Քահանայապետական պազիլիքաներուն մէջ Վարդարանի աղօթք ու Պատարագ Ֆրանչիսկոս Պապին համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Salus Populi Romani» Տիրամօր Սրբապատկերի հովանիին տակ, երկուշաբթի 21 ապրիլի երեկոյեան Տիրամօր նուիրուած Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ եւս տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը, մինչ միւս Քահանայապետական Մայր Տաճար` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ Կարդինալ Պալտօ Ռէյնա ու Հռոմի Թեմի կղերական դասը պատարագ մատուցեցին իրենց Եպիսկոպոս ու Տիեզերական Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի հոգւոյն հանգստեան համար։
Սանթա Մարիա Մաճճորէն այն տաճարն է ուր Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրած է թաղուիլ եւ այդ մէկը ճիշտ իրեն սրտին խօսող Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը պահպանող մատրան մէջ։
Արդարեւ իր Քահանայապետ ընտրուելէն մինչեւ մահը Ֆրանչիսկոս Պապը այդ վայրը այցելած է 126 անգամ, իւրաքանչիւր ճամբորդութենէ առաջ ու ետքը, ուր Տիրամօր Սրբապատկերին առջեւ աղօթելով Անոր կը յանձնէր իր յոյսերն ու մտահոգութիւնները իր ուրախութիւններն ու տխրութիւնները, իր երազներն ու սպասումները եւ ահա այսօր` 21 ապրիլ 2025-ին, ամէն բան փոխուած է եւ Ֆրանչիսկոս Պապը չի գտնուիր Տիրամօր պատկերի ոտքին, այլ Տիրամայրն է որ անոր մօտ է։
Սուրբ Վարդարանի աղօթքը գլխաւորեց Կարդինալ Սթանիզլաւ Ռիլքոն, Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի աւագերէցը եւ աղօթքին բացումը կատարեց Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիքասը պազիլիքայի արտակարգ յանձնակատարը, յայտնելով որ «կը գտնուինք Տիրամօր ոտքին, աղօթելու համար մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համար...բոլորս ալ տխուր ենք անոր մահուան համար բայց եւ այնպէս վստահ ենք, որ կեանքի Աստուածը անոր առջեւ պիտի բանայ յաւիտենականութեան դուրը», ըսաւ ի միջի այլոց Ան, մինչ հաւատացեալները սկսան վարդարանի հատիկները սահեցնել իրենց մատերուն վրայ աղօթք բարձրացնելով առ Ամենակալն, որպէսզի Աստուածամօր բարեխօսութեամբ իր յաւիտենական արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ծառան։
Իսկ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ կայացած պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ, Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան, յիշեց Եկեղեցւոյ նկատմամբ Ֆրանչիսկոս Պապին սէրը ու անոր յատուկ ուշադրութիւնը վերջիններուն նկատմամբ ու մարգարէական անոր քաջութիւնը, հաստատելով որ անոր օրինակը միշտ վառ պիտի մնայ քրիստոնեաներու սրտին մէջ։
Արարողութիւնը եղաւ աղօթքի զօրեղ պահ մը, արցունքներով ու յուզմունքներով, որոնք արտայայտութիւնն էին Հռոմի Թեմի ցաւին, իրենց եպիսկոպոսի կորուստին համար։
Կարդինալ Ռէյնան այդ ցաւը նմանեցուց Մարիամ Մագդաղենացիի ցաւին, որ սուրբ Զատիկի երկրորդ օրը գերեզման կ՛երթայ ու զայն դատարկ տեսնելէ ետք կը հանդիպի Յիսուսին։ «Ան մթութեան մէջ յոյս կը գտնէ» ըսաւ ի միջի այլոց պատարագիչ Ծիրանաւորը ու Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց որպէս ողորմութեան ու խաղաղութեան տիպար մը, որ մշտապէս փորձեց մօտեցնել անոնք` որոնք հեռու են, Եկեղեցին դարձնելով դաշտային հիւանդանոց մը։
Անոր խաղաղութեան ու արդարութեան ի սպաս խօսքերը պիտի մնան բոլորի սրտերուն մէջ, յայտնեց ի վերջոյ Կարդինալ Ռէյնան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ