Պապընտիր Ժողովի Կարդինալական Դասի Նախապատրաստական միաբանական առաջին նիստը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի` 22 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան Վատիկանի Սիւնհոդոսի դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Պապընտիր Ժողովի Կարդինալական Դասի Նախապատրաստական միաբանական առաջին նիստը որ տեւեց մէկ ու կէս ժամ։ Անոր մասնակցեցան վաթսուն կարդինալներ։ Ժողովը սկսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած աղօթքով։
Այս առիթով կարդինալները կատարեցին երդման արարողութիւնը` որով հաստատեցին թէ հաւատարմութեամբ պիտի պահեն «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան կանոնները հայող Թափուր Աթոռին ու Քահանայապետի ընտրութեան։
Ապա ընթերցումը կատարուեցաւ առաքելական սահմանադրութեան 12 եւ 13 յօդուածներուն մինչ Կարդինալ Ֆարրելը ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին կտակը։
Կարդինալներու այս նիստի ընթացքին որոշուեցան դագաղի փոխադրութեան ու յուղարկաւորութեան արարողութեան թուականները, որոնք արդեն յայտարարուեցան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ. Դագաղի փոխադրման կարգը 23 ապրիլին իսկ յուղարկաւորութիւնը 26 ապրիլին։
Երկրորդ նիստը վաղը` 23 ապրիլին
Պապընտիր Ժողովի Կարդինալական Դասի Նախապատրաստական միաբանական երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կէսօրէն ետքը ժամը հինգին, ի տես առաւօտեան նախատեսուած «դագաղի փոխադրման» արարողութեան։
Ընտրող Կարդինալներուն թիւը 135 է (Ոչ ընտրողներուն թիւը 117)։ Ըստ սահմանադրութեան Պապընտիր Ժողով ը«Քոնքլաւը» պէտք է սկսի «Թափուր Աթոռէն» 15էն 20 օրուայ մէջ, բայց կարելի է նաեւ կանխել զայն եթէ բոլոր ընտրող կարդինալները ժամանած ըլլան Վատիկան։
Կիրակի 27 ապրիլին Սուրբ Պատարագ
Կիրակի 27 ապրիլին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած Սուրբ Պատարագը պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, այդ պատարագը պիտի հանդիսանայ «novendiale»-ի այսինքն Քահանայապետի մահուան առիթով ինը օր տեւող սուգի երկրորդ պատարագը։
Կարդինալներու Ժողովի ժամանակ վիճակահանութիւնով ընտրուեցաւ Քամերլենկոյին օգնական յանձնաժողովի անդամ երեք կարդինալներ, Փիեթրօ Փարոլինը, Սթանիզլաւ Ռիլքոն և Ֆապիօ Պաճոն, որոնք կը ներկայացնեն կարդինալական դասի երեք կարգերը` եպիսկոպոսական, քահանայական եւ սարկաւագական։
Յայտնենք որ Camerlengo-ին աջակցող Կարդինալներու յանձնաժողովի անդամները կը նորոգուին ամէն երեք օր անգամ մը։
Իսկ այսօր երեկոյեան ժամը 7,30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ դարձեալ նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթքը։
Նշենք նեաւ `որ Կարդինալներու դասը, այսօր կայացած Ընդհանուր միաբանական ժողովի ընթացքին, որոշեց նաեւ դադարեցնել երանացման նախանշուած բոլոր արարողութիւնները մինչև Նորընտիր Քահանայապետի որոշումը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ