Ֆրանչիսկոս Պապին թաղման կարգը` 26 ապրիլին Սանթա Մարիա Մաճճորէ ապզիլիքային մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Յառաջիկայ շաբաթ օր` 26 ապրիլ 2025ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին անոր մարմինը, իր կամքին համաձայն, պիտի փոխադրուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ Տիրամօր տաճար, ուր տեղի պիտի ունենայ թաղման կարգը, զոր ըստ Ordo Exsequiarum Romani Pontificis (թիւ. 110-123) ծիսակարգին, պիտի գլխաւորէ Հռոմի Եկեղեցւոյ Քամերլենկոն Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը, մասնակցութեամբ Կարդինալական դասի աւագերէց` Ճովաննի Պաթթիսա Ռէյի ու այլ կարդինալներու, որոնց շարքին են նաեւ Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի աւագերէց` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիքլօ եւ անոր օգնական Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիքասը, ինչպէս նաեւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ու Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան` Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը։
Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետ Գերապ. Տիեկօ Ռավելլի, հրամանաւ Կարդինալական Դասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ