մեզ դարձնելով իր բնակարանը։

Տէրը մեզի կ՜ընկերանայ իր Հոգիով

«Գեղեցիկ է առ այդ նայելով մեր կոչումին, մեզի յանձնուած իրականութիւններուն ու անձերուն, մեր յառաջ տարած պարտականութիւններուն, Եկեղեցւոյ մէջ մեր ծառայութեան, մեզմէ իւրաքանչիւրս վստահութեամբ ըսէ. «Նոյնիսկ եթէ դիւրաբեկ եմ, Տէրը չամչնար իմ մարդկութենէս, ընդհակառակը, կու գայ բնակելու իմ մէջս։ Ան ինծի կ՛ընկերանայ իր հոգիով, կը լուսաւորէ, ու զիս կը դարձնէ գործիքը իր սիրոյն` միւսներուն, ընկերութեան ու աշխարհին համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը յորդորելով «այս խոստումի հիման վրայ քալելու հաւատքի ուրախութեամբ՝ Տիրոջ սուրբ տաճարներ ըլլալու համար»։

Աստուծոյ սէրը տարածենք ամէնուրէք

«Յանձնառու ըլլանք անոր սէրը տարածելու ամենուրէք յիշելով, որ իւրաքանչիւր քոյր և իւրաքանչիւր եղբայր Աստուծոյ բնակավայրն է, և որ Անոր ներկայութիւնը կը յայտնուի յատկապէս փոքրիկներու, աղքատներու և տառապողներու մէջ՝ խնդրելով մեզմէ ըլլալ ուշադիր և կարեկից քրիստոնեաներ»։

«Բոլորս վստահինք Ամենասուրբ կոյս Մարիամի բարեխօսութեան։ Սուրբ Հոգիի շնորհիւ Ան դարձաւ Աստուծոյ նուիրաբերուած Բնակարան։ Անոր հետ մենք եւս կրնանք փորձարկել ուրախութիւնը` Տէրը ընկալելու եւ դառնալու անոր սիրոյն գործինք եւ նշան» եղան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2025, 12:05

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >