MAP

Il Papa, fiori a S.Maria Maggiore lasciati a card.Mackrickas

Ֆրանչիսկոս Պապին կտակը` կ՛ուզեմ թաղուիլ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ

Թող Տէրը արժանի վարձատրութիւն տայ անոնց, որոնք սիրեցին զիս եւ կը շարունակեն աղօթել ինծի համար: Այն տառապանքը, որ առկայ եղաւ կեանքիս վերջին հատուածին մէջ, մատուցեցի Տիրոջ` աշխարհի մէջ խաղաղութեան և ժողովուրդներու միջև եղբայրութեան համար:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հոգեւոր կտակը, որուն մէջ ան յայտարարած է որ կ՛ուզէ թաղուիլ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ, Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին կողքին։

«Զգալով` որ հասած է իմ երկրային կեանքին մայրամուտը եւ Յաւիտենական Կեանքի մէջ լի յոյսով, կ՛ուզեմ արտայայտել իմ կամքս միայն այն հարցին վերաբերեալ որ կը հայի իմ թաղման վայրին։ Իմ Կեանքս եւ քահանայական ու եպիսկոպոսական առաքելութիւնս միշտ ալ վստահեցայ մեր Տիրոջ Մօրը։ Ասոր համար կը խնդրեմ` որ սպասելով յարութեան օրը, իմ մահկանացու մարմինս հանգչի Մարիա Մաճճորէ Քահանայապետական պազիլիքային մէջ։

Կը փափաքիմ որ իմ երկրային վերջին ճամբորդութիւնս աւարտի Մարեմեան այդ հին սրբավայրին մէջ, ուր կ՛երթայի աղօթելու իւրաքանչիւր առաքելական ճամբորդութեան սկիզբին ու աւարտին, Անարատ Մօր վստահութեամբ յանձնելու իմ դիտաւորութիւններս ու անոր շնորհակալութիւն յայտնելու իր քնքուշ Մօր հոգատարութեան համար։

Կը խնդրեմ` որ իմ գերեզմանս պատրաստուի Պօղոսեան Մատրան` Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան կողմնակի միջանցքներէն մէկուն մէջ։ Գերեզմանը պէտք է ըլլայ գետին պարզ, առանց զարդարանքներու եւ միակ մէկ գրութեամբ. Ֆրանչիսքուս։

Գերեզմանի պատրաստութեան ծախսերը պիտի հոգայ իմ կողմէս նշանակուած նուիրատուն, որ գումարները պիտի փոխանցէ, Սանթա Մարիա Մաճճորէի տաճարին արտակարգ յանձնակատար Գերապայծառ (այսօր Կարդինալ ) Ռոլանտաս Մաքրիքասին։

Թող Տէրը արժանի վարձատրութիւն տայ անոնց, որոնք սիրեցին զիս եւ կը շարունակեն աղօթել ինծի համար: Այն տառապանքը, որ առկայ եղաւ կեանքիս վերջին հատուածին մէջ, մատուցեցի Տիրոջ` աշխարհի մէջ խաղաղութեան և ժողովուրդներու միջև եղբայրութեան համար:

Ստորագրուած Սանթա Մարթայի մէջ  29 Յունիս 2022ին

Քահաայապետին այս կտակի հետ միասին հրատարակուեցաւ նաեւ անոր մահը հաստատող հաղորդագրութիւնը որուն մէջ կը նշուի որ Ֆրանչիսկոս Պապը մահացաւ ուղեղի ու սրտի կաթուածի հետեւանքով։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2025, 20:25