MAP

2019.03.29 parabola del padre misericordioso vangelo della domenica

Ողորմած Հայրը (Ղուկաս 15, 31-32 ) . Մենք ալ գտնենք դէպի տուն տանող վերադարձի ճանապարհը

«Որովհետեւ այս քու եղբայրդ մեռած էր եւ ողջացաւ, կորսուած էր գտնուեցաւ»։ Ահա մեր յոյսին պատճառը` մենք կարող ենք յուսալ` որովհետեւ գիտենք, որ Հայրը մեզ կը սպասէ, մեզ կը տեսնէ հեռուէն ու միշտ բաց կը պահէ դուռը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հայրը պատասխանեց. Որդիս, դուն միշտ հետս ես եւ հարստութիւնս քուկդ է։ Սակայն պէտք է ուրախանայինք եւ տօն ընէինք, որովհետեւ այս քու եղբայրդ մեռած էր եւ ողջացաւ, կորսուած էր գտնուեցաւ»։ Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց այսօր` 16 ապրիլին հրատարակուած Ֆրանչիսկոս Պապին գրաւոր խորհրդածութեան, զոր պատրաստուած էր չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան համար, զոր ինչպէս գիտէք, այսօր եւս տեղի չունեցաւ տրուած ըլլալով` որ Ֆրանչիսկոս Պապը տակաւին կը շարունակէ ապաքինումը։

Յիշեցնենք` որ Յոբելենական տարւոյն առիթով այս տարուայ չորեքշաբթի օրուայ խորհրդածութիւններու կեդրոնական նիւթն է` «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» որոնց ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ու կը շարունակուի կատարուիլ «Յիսուսին կեանքի» մասին, անոր մանկութեան, ունեցած հանդիպումներուն , եւ այժմ պատմած առակներու մասին։

Գթասիրտ ու ողորմած Հայրը

Արդարեւ այսօրուայ խորհրդածութիւնը կեդրոնացած էր անառակ որդիի ու անոր ողորմած հօր տիպարին վրայ եւ գրաւոր խորհրդածութեան սկիզբը Քահանայապետը կը բացատրէ` որ «խորհրդածելէ ետքը Աւետարանի մի քանի անձնաւորութիւններու հետ Յիսուսի հանդիպումներու մասին, այսօր կանգ կ՛առնեմ եւ կը սկսիմ մի քանի առակներու մասին խորհրդածութիւնները», որոնք կը հային «առօրեայ իրականութեան իրավիճակներուն» եւ «կը դպչին մեր կեանքին»։

Աստուծոյ Ողորմութիւնը

«Հօր եւ երկու զաւակներուն առակին մէջ կը գտնենք Յիսուսի Աւետարանին սիրտը, այսինքն Աստուծոյ ողորմութիւնը» գրած է Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով, թէ ինչպէս Յիսուս այդ առակը կը պատմէ փարիսեցիներու ու մաքսաւորներու համար, որոնք զինք կը քննադատէին, որովհետեւ մեղաւորներուն հացը կը բաժնեկցի։

Յոյսի պատգամ

«Աւետարանը մեզի կ՛ուզէ յոյսի պատգամ մը փոխանցել, որովհետեւ մեզի կ՛ըսէ, որ ուր ալ որ կորսուած ըլլանք եւ որեւէ մէկ կերպով որ կորսուած ըլլանք, Աստուած միշտ ալ կու գայ մեզ փնտռելու» կը նշէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ կորսուած ոչխարի ու կորսուած դրամի առակին եւ ընդգծելով` որ անառակ որդիի առակին մէջ երկու զաւակներն ալ կսորուած են` «երիտասարդը, որովհետև յոգնած էր յարաբերութիւններէն, որոնք, իր կարծիքով, չափազանց պահանջկոտ էին, եւ մեծը` քանի որ բաւարար չէ տունը մնալը, եթէ սրտին մէջ կայ հպարտութիւն և վրդովմունք»:

Սէրը յանձնառում կը պահանջէ

«Սէրը արդարեւ միշտ ալ յանձնառում մըն է, պէտք է որ միշտ բան մը կորսնցնենք դէպի միւսին երթալու համար։ Բայց կրտսեր որդին կը մտածէ միայն իր անձին, ինչպէս կը պատահի մանկութեան ու երիտասարդութեան որոշ հանգրուաններուն։ Իրականութեան մէջ մեր շուրջ կը տեսնենք բազմաթիւ չափահասներ, որոնք կարող չեն յառաջ տանիլ յարաբերութիւն մը, որովհետեւ եսասէր են։ Անոնք իրենք զիրենք կը խաբեն, մտածելով, որ իրենք զիրենք գտած են, բայց փոխարէնը կորսուած են, որովհետեւ մենք իսկապէս կ՛ապրինք միայն երբ կ՛ապրինք մէկու մը համար» կը հաստատէ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Կարելի չէ յարաբերութիւն մը ապրիլ որպէս ծառաներ

«Այդ երիտասարդ որդին կարօտը ունի սիրոյ, սէրը սակայն թանկարժէք պարգեւ մըն է, որուն պէտք է հոգ տանիլ։ Բայց անիկա կը մսխէ զայն...եւ այդ իր ըրածին կ՛անդրադառնայ միայն սովի ժամանակ, երբ ոչ մէկը իրեն հոգ կը տանի։ Եւ վտանգը այն է` որ այդպիսի պահերուն մենք սէր մուրանք ու կը կապուինք առաջին տիրոջ որ մեր առջեւ կը գտնենք։ Եւ այսպիսի փորձառութիւններն են, որոնք մեր մէջ կ՛արթնցնեն այն սխալ համոզումը` թէ կարելի է յարաբերութիւն մը ապրիլ որպէս ծառաներ, կարծես թէ պէտք էինք քաւել մեղք մը, կամ կարծես թէ կարելի չէ որ իսկական սէրը գոյութիւն ունենայ» նկատել կու տայ Նորին Սրբութիւնը ու կը հաստատէ. «միայն` ան որ մեզ իսկապէս կը սիրէ կարող է մեզ ազատել այդ սիրոյ սխալ տեսլականէն եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան մէջ մենք կ՛ապրինք այս փորձառութիւնը»։

Մեծ Որդին

Քահանայապետը ապա կը մատնանշէ մեծն գծագրիչ «Rembrandt»-ի անառակ որդիի տուն վերադարձի պատկերին, «որուն մէջ հօր ձեռքերը գծագրուած են մէկը արական միւսը իգական կերպով, նկարագրելու համար ներումի ողջագուրումին ուժն ու քնքշութիւնը» կ՛ ընդգծէ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ մեծ որդիի դիրքին ու վարուելակերպին։

Ան արդարեւ այն զաւակն էր` որ միշտ հօր տունը մնացած էր բայց հեռու էր անկէ, հեռու էր սրտով։ Ան ալ կարող էր հեռանալ, բայց վախի կամ պարտաւորութեան պատճառաւ մնաց այնտեղ, այդ յարաբերութեան մէջ։ «Բայց երբ դուն այդ մէկը կը կատարես հակառակ քու կամքիդ, կը սկսիս քու մէջդ մշակել զայրոյթը, որ ուշ կամ կանուխ կը ժայթքի։ Եւ յարակարծային ձեւով, աւագ որդին է, որ վերջաւորութեան վտանգը կ՛ապրի դուրս մնալու տունէն, որովհետեւ չէր ուզեր կիսել հօր ուրախութիւնը» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աստուծոյ դռները միշտ բաց են մեր առջեւ` Ան կը սպասէ մեր վերադարձին

«Բայց հայրը անոր մօտ ալ կ՛երթայ եւ չի յանդիմաներ զինք այլ զինք կը հրաւիրէ զգալու իր սէրը, ներս մտնելու այն դռնէն որ միշտ բաց է` այն դուռը որ միշտ բաց է նաեւ մեզի համար, եւ ահա այս է յոյսին պատճառը` մենք կարող ենք յուսալ որովհետեւ գիտենք, որ Հայրը մեզ կը սպասէ, մեզ կը տեսնէ հեռուէն ու միշտ բաց կը պահէ դուռը» կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան համար պատրաստած գրաւոր ճառին աւարտին զոր Ան կ՛եզրափակէ հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու թէ «ու՞ր կը գտնուինք այս պատմուածքի մէջ», ապա Հօր Աստուծմէ հայցելու շնորհքը, որպէսզի մենք ալ վերագտնենք դէպի տուն տանող վերադարձի ճանապարհը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2025, 12:00