MAP

2025.04.26 Santa Messa Esequiale del Romano Pontefice Francesco Խմբագրական

Աշխարհի հզօրներ և մերժուածներ, բոլորը Ֆրանչիսկոսի հետ՝ եղբայրութեան ողջագուրումով

Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին հրաժեշտի օրը, բազմաթիւ անձեր, իրենց տարբերութիւններով, ապրեցան միութեան փորձառութիւն մը, աւելի լաւ աշխարհի մը միասնական երազով։

Փաոլօ Ռուֆֆինի

Բոլորը։ Այսօր իրապէս բոլորը ներկայ էին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։ Այնքան շատ որ ուրիշ ոչ մէկը կարող էր այնտեղ տեղաւորել։ Ապա Վիա Տէլլա Քոնչիլիացնոէի, շրջակայ փողոցներու եւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տանող ճանապարհներուն վրայ։ Բոլորը այնտեղ էին, բոլորը, բոլորը։ Ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը բազմիցս կրկնեց, Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրէն մինչեւ իր վերջին հրաժեշտը Տիրոջ Յարութեան տօնին օրը. «Բարի Զատիկ բոլորիդ»

Կային տարեց մարդիկ ու մանուկներ, նոյնիսկ մի քանի ամսուայ, որոնց ծնողները բերած էին իրենց այդ փոքր կեանքով ականատես ըլլալու իւրայատուկ պահին։

Եւ կային (ի վերջոյ, ոչ այնքան մեծ) դեռահասներ, շատ-շատ, բազմաթիւ։ կարծես կոչուած ըլլան ուղղութենէ մը, որ կը գերազանցէ զանոնք և մեզ՝ իրենց ձեռքերուն մէջ առնելու հաւատքի գաւազանը Հռոմի Քահանայապետէն, որ գիտեր, թէ ինչպէս խօսիլ նրանց լեզուով, և մարտահրաւէր նետելու անոնց հաւատալու, յուսալու, երազելու, ցոյց տալու, որ հնարաւոր է ապրիլ խաղաղութեան մէջ և քայլ առ քայլ կառուցելու աւելի լաւ աշխարհ մը։ Անոնք իրենց աչքերով տեսան որ յոյսը, որ զանոնք բերած էր այնտեղ իրեն Յոբելեանին համար, կ՛երթայ մահուընէ անդին։ Կային շատ Քահանաներ, որ համապատարագեցին։ Եպիսկոպոսներ, Կարդինալներ, մկրտուած աշխարհականներ։ Մէկը միւսը հաստատելով հաւատքի մէջ։ Այնտեղ կային աշխարհի հզօրները, հարուստներն ու աղքատները՝ ողջունելու Ֆրանչիսկոսը և մտածելու, թէ ինչպէս պիտի ըլլայ ապագան։

Կային նաեւ ոչ հաւատացեալներ, կամ այլ կրօններու հաւատացեալներ։ Բարեկամներ ու նաեւ թշնամիներ։

Բոլորը ունկնդրելու համար Պետրոսին խօսքերը. «Հիմա ես կը գիտակցիմ, որ Աստուած կողմնակալ չէ, այլ կ՛ընդունի բոլոր ազգերէն անոնք, որոնք, կը վախնան Անորմէ և արդարութիւն կը գործեն։ Այս է անոր խօսքը, որ Ան ուղարկեց Իսրայէլի ժողովրդին՝ խաղաղութիւն քարոզելով Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որ բոլորի Տէրն է»։

Բոլորն ալ` Կարդինալ Ռէյի հետ միասին յիշելու, Ֆրանչիսկոսին խօսքերը խաղաղութեան, պատերազմի որ միշտ ալ պարտութիւն է, ու եղբայրութեան մասին որ այդքան յաճախ կը ժխտենք, հասկանալու անհրաժեշտութիւնը, որ ոչ մէկը միայնակ կը փրկուի, և Եկեղեցւոյ մասին՝ որպէս դաշտային հիւանդանոց, բաց դռներով տուն։ Բոլորի համար։

Այսօր կային բոլորը, իրապէս բոլորը։ Ինչպէս այս նոյն Սուրբ Պետրոսի հրապարակը լեցուած էր միայն Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութեամբ, Քովիտի ժամանակ, ուր կային իրապէս բոլոր, բոլոր, բոլոր աշխարհը, կապուած, հաղորդակցութեան գործիքներու բոլոր միջոցներով։

Եւ անամպ երկնքի տակ խորհրդաւոր կերպով բացայայտուեցաւ հաղորդութեան պարզ գաղտնիքը, որ կը միաւորէ ողջ մարդկային ցեղը, Աստուծոյ ժողովուրդ, հաւաքուած մէկ ողջագուրումով։ Հնարաւոր է։ Իրօք, ճշմարիտ։ Բոլորի հայեացքին տակ։ Ինչպէս յատուկ օրուայ համար կնքուած զինադադարի ժամանակ։ Տօնակատարութեան օր։ Օր մը, երբ Վարդարանի խորհուրդները փառաբանութեան խորհուրդներ են։ Որ տխրութիւնը կը վերածէ երգի։ Եւ միասին կը տօնէ մահն ու կեանքը։ Մահն ու Յարութիւնը։

Սա է նաև այն, ինչ որ կը նշանակէ դագաղին համար լսուող ինքնաբուխ ծափահարութիւնները, որոնք բարձրացան փոխադարձ ողջոյնի համար աւելի ի քաղցր տեսութեան, քան վերջին հրաժեշտի։ Այս ալ յանձնառում մըն է։ Որ կը հայի մեզի բոլորիս։ Առանց բացառութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2025, 07:00