MAP

Պապընտիր ժողովին հետ կապ ունեցող աձները կատարեցին իրենց երդումը

Արարողութեան ընթացքին անոնք երդում ըրին խոստացան պահպանել «ամենաբացարձակ գաղտնութիւնը» բոլոր անոնց հետ, որոնք մաս չեն կազմեր Կարդինալական Դասին, եւ «այս մէկը առ յաւէտ» ի բացառեալ եթէ նոր Քահանայապետը յատուկ արտօնութիւն շնորհէ այդ առընչութեամբ։

Պապընտիր ժողովին համար, բացի կարդինալական դասէն հաւատարմութեան ու գաղտնապահութեան երդում կատարեցին բոլոր անոնք` որոնք գործի բերումով կապ ունին պապընտիր ժողովին հետ ու սոյն արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի` 5 մայիսի կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, Առաքելական Պալատի առաջին յարկը գտնուող Պօղոսեան Մատրան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2025, 10:42