«ԹԱՓՈՒՐ ԱԹՈՌԸ» եւ Հռոմի Քուրիայի պարտականութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Թափուր Աթոռ» արտայայտութիւնը կը մատնանշէ այն ժամանակահատուածը որ կ'իյնայ Քահանայապետի մը մահուան (Կամ հրաժարականի) եւ անոր յաջորդի ընտրութեան միջեւ, որ կանոնակարգուած է «Universi Dominici Gregis» Առաքելական Սահմանադրութեամբ, վաւերացուած՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կողմէ 22 Փետրուար 1996ին եւ թարմացուած Պենետիկտոս ԺԶ.-ի կողմէ։
Առաքելական վերոնշեալ սահմանադրութեան կանոններու ոյժով, «Առաքելական Աթոռի թափուրութեան ընթացքին», Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը վստահուած է Կարդինալական Ժողովին, բայց միմիայն սովորական եւ անյետաձգելի գործերու կատարման համար, ինչպէս նաեւ նախապատրաստելու այն ամէն բաները՝ որոնք անհրաժեշտ են նոր Քահանայապետի մը ընտրութեան համար։ Կարդինալական Ժողովին կը պատկանի նաեւ Քահանայապետի քաղաքական իշխանութիւնը, որ կը վերաբերի Վատիկան Քաղաքի Կառավարութեան։ Կարդինալական Ժողովի իրաւասութենէն բացառուած են բոլոր հարցերը՝ որոնք կենդանութեան օրով կը պատկանէին Քահանայապետի իշխանութեան։
Քահանայապետի մահով կնիքներով կը փակուի Առաքելական Պալատը, արարողութիւն մը` որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 21 Ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան օրը։ Բացի Առաքեալական Պալատի Քահանայապետական սենեակներէն, փակումը կատարուեցաւ նաեւ Տոմուս Սանթա Մարթայի երկրորդ յարկին, ուր բնակութիւն հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ի՞նչ Կը Պատահի Հռոմէական Քուրիային (Վարչութիւն)՝ Թափուր Աթոռի Ընթացքին
Քահանայապետի մահով՝ Հռոմէական Քուրիայի ենթաբաժիններու բոլոր Ղեկավարները - ըլլայ Պետական Քարտուղար Կարդինալը, ըլլայ առանձին Վերատեսչութիւններու Ղեկավարները, ըլլայ Նախագահող Արքեպիսկոպոսները - ինչպէս նաեւ այդ ենթաբաժիններէն ներս աշխատող բոլոր անդամները կը դադրեցնեն իրենց պաշտօնի կիրառումը։
Բացառութիւն մը կը կատարուի պաշտօններու համար Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկոյին եւ Աւագ Դատաւորին, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն իրենց պաշտօններու վրայ մնալ Հռոմի թեմի Ընդհանուր Տեղապահ Կարդինալը եւ, այն հարցերուն համար՝ որ կը պատկանին իր իրաւասութեան, Վատիկանեան Տաճարի Աւագերէց Կարդինալը եւ Վատիկանի Քաղաքի Ընդհանուր Տեղապահը։
Վատիկանի քաղաք-պետութեան Ներքին Գործոց Նախարարը, ինչպէս նաեւ Պետութիւններու եւ Հռոմէական Վարչութեան ենթաբաժիններու Քարտուղարներու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը, կը մնան իրենց պաշտօններուն վրայ եւ հաշիւ կը ներկայացնեն Կարդինալներու Ժողովին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ