MAP

«Սուրբ Զատիկը թող պատեհ առիթ ըլլայ ազատ արձակելու ռազմագերիներն ու քաղաքական բանտարկեալները». Ֆրանչիսկոս Պապ

2025-ի Զատկական «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամի մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց. «Ոչ մէկ Խաղաղութիւն հնարաւոր է այնտեղ, ուր չկայ կրօնական ազատութիւն..Ոչ մէկ խաղաղութիւն հնարաւոր է առանց իրական զինաթափման»... ակնարկելով ապա Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան մը կարելիութեան հրաւիրեց աղօթել «որպէսզի շուտով ստորագրուի և կեանքի կոչուի Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս Յոբելենական տարուան առիթով Սուրբ Զատիկը թող ըլլայ պատեհ առիթ ազատ արձակելու բանտարկեալները` ըլլան ռազմագերիներ կամ քաղաքական բանտարկեալներ»։ Խօսքեր են ասոնք` որոնք պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Պապին այս տարուայ` 2025-ի Ուրպի էթ Օրպի պատգամին մէջ, որուն սկիզբը Ան հաստատեց, որ «Յիսուսին Յարութիւնը մեր յոյսին հիմքն է»։

Ուրպի էթ Օրպի պատգամը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն

Ըստ սովորութեան, պատգամը Հռոմ Քաղաքին ու Համայն աշխարհին ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ, որ հակառակ որ տակաւին ապաքինման էջ է, ուզեց Սուրբ Զատկուայ այս տօնին առթիւ ներկայ գտնուիլ ու իր օրհնութիւնը շնորհել բազմահազար հաւատացեալներուն։

Արդարեւ Ան բոլորին մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններուն գրասենեակի պատասխանատու` Գերապ. Տիեկօ Ռավելլիէն խնդրեց` որ ընթերցէ Ուրպի էթ Օրպի պատգամը։

Յիսուս, Խաչեալը, «այստեղ չէ, յարութիւն առաւ

Քահանայապետը պատգամը սկսաւ բոլորին մաղթելով «շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ» ու հաստատելով որ,«Երուսաղէմի դատարկ գերեզմանէն մինչեւ մեզի կը հասնի չլսուած աւետիսը` Յիսուս, Խաչեալը, «այստեղ չէ, յարութիւն առաւ» (Ղուկ 24,6)։ Սէրը յաղթեց ատելութեան, լոյսը յաղթեց խաւարին, ճշմարտութիւնը յաղթեց սուտին, ներումը վրէժխնդրութեան...»։

Յարութեան տօնը կեանքի տօն

«Այս արարքը արդարեւ իմաստ կու տայ մեր գոյութեան ու մեզ կը կոչէ դառնալու յոյսի ուխտաւորներ, սիրոյ ու կեանքին վկաները», ընդգծեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ Զատիկը պատասխանն է նաեւ մարդկային տառապանքին ու թէ տառապողներուն արցունքները մոռցուած չեն։

Բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներ ենք

«Յարութեան տօնը կեանքի տօնն է։ Աստուած մեզ ստեղծեց կեանքին համար եւ կ՛ուզէ` որ մեր մարդկութիւնը յարութիւն առնէ։ Անոր աչքերուն համար իւրաքանչիւր կեանք թանկարժէք է` նորածինէն մինչեւ տարեցը, հիւանդէն մինչեւ անտեսուածը» նշեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց աշխարհը յուզող հակամարտութիւններուն ու բռնութիւններուն, որոնց առաջին զոհերն են դիւրաբեկները, որոնք յաճախ ալ արհամարհուած են, ու նշեց թէ այս օրուան առիթով ինք կը փափաքի որ բոլորս վերադառնանք յոյսին` միւսներուն վրայ վստահելու, նաեւ անոր վրայ որ մեզի մօտիկ չէ կամ կու գայ հեռաւոր երկրէն...որովհետեւ «բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներ ենք»։

Յոյս ունենանք` որ խաղաղութիւնը կարելի է

«Ես կը փափաքէի որ դարձեալ յոյս ունենանք` որ խաղաղութիւնը կարելի է» շեշտեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ այն իրողութեան որ այս տարի Սուրբ Յարութեան տօնը կը յիշատակուի նոյն օրը` ըլլայ կաթողիկէներու ըլլայ օրթոտոքսներու կողմէ, որուն առիթով մաղթեց` որ «խաղաղութեան լոյսը տարածուի Սուրբ Երկրի ու համայն աշխարհին վրայ»։

Սուրբ Երկիրը

Սրբազան Պապը մօտիկութիւն արտայայտեց Պաղեստինի ու Իսրայէլի քրիստոնեաներուն մտահոգութիւն արտայայտելով հակասեմութեան աճումին համար ու նաեւ Կազայի բնակչութեան ապրած մարդասիրական ճգնաժամին համար ու կոչ ուղղեց ի նպաստ հրադադարի, պատանդներու ազատագրումին ու տառապողներուն օգնութիւն մատուցելու։

Լիբանանը եւ Սուրիա

Ան Հրաւիրեց աղօթել նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ համար, խրախուսելով համայն Եկեղեցիէն խնդրեց աղօթքով եւ հոգատարութեամբ ընկերանալու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն։

Եմէնը, Ուքրանիան, հայաստանն ու Ազրպէյճանը

Յիշելով ապա Եմէնը մաղթեց, որ լուծում գտնուի մարդասիրական ծանր ճգնաժամին, մինչ Ուքրանիոյ համար հայցեց արդար ու մնայուն խաղաղութիւն, ապա ակնարկելով Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան մը կարելիութեան հրաւիրեց աղօթել` «որպէսզի շուտով ստորագրուի և կեանքի կոչուի Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ տարածաշրջանը առաջնորդէ այդքան ցանկալի հաշտութեան»։

Արեւմտեան Պալքաններն ու Ափրիկեան ցամաքամասը

Սրբազան Պապը իր մտածումը ուղղեց նաեւ Արևմտեան Պալքաններուն, մաղթելով լարուածութեան յաղթահարում եւ ներդաշնակութեան կառուցումը աղօթք խնդրելով նաեւ Ափրիկէի համար ու յատկապէս Քոնկոյի, Սուտանի, Սահելի, ու ափրիկեան այլ շրջաններուն համար յատուկ մտածում մը յղելով այն քրիստոնեաներուն որոնք շատ մը վայերու մէջ չեն կարող իրենց հաւատքը ապրիլ ազատօրէն։

Ոչ մէկ խաղաղութիւն հնարաւոր է առանց իրական զինաթափման

«Ոչ մէկ Խաղաղութիւն հնարաւոր է այնտեղ, ուր չկայ կրօնական ազատութիւն, կամ ուր չկայ մտքի և խօսքի ազատութիւն և յարգանք ուրիշներու կարծիքներու նկատմամբ: Ոչ մէկ խաղաղութիւն հնարաւոր է առանց իրական զինաթափման» հաստատեց ապա Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «Զատկին լոյսը մեզի կը յորդորէ քանդել այն պատնէշները, որոնք պառակտում կը ստեղծեն» եւ կը «խրախուսէ հոգ տանելու մէկը միւսին, աճեցնելով փոխադարձ զօրակցութիւնը, եւ աշխատելով իւրաքանչիւր մարդու համապարփակ զարգացումը խթանելու»։

̸իանմարը

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ պիրման ժողովուրդը ու յատկապէս միանմարի բնակչութիւնը որ կը դիմագրաւէ ահեղ երկրաշարժին հետեւանքները աղօթք խնդրելով զոհերուն ու անոնց սիրելիներուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնելով կամաւորներուն որոնք կը զբաղին շտապ օգնութեամբ։ Ան ապա ակնարկեց Երկրին մէջ յայտարարուեցաւ կրակմարին զայն որակելով յոյս համայն Միանմարին համար։

Ազատ թող արձակուին բանտարկեալները

«Կոչ կ՛ընեմ բոլոր անոնց` որոնք աշխարհի մէջ ունին քաղաքական պարտականութիւններ, չյանձնուելու վախի տրամաբանութեան, որ կը փակէ, այլ օգտագործելու առկայ միջոցները օգնելու համար կարիքաւորներուն, սովի դէմ պայքարելու և խթանելու զարգացման նպաստող նախաձեռնութիւններ» գրած է Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ հաստատելով որ «ասոնք են ահա խաղաղութեան «զէնքերը», անոնք որոնք մահ սերմանելու փոխարէն, ապագայ կը կերտեն»։

̸արդկայնութիւնը

Ան ապա շեշտը դրաւ մարդկայնութեան սկզբունքին վրայ դատապարտելով հակամարտութիւններու դաժանութիւնը, որուն մէջ կը ներգրաւուին ու անոր զոհը կը դառնան անմեղ քաղաքացիները։

Վստահինք Յարուցեալ Տիրոջ` որ կարող է ամէն բան նոր դարձնել

«Այս Յոբելենական տարուան առիթով Սուրբ Զատիկը թող ըլլայ պատեհ առիթ ազատ արձակելու բանտարկեալները` ըլլան ռազմագերիներ կամ քաղաքական բանտարկեալներ» յարեց հուսկ Քահանայապետը անգամ մը եւս հրաւիրելով վստահելու Յարուցեալ Տիրոջ որ կարող է ամէն բան նոր դարձնել։

«Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ բոլորիդ» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ուրպի էթ Օրպէ պատգամի եզրափակիչ խօսքը։ 

“Ուրպի էթ Օրպի պատգամէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը մեծ նուէր մը ընելով այս առիթով Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն, պատշգամէն վար իջաւ ու Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին ողջունելով հաւատացեալները։ ”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2025, 12:20